Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Օրերու Աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը Կոչ Ուղղեց Հաւատարիմ Մնալու Անոնց Հաւատքի Ուղիին

Մայիս 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

hrip1_52316

Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ հինգշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ կոյսերուն նուիրուած յատուկ աղօթք, որմէ ետք օրուան պատգամը փոխանցեց Ռաուտայի մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան: Ան խօսեցաւ տօներուն եւ աւանդութիւններուն կարեւորութեան մասին` եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ: Քահանայ հայրը բացատրեց, թէ իւրաքանչիւր տօն մեզի պատգամ մը ունի փոխանցելիք` օրինակներ տալով Ս. Հռիփսիմէի կեանքէն:

Ուրբաթ, 20 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն: Այնուհետեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սուրբերու բարեխօսութեան ու մասունքի կարեւորութեան եւ անոր հանդէպ յարգանքին: Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ սուրբ կը կոչենք մարդոց եւ յորդորեց ներկաները սուրբերու օրինակով ներշնչուելու, որպէսզի յաւիտենական կեանքի արժանանան:

hrip2_52316

Երէկ` երկուշաբթի, 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի,  մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով խունկի օրհնութեան արարողութիւն: Պատարագը մատուցեց Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեան:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ հարց տուաւ, որ ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք Հռիփսիմեանց կոյսերուն,  որոնք արժանացած են Աստուծոյ պսակին եւ դարձած մեր եկեղեցւոյ ընտիր սուրբերէն եւ մեզի համար բարեխօս են Աստուծոյ մօտ` աւելցնելով, որ պէտք է անդրադառնանք, որ իրենց յիշատակին առիթով մենք պարտինք աղօթել, որպէսզի նախ յիշենք 2 յատկանշական դէպքերը, որոնցմով անոնք առնչուած են հայոց պատմութեան. ա) Հռիփսիմեանց կոյսերը ծագումով հայ չէին, սակայն նահատակուեցան Հայաստանի մէջ, եւ իրենց արիւնով ներկուեցաւ հայոց հողը, որ ընդունեց  իրենց նշխարհները զիրենք հայութեամբ մկրտելով.  բ) Վարագայ լերան ստորոտին յայտնաբերումը Քրիստոսի խաչափայտի մասունքին, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը իրենց հետ բերին Հայաստան:

«Հակառակ իրենց ազնուական ծագումին Հռիփսիմեանք հրաժարած էին կեանքի ճոխութիւններէն եւ իրենց կեանքը ընծայած էին Աստուծոյ փառաբանութեան նուիրական գործին»,  հաստատեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ մենք ալ իրենց սրբազան նշխարհներուն դիմաց պարտինք աղօթել, որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ կարենանք դիմակալել այս աշխարհի տագնապները:

Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը կեանքի դժուարութիւններուն դէմ յանդիման կանգնեցան եւ նոյնիսկ մահը դիմագրաւեցին, սակայն իրենց հաւատքի զօրութեամբ յաղթական դուրս ելան իրենց ապրած տագնապին մէջէն: Ան ըսաւ, որ Հռիփսիմեանց տօնին առիթով պարտինք նաեւ աղօթել, որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ հասնինք կեանքի այն կատարելութեան, որուն հասած էին իրենք, եւ որուն կը հրաւիրէ մեզ Քրիստոս:

«Քրիստոնեային կեանքը պատահականութեամբ չի զարգանար եւ չի յառաջանար: Քրիստոնեային կեանքը պայքար է այս աշխարհին մէջ. պայքար` ի խնդիր մեր նկարագիրի պաշտպանութեան, պայքար` ի խնդիր կեանքին մէջ սրբութիւններ պահելու եւ պայքար` ի խնդիր այն բոլոր արժէքներուն, որոնք մեզի կու գան հաւատքի ճամբով», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը` հաստատելով, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը օրինակ էին ուրիշներուն համար եւ առաջնորդութիւն` բոլոր անոնց համար, որոնք կեանքը կը ջանան ապրիլ հաւատքի զօրութեամբ:

Սրբազան հայրը նաեւ նկատել տուաւ, որ մենք տկարացած ենք մեր հաւատքին մէջ ու պարպուած ենք հաւատքի զօրութենէն եւ այն քաջ նկարագիրէն, որոնցմով օժտուած էին Հռիփսիմեանց կոյսերը, նաեւ բոլոր սուրբերը, որոնք հաւատքի համար նախընտրեցին մահը եւ նահատակութիւնը: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերու նշխարհներուն դիմաց աղօթենք, որպէսզի անոնք բարեխօս ըլլան մեզի եւ անոնց միջնորդութեամբ Աստուած բնակի մեր սրտերուն մէջ ու առաջնորդէ մեզ, որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ կարենանք դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները:

Աւարտին Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով  կատարուեցաւ խունկի օրհնութիւն, որմէ ետք առաջնորդ սրբազան հայրը պահպանիչով փակեց պատարագը:

 

 

Նախորդը

«Վարձքդ Կատա՛ր, Լիբանանահայութիւն» Խորագրեալ Ժողովրդական Ձեռնարկին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Նշմար. Կրկնակիօրէն Իւրայատուկ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?