Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Եւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի Եւ Առեւտուրի Պալատներ. Բացում Ճարտարարուեստի Հետազօտութեանց Հիմնարկի Գրասենեակին Եւ Պարգեւատրում Դոկտ. Պասսամ Ֆրընի

March 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Frn_32316

Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու գրասենեակին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 23 մարտ, 2016-ի կէսօրին, բացումը կատարուեցաւ Ճարտարարուեստական հետազօտութեանց հիմնարկի գրասենեակին, ներկայութեամբ ճարտարարուեստի նախարար  Հիւսէյն Հաժ Հասանի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի, Ֆուատ Մախզումիի եւ առնչակից մարզերու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտներու:

Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու գրասենեակի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Ռուլա Սլէյման ողջունեց ներկաները եւ սեղմ տողերով ներկայացուց հանդիսութեան առիթն ու հիմնական բաժինները: Իբրեւ հանդիսավար ան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու միութեան եւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի պալատներու նախագահ` Մոհամետ Շուքէյրը, մեծարեալ` ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Պասսամ Ֆրընը, տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմը եւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը:

Մոհամետ Շուքէյր իր ողջոյնի խօսքով անդրադարձաւ Ճարտարարուեստի հետազօտութեանց հիմնարկի կարեւորութեան, յառաջատար քայլ նկատելով` Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու գրասենեակին մէջ սոյն հիմնարկի գրասենեակին բացումը: Այս առիթով ան բարձր գնահատեց նշեալ հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Պասսամ Ֆրընի վարկն ու ճիգը հիմնարկի յառաջդիմութեան մէջ` նշելով, որ անոր այս պաշտօնը ստանձնումի պահուն միայն 12 պաշտօնեաներ կ՛աշխատակցէին իրեն, մինչ այսօր աւելի քան հարիւր պաշտօնեաներով կը գործէ այս հիմնարկը: Ան հաստատ ընկերակցութեան եւ գործակցութեան հպարտառիթ եւ գործնական փորձառութիւն նկատեց այս հիմնարկի գրասենեակին բացումը:

Օրուան մեծարեալը` Ճարտարարուեստի հետազօտութեանց հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Պասսամ Ֆրըն, շնորհակալութիւն յայտնեց մեծարման այս քայլին համար` ընդգծելով, որ այս մեծարումը ուղղուած է նաեւ իր աշխատակիցներուն եւ բոլոր նպաստողներուն, որոնց ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ յաջողութիւն արձանագրել եւ զարգացնել հիմնարկը: Ան յետադարձ ակնարկով նշեց 1953-ին հիմնարկի հիմնադրութեան օրերէն եւ ապա 1998-ին անոր գործունէութեան դաշտի ծաւալումէն ի վեր արձանագրուող հիմնական իրագործումները: «Այս բոլորը` վասն քաղաքացիներու առողջութեան, կենսոլորտային թէ սննդեղէնի ապահովութեան ու տնտեսական բարգաւաճման համար է», ընդգծեց դոկտ. Ֆրըն:

Տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ իր կարգին դրուատեց հիմնարկի գործունէութիւնը` ընդգծելով, որ հոն տարուող աշխատանքը կը միտի երաշխաւորել քաղաքացիներու սննդեղէնի ապահովութիւնը` առանց ահ ու սարսափ կամ մտավախութիւններ յառաջացնելու քաղաքացիներուն մօտ: Նախարար Հաքիմ շեշտեց միջազգային վարկ ու վստահութիւն վայելող նման հիմնարկներու եւ կեդրոններու թիւի յաւելման անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի մէջ` ի խնդիր սպառողի առողջութեան:

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան իր կարգին խոր դրուատիքով գնահատեց նշեալ հիմնարկին ու անոր տնօրէնին` դոկտ. Ֆրընի դերն ու գործունէութիւնը: Ան եւս անհրաժեշտ նկատեց նման հիմնարկներու բազմացումը` նկատի ունենալով անոր անդամակցութիւնը միջազգային հանգամանաւոր միութեանց եւ հիմնարկներու: Նախարար Հասան նշեց, այս հիմնարկը միայն անցնող քանի մը տարիներուն` 2014-ին եւ 2015-ին աւելի քան 11 հազար հինգ հարիւր ճարտարարուեստական վերլուծական հետազօտութիւններ կատարած է եւ թէ հիմնարկը իր որդեգրած չափանիշներով  վստահելի, արժանահաւատ աղբիւր կը նկատուի շրջանային թէ միջազգային բազմաթիւ հիմնարկներու համար:

Այս առիթով Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու անդամ Սարգիս Պուտագեան եւս ողջոյնի գիր յղեց` շնորհաւորելով դոկտ. Պասսամ Ֆրընը իր պարգեւատրման առիթով:

Ապա նախարարներ Հաքիմ եւ Հաժ Հասան եւ դոկտ. Շուքէյր յատուկ յուշանուէրով պարգեւատրեցին դոկտ. Պասսամ Ֆրընը եւ բոլորը հրաւիրեցին գրասենեակի բացման արարողութեան:

 

 

Նախորդը

«Ուրախալի Է, Որ Սփիւռքահայ Մեր Կառոյցներուն Մէջ Կայ Համազգայինի Նման Միութիւն Մը, Որ Լուրջ Արուեստ, Լուրջ Մշակոյթ Հետապնդող Է» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան

Յաջորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Վաստակաւոր Արուեստագէտ Գեղամ Գրիգորեան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.