Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի հիւրերն էին սփիւռքահայ արուեստագէտներ Ասատուր եւ Յարութիւն Թորոսեան: Տնօրէնութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ասատուր ընդգծեց արուեստի մասին մամուլի ճշգրիտ լուսաբանման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով գնահատականով լուսարձակի տակ առաւ ընդհանրապէս հայկական գեղանկարչութեան մասին «Ազդակ»-ի հրապարակած արուեստաբանական վերլուծումները: