Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Լիբանանցի Անուանի Բեմադրիչ Եւ Թատերագիր Ռեմոն Ժպարայի

Մայիս 19, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ մը` նուիրուած լիբանանցի անուանի բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռեմոն Ժպարայի մահուան Ա. տարելիցին: Յիշատակի երեկոն հովանաւորուած էր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի կողմէ եւ կազմակերպուած` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ու «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կողմէ: Ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի ներկայացուցիչ Ասաատ Սէյֆ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ եւ տեղացի բեմադրիչներ, դերասաններ եւ թատերասէրներ:

Նանոր Տէր Սարգիսեան
Նանոր Տէր Սարգիսեան
Քլոտիա Մարշալեան
Քլոտիա Մարշալեան
Անթուան Աշքար
Անթուան Աշքար

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նանոր Տէր Սարգիսեան: Ան յայտնեց, որ  երեկոն կազմակերպած է «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը` ի պատիւ Ռեմոն Ժպարա մարդուն ու արուեստաբանին, որ իր արժանի դրոշմը ձգած է լիբանանեան թատրոնին վրայ:

Ան ըսաւ, թէ բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռեմոն Ժպարա անցեալ դարու 70-ական թուականներուն արդէն երեւելի անուն մը եղած է լիբանանեան թատրոնի աշխարհին մէջ իր բերած նորութեամբ, համարձակութեամբ եւ երգիծանքով: Ռեմոն Ժպարա իր տեսակով եւ արժէքով արժանաւոր տեղ ունեցած եւ մեծ ազդեցութիւն ձգած է լիբանանեան թատրոնի պատմութեան մէջ իր շօշափած ընկերային, մարդկային եւ հայրենասիրական հարցերուն ընդմէջէն:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի, Ժպարայի ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմած են ձեռնարկի յաջողութեան:

Խօսք առաւ Քլոտիա Մարշալեան: Ան ըսաւ, թէ Ռեմոն Ժպարայի գործերը մեծապէս ազդած են իր վրայ ուսանողական տարիներէն սկսեալ, եւ միշտ փափաքած էր աշխատիլ մեծ թատերագիրին հետ: Քլոտիա Մարշալեան պատմեց նաեւ Ռեմոն Ժպարային հետ իր հանդիպումին մասին եւ յայտնեց, թէ դերասաններու, գրողներու եւ մտաւորականներու հաւաքներուն Ռեմոն Ժպարա միշտ շրջապատուած եղած է իր շուրջ ծունկի եկած երկրպագուներով: «Կարելի չէր չխոնարհիլ այս մարդուն առջեւ, երբ ան նստած էր աթոռին», նշեց Ք. Մարշալեան եւ աւելցուց. «Ռեմոն Ժպարա բոլորիս սորվեցուց բեմի հանդէպ ակնածանք ունենալ: Կը սիրէինք զինք, բայց նաեւ կը վախնայինք իր նայուածքէն ու կեցուածքէն: Երբ ոեւէ գործի ձեռնարկէինք, կը մտածէինք, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ անոր ըսելիքը: Պարզ ու խոնարհ էր ան եւ ըսելիքը տեղ հասցնելու համար կ՛ընտրէր ամէնէն պարզ ու անվնաս բառերը: Կարօտցանք իր անձը, իր ժպիտը, իր ամչկոտութիւնը, իր բարեսրտութիւնը, իր ներքին զգացումները, զորս մենք ուժ կը կարծէինք: Աթոռը առիթ էր, որ երկար ատեն մենք ծունկի գայինք դիմացը»: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինին, որ Ռեմոն Ժպարայի յիշատակին կազմակերպած է այս հաւաքը եւ միացուցած արուեստասէրները:

Ժիրայր Աւետիսեան
Ժիրայր Աւետիսեան
Ռեֆաաթ Թարապէյ
Ռեֆաաթ Թարապէյ
Հրայր Գալեմքէրեան
Հրայր Գալեմքէրեան

Խօսք առաւ Ժիրայր Աւետիսեան: Ան իր խօսքի ամբողջ ընթացքին խօսեցաւ 70-ական թուականներու լիբանանեան թատերական կեանքին նորարարութիւններուն, թերութիւններուն եւ առաւելութիւններուն, տիրող ընկերային կացութեան, մտաւորականներու մօտեցումներուն եւ տեսակէտներուն մասին: Ան ներկայացուց նաեւ Ռեմոն Ժպարայի ծաւալած գործունէութիւնը, աշխատանքային սկզբունքները, արուեստի հանդէպ անոր ընկալումները եւ մօտեցումները: Ժիրայր Աւետիսեան անդրադարձաւ Ռեմոն Ժպարայի տարած բծախնդիր եւ հետեւողական աշխատանքին եւ ըսաւ, որ ան փարոս էր, կշիռք: Թատերական աշխարհին մէջ ան աստղ մըն էր:

Խօսք առաւ նաեւ Ռեֆաաթ Թարապէյ: Ան ըսաւ, թէ Ռեմոն Ժպարան առանձին թատրոն մըն է: Անոր հետ աշխատանքը շատ հաճելի եղած է ու թեթեւ: Ան ազնուօրէն սխալները կ՛ընդունէր: Ռեֆաաթ Թարապէյ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին կազմակերպման համար: «Ռեմոն Ժպարայի բացակայութեամբ տարիէ մը արդէն որբացած է Լիբանանեան թատերական աշխարհը: Ռեմոն Ժպարա երկար տարիներ մեր մտքին ու յիշողութեան մէջ պիտի մնայ», եզրափակեց ան:

27002991652_c807a73d81_o

Գեղարուեստական յայտագիրին երաժշտական կտորներով իրենց մասնակցութիւնը բերին Նարէ Աշգարեան (ջութակ) եւ Հենրի Աշխանեան (դաշնակ). նոյնպէս Կարօ Գրիգորեան (դաշնակ) ներկայացուց երաժշտական կտոր մը:

Ռեմոն Ժպարայի ընտանիքին անունով ելոյթ ունեցաւ Անթուան Աշքար: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Ռեմոն Ժպարա թէեւ շատ մեծ թիւով հետեւորդներ ու սիրողներ ունէր, սակայն, անձամբ եւ բծախնդրութեամբ կը փնտռէր իր դերասանները եւ բեմի մարդիկը:

Իրեն հետ կատարուած բոլոր զրոյցները անպայման դաստիարակող ու սորվեցնող շեշտ մը կը կրէին: Ան մարդկային բարձր յատկանիշներով օժտուած անձ մըն էր: Հասուն էր, գիտակից, խոնարհ ու հեզ: Իր խրատները, դիտողութիւնները անուղղակի խօսքերով եւ առակներով կը կատարէր` խուսափելու համար որեւէ վիրաւորական արտայայտութենէ: Իր անձը եւ խօսքը չէր պարտադրեր մարդոց: Ո՛չ հռչակ, ո՛չ պաշտօն, ո՛չ ալ հարստութիւն հետաքրքրած է զինք: Ան կեանքին մէջ ոչ մէկ բանի կապուած էր, բայց աշխարհը կը կրէր իր սրտին մէջ: Անոր համար աշխարհը իր թատերաբեմն էր:

Ձեռնարկի աւարտին «Գ. Իփէկեան» թատերախումբէն Հրայր Գալեմքէրեան ներկայացուց հատուած մը «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատրերգութենէն:

«Գ. Իփէկեան» թատերախումբը երկու շաբթուան տեւողութեամբ պիտի ներկայացնէ Ռեմոն Ժպարայի «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատրերգութիւնը` ի պատիւ մեծ թատերագիրին:

 

Նախորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Նուիրուած Յատուկ Արարողութիւնները Կը Համախմբեն Հաւատացեալները

Յաջորդը

Հարցազրոյց Ֆրանսահայ Գրող Արա Գրիգորեանի Հետ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?