Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Գնահատեց Հրայր Ծերունեանը

Մարտ 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dzerounian_318916

Հինգշաբթի, 17 մարտ 2016-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ծառայութեան տարուան» առիթով Հայրապետական օրհնութեան գիրով գնահատեց Հրայր Ծերունեանը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, միաբան հայրերու, ազգայիններու, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու եւ հարազատներու ներկայութեան:

Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Ծերունեանի նկարագրային երեք կարեւոր արժէքներուն մասին` աշխատասիրութիւն, համեստութիւն եւ պարկեշտութիւն: Ան նաեւ անդրադարձաւ Ծերունեանի շուրջ յիսուն տարիներու եկեղեցանուէր անսակարկ ծառայութեան` իբրեւ թաղական, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայ ոսկերչական ձեռարուեստին ընդհանրապէս ու մասնաւորապէս եկեղեցական ոսկերչարուեստին նկատմամբ ունեցած անոր բծախնդրութեան ու բարձր ճաշակին:

Ապա, կարդացուեցաւ Հայրապետական օրհնութեան գիրը, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը ընդգծած էր. «Այսու ուրախութեամբ կ՛ուզենք վկայել, որ աւելի քան յիսուն տարիներ դուք նուիրուեցաք հայ եկեղեցւոյ ծառայութեան, յատկապէս իբրեւ թաղական: Դուք ներկայացուցիչն էք մեր ժողովուրդի անունին հետ սերտօրէն կապուած ոսկերչական արուեստի այն սերունդին, որ սոսկ ոսկեղէն չշինեց, այլ` քանդակեց զայն արուեստի բարձր որակով: Ձեր ունեցած հմտութեամբ դուք ոչ միայն դարձաք հանրածանօթ արուեստագէտ-ոսկերիչ, այլ նաեւ այս մարզին մէջ պատրաստեցիք նոր սերունդներ, որոնք վստահաբար յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշեն ձեզ, Լիբանանի մէջ թէ այլուր»:

Աւարտին, Ծերունեան խօսք առնելով իր անհուն շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած այս գնահատանքին ու բարձր պատիւին համար: Ան այս առիթով վեհափառ հայրապետին նուիրեց ձեռաց «Նահատակաց խաչ»-ը եւ մանրամասնօրէն բացատրեց ոսկերչական նուրբ արուեստով ներկայացուած ու խաչին վրայ տեղադրուած խորհրդանշանները` խնդրելով, որ յառաջիկայ ապրիլ 24-ին այս խաչը գործածուի հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին:

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» Պաշտօնաթերթ. «Հայ Ժողովուրդին Առջեւ Ծառացած Մարտահրաւէրները» Խորագիրով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Ձերբակալուեցաւ Փարիզի Ահաբեկչութիւնները Կատարողներէն Մէկը

RelatedPosts

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը`  Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին
Գաղութային

«Մեր Տունը» Հատորին Ներկայացումը` Լիբանանահայ Գրասէր Խաւի Լսարանին

Դեկտեմբեր 7, 2025
Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են  Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի  Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Երեւանի Մէջ Խախտած Են Բարոյագիտութեան Արժեչափերը` Հրապարակելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Աշխատանքային Փաստաթուղթերը»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?