Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանին Ու ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման Ծրագիրին Յառաջացուցած «Միաձայն Երգչախումբ»-ին Անդամները Նշեցին Մայրերու Տօնը

March 21, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tsernarg1_32016

Կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին, եւ գործակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարարութեան, շաբաթ, 19 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան յատուկ տօնակատարութիւն մը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանն ու ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրը ամիսներ առաջ նախաձեռնած էին շրջանին բնակիչներէն բաղկացող մանկապատանեկան երգչախումբի մը կազմութեան, խմբավարութեամբ` մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի: Երգչախումբը, որ ցուցանիշն է Պուրճ Համուտի մէջ համերաշխութեան իրականութեան, կը կոչուի «Միաձայն երգչախումբ», իսկ վերոնշեալ ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ այդ երգչախումբին մաս կազմող երեխաներուն մայրերու տօնը նշելու համար:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Պահիա Սլէյման եւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ապտալլա Մուհիէտտին:

Ճորճ Գրիգորեան
Ճորճ Գրիգորեան

Ձեռնարկին ընթացքին Ճ. Գրիգորեան յայտնեց, որ ընկերային բարգաւաճման ծիրին մէջ գործադրուող այս ծրագիրին մասին բացատրութիւն տալու կարիք չկայ, որովհետեւ ծրագիրը խօսուն է եւ ինքզինք կը մեկնաբանէ:

«Անցնող տարիները, եւ հաւանաբար տասնեակ տարիները Լիբանանի համար  ամէն իմաստով ծանր եղած են, իսկ ծնողներն ու երեխաները, յատկապէս մայրերը ամէնէն աւելի կրած են այդ ծանր տարիներուն պարտադրած կծու պայմանները: Հետեւաբար մենք ի՛նչ որ ալ ընենք երեխաներուն եւ մայրերուն համար, քիչ է: Սակայն հակառակ տիրող այս պայմաններուն, մենք իսկոյն ընդառաջեցինք բարգաւաճման այդ ծրագիրին, որպէսզի կարելի եղածին չափ մեղմացնենք այդ երեխաներուն դիմագրաւած ծանր պայմանները, նոյնիսկ եթէ անոնք իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը չեն ունեցած այդ պատանիներուն վրայ», ըսաւ ան:

Ճ. Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն, ընկերային հարցերու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինին եւ շնորհաւորեց ներկայ մայրերը:

Ընկերային հարցերու նախարարութեան խօսքը ուղղեց Պ. Սլէյման, որ նշեց, թէ նախարարութիւնը ճիգ չի խնայեր նման ծրագիրներու մէջ ներդրում ունենալու իմաստով:

«Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը ժողովուրդին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցուցած է եւ անոր տնտեսական կայունութեան մտահոգութիւնները բարդացուցած: Այս իրականութեան դիմաց ընկերային հարցերու նախարարութիւնը այս ծրագիրին եւ նման ծրագիրներու ընդմէջէն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նեցուկ կանգնելու ժողովուրդին», ըսաւ ան:

Պահիա Սլէյման
Պահիա Սլէյման

Պ. Սլէյման նշեց, որ շրջանին մէջ ապրող երեխաներէն կազմուած այս երգչախումբը օրինակ մըն է ամրապնդելու ազգային համերաշխութիւնն ու ընկերային միաձուլումը: «Երգչախումբին կազմութիւնը նաեւ առիթ մըն է քաջալերելու երեխան, որ երաժշտութեան ընդմէջէն զարգանայ եւ դաստիարակուի, որովհետեւ երաժշտութիւնը միայն արուեստ չէ», ըսաւ ան:

Պ. Սլէյման շնորհաւորեց մայրերը` ընդգծելով, որ անոնց ներկայութիւնը թարգմանութիւնն է այն իրականութեան, որ իրենք իրենց զաւակները դաստիարակած են սիրոյ եւ ուրիշը ընդունելու արժանիքներով:

Ապտալլա Մուհիէտտին
Ապտալլա Մուհիէտտին

Իր կարգին, Ա. Մուհիէտտին շնորհակալութիւն յայտնեց մայրերուն, որոնք ամէն իմաստով կը զոհուին իրենց զաւակներուն համար:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, որ արտօնած էք ձեր զաւակներուն մասնակցելու այս ծրագիրին, որ ոչ միայն ուրախութիւն կը պատճառէ անոնց, այլեւ` կ՛օժանդակէ ապահով եւ խաղաղ շրջանակ մը ստեղծելու եւ ապրելու ուրախ ընկերութեան մը մէջ», ըսաւ ան:

Մուհիէտտին շեշտեց, որ իրենց նախաձեռնութիւնը փոքր մասնակցութիւն մըն է մայրերուն ի գործ դրած հսկայական զոհողութիւններուն դիմաց եւ շնորհաւորեց մայրերը:

Ապա մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեան շնորհաւորեց ձեռնարկին ներկայ մայրերը` նշելով, որ երգչախումբը իր ելոյթը պիտի ունենայ յունիս ամսուան ընթացքին:

Զ. Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ «Միաձայն երգչախումբ»-ը հնչեցուց մօր նուիրուած երգեր` արաբերէնով եւ հայերէնով:

Երգչախումբը մօր երգերը մեկնաբանեց դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի:

Ձեռնարկին ներկայ մայրերը հրաւիրուեցան հատելու իրենց տօնին առիթով պատրաստուած կարկանդակը, ապա անոնք ստացան նուէրներ, որոնք պատրաստուած էին իրենց զաւակներուն ձեռային աշխատանքով:

Tsernarg_32016

Նախորդը

Հարցազրոյց Պոխումի Համալսարանի «Սփիւռք – Ցեղասպանութիւն» Գիտահետազօտական Կեդրոնի Տնօրէն Փրոֆ. Միհրան Տապպաղի Հետ

Յաջորդը

Մեծանուն Երաժշտահան Խաչատուր Աւետիսեանի Ծննդեան 90-Ամեակին Առիթով. Հիասքանչ Ելոյթով Հանդէս Եկաւ Համազգայինի «Այգ» Երգչախումբը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.