Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, գործակցութեամբ` ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն, ընկերային հարցերու նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով նախաձեռնած է նորոգել Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող խաղավայրը եւ զայն վերածել հանրային պարտէզի:
Երէկ կէսօրին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ապտալլա Մուհիէտտին, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Պահիա Սլէյման, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային օժանդակութիւններու բաժանմունքէն Իվոն Թէյըր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան
Միացեալ Նահանգներու ֆինանսաւորած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու կարիքները:
Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան ներկայացուց շրջանի պատմականը` անդրադառնալով տարածքին, բնակչութեան, կրթական եւ ընկերային հարցերուն, շրջանին վրայ գաղթականներուն ունեցած ազդեցութեան եւ ստեղծած նոր մարտահրաւէրներուն` հիմնական շեշտը դնելով ապրուստի եւ կրթական հարցերուն վրայ:
Հանդիպումէն ետք ներկաները Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան խաղավայր` ստուգելու համար ընթացքի մէջ եղող նորոգութեան աշխատանքները, որոնց աւարտը նախատեսուած է 2016 յունիսին:
Նշենք, որ հանրային պարտէզին կողքին, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ստանձնած է նաեւ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ Մարաշ թաղի նորոգութեան ֆինանսաւորումը: