Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պարտինք Հետեւիլ Այն Հաւատքին, Զո՛ր Մենք Ստացանք Մեր Հայրերէն» Նշեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Մարտ 26, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Taghoum_40manoug_32516

Երէկ` ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին: Ժամերգութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան: Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք Քրիստոսի թաղման եւ յարութեան վրայ ըսաւ, որ եկեղեցիին մէջ ժողովուրդին ներկայութիւնը պարզ սովորութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ «երբ դուրս ելլենք եկեղեցիէն, պէտք է արդարացած ելլենք եւ պէտք է դէպի աշխարհ եւ ընկերութիւն ուղղուելով մեզի հետ կարենանք տանիլ Քրիստոսի յարութեան հրաշալիքի լուրը եւ զայն տարածել մարդոց մէջ, որովհետեւ մենք այսօր ականատես ենք իր թաղման եւ գիտենք, թէ մեր օրինակով շատեր եկեղեցիներու մէջ չեն եւ չեն հետեւիր թաղման կարգին, սակայն անոնք ալ կարիքը ունին լուսաւոր լուրի մը, յարութեան բարի լուրին, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ ոգեւորուին ու խանդավառուին, գտնեն ջերմեռանդութիւն  եւ իրենք ալ Քրիստոսի հալածական եւ փախստական դարձած  աշակերտներուն օրինակով վերադառնան իրենց հաւատքին»` մաղթելով, որ Աստուած իր հրաշալիքները բանայ մեր դիմաց, որպէսզի այդ հրաշալիքներով լուսաւորենք մեր ներաշխարհը: Ան փառք տուաւ, որ Քրիստոս մեզի համար աշխարհ եկաւ, ապրեցաւ, մատնուեցաւ, խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, որպէսզի յարութիւն առնէ եւ մեզի ալ յարութեան կարելիութիւն ընծայէ` ինքզինք իբրեւ օրինակ ներկայացնելով յարուցեալ կերպարանքով մը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մենք ալ յատկապէս մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ պարտինք հետեւիլ   այն հաւատքին, զոր մենք ստացանք մեր հայրերէն եւ այդ հաւատքին հաւատարմութեամբ ապրինք մեր կեանքը, որպէսզի Աստուած մեզ դիտէ իբրեւ իր թաղման ու յարութեան վկաները եւ մենք մեր կեանքով աշխարհին մէջ զինք պաշտենք ու փառաւորենք:

Taghoum_40manoug1_32516

Ժամերգութեան աւարտին կազմուեցաւ Քրիստոսի թաղման թափօրը, որ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ` գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:

Թաղման թափօրը առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:

 

Նախորդը

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Մէջ. Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութիւն Մը Մասնակցեցաւ Աւագ Ուրբաթ Օրուան Արարողութիւններուն

Յաջորդը

«Թաղե՛նք Մեր Մեղքերը, Որպէսզի Քրիստոսով Վերստին Կեանք Ստանանք» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?