«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի Անդամները Այցելեցին «Ազդակ»
Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ» այցելեցին տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Սոնա Խանճեան: Զաւէն Խանճեան վերջին տարիներուն ղեկավարած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտը: Զաւէն Խանճեան անդամ է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին: Հիւրերուն կ՛ընկերանար Նազարէթ Սապունճեան, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին մաս կը կազմէ իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ: Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումը կը վերաբերէր սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն եւ «Հայաստան» հիմնադրամի ծրագիրներուն:




















