Չորեքշաբթի, 18 մայիսի կէսօրին «Ազդակ»-ի հիւրն էր բանաստեղծ Սոնա Վան, որուն կ՛ընկերակցէին «Կամար» թերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան, «Արմէնփրես»-ի արաբերէն բաժինի խմբագիրը եւ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող մը: Բանաստեղծ Սոնա Վան տնօրէնութեան հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ծանօթացաւ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն: «Լիբրէթօ Անապատին» գիրքի հեղինակ, բանաստեղծ Սոնա Վան հարցազրոյց մը տուաւ «Ազդակ»-ին տուաւ հարցազրոյց մը, որ յաջորդող օրերուն պիտի հրապարակենք: