
Ս. Ռիթայի տարեկան ուխտի օրուան առիթով երէկ` կիրակի, 22 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ աւանդական նշխարհամբոյր ու վարդերու օրհնութիւն:
Պատարագը մատուցեց եւ ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Ս. Ռիթայի ուխտավայրի լուսարարապետ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան: Իր քարոզին մէջ ան յայտնեց, որ անգամ մը եւս հաւաքուած ենք մեր սիրոյ տուրքը եւ յարգանքը մատուցելու Սրբուհի Ռիթային` աւելցնելով, որ մեր հաւատքը ամենասուրբ Երրորդութեան հանդէպ է, մեր հաւատքին կորիզը Քրիստոս է եւ ուրիշ ոչ մէկ արարած կրնայ զայն փոխարինել մեր հոգւոյն մէջ:
Ան նկատել տուաւ, որ մենք պէտք ունինք բարեխօսներու եւ կը հաւատանք սուրբերու, որոնք ժամանակ չունին եւ կը գոյատեւեն հազարաւոր տարիներ: «Ս. Ռիթա կատարեալ կոյս էր, որովհետեւ իր մէջ կը պարունակէր գրեթէ բոլոր խորհուրդները, ներառեալ` պսակի խորհուրդը», ըսաւ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան:
«Ս. Ռիթա նախքան վանք քաշուիլը, իբրեւ մայր ապրած է կատարեալ քրիստոնեայ մօր տիպարը», հաստատեց Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան: Շարունակելով իր խօսքը` ան յորդորեց ներկաները իրենք զիրենք նուիրելու Աստուծոյ` իբրեւ իր նոխազները` աւելցնելով, որ «մեր ներկայութեան նպատակակէտը փրկուիլն է, եւ երբ պատարագի աւարտին կ՛օրհնենք վարդերը, որոնք նշան են հրաշքի մը, որ պիտի կատարուի մեր սրտին մէջ, այս վարդերով մեր հոգիին կարմրութիւնը պիտի ներկայացնենք Աստուծոյ»:
«Աստուածային ներկայութիւնը, որ կայ մեր հասարակութեան մէջ, ամէն բանէ աւելի վեր է. նիւթէ, գանձէ, պատիւէ: Եկեղեցին հոս է: Եկեղեցին մենք ենք: Եկեղեցին շէնք չէ, որ այսօր կայ եւ վաղը կրնայ փլիլ: Մեր հոգիին կառոյցը երբեք պիտի չփլի, որովհետեւ մեր հոգին աստուածային է: Մենք կը շէնցնենք մեր եկեղեցին մեր սրբութեամբ», շեշտեց Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան եւ եզրափակելով իր խօսքը կոչ ուղղեց բոլորին իրենց հոգիի կայծը փոխանցել շուրջիններուն` աղօթելով, որ Ս. Ռիթայի բարեխօսութեամբ բոլորը ընդունին աստուածային շնորհներ` յատկապէս հոգեկանը, որ պիտի առաջնորդէ նաեւ մարդկային` ֆիզիքական առողջութեան:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նշխարհամբոյր եւ վարդերու օրհնութիւն:
 
			

