
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ 23 մարտին 65 տարեկանին մահացած է օփերայի հայ անուանի երգիչ (թենոր) եւ բեմադրիչ, Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, Լիթուանիա վաստակաւոր արուեստագէտ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, «Մովսէս Խորենացի» եւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալակիր Գեղամ Գրիգորեան:
Գեղամ Գրիգորեանի թաղումն ու յուղարկաւորութիւնը կազմակերպելու նպատակով պիտի ստեղծուի կառավարական յանձնախումբ:
Մինչ այդ, Գրիգորեան Գերմանիա գացած էր բժշկական քննութիւններուն համար, անոր մօտ ախտանշուած էր լեարդակարծրութիւն: Ան մահացած է Հայաստան:


