Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարձրագոյն Վարժարաններու Աշակերտներուն Ներկայացուեցաւ Ջաւախքը` Իր Խնդիրներով

May 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

chah-(1)_52316

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 18 մայիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ, որուն ընթացքին մանրամասն տեղեկութիւններ աշակերտներուն փոխանցուեցաւ Ջաւախքի մասին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարաններու Ժ. եւ ԺԱ. դասարանի աշակերտները եւ իրենց ուսուցիչները:

chah-(2)_52316fՕրուան բանախօսն էր ԶՈՄ-ի ատենապետ Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան, որ փաուըր փոյնթով ներկայացուցած իր նիւթին սկիզբը անդրադարձաւ Ջաւախքի աշխարհագրական դիրքին` յայտնելով, որ ան ունի 6413 քառ. քմ. տարածութիւն եւ շուրջ 200 հազար բնակչութիւն, որուն 70 առ հարիւրը հայ են: Ան նաեւ պատմական ակնարկով մը լուսարձակի տակ առաւ 3-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դար երկարող շրջանը` խօսելով Արշակունեաց, Բագրատունեաց թագաւորութիւններուն, նաեւ սելճուքեան եւ մոնկոլեան արշաւանքներուն մասին: Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձաւ Ջաւախքցի նշանաւոր դէմքերու, ինչպէս` Ռուբէն Տէր Մինասեան, Յովհաննէս Քաջազնունի, Համօ Օհանջանեան, Աշուղ Ջիւանի, Աշուղ Ալիք, Գուսան Հայկազ, Դերենիկ Դեմիրճեան, Վահան Տէրեան:

Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Ջաւախքի դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ կրթական մարտահրաւէրները եւ ըսաւ, որ Ջաւախքի մէջ կը տիրէ անգործութիւն, զբօսաշրջութիւնը քաջալերական չէ, հողագործութիւնը վատ պայմաններու մէջ է, իսկ անասնաբուժութիւնը միայն գիւղերուն մէջ նկատելի է: Ան դիտել տուաւ, որ համալսարանական ուսման մակարդակը շատ ցած է, վատ է վիճակը հայկական վարժարաններուն, ուր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահերը սահմանափակ են: Շարունակելով իր խօսքը` բանախօսը յայտնեց, որ Ջաւախքի մէջ մշակութային ձեռնարկներ չեն կազմակերպուիր, եւ հայկական բերդերու վրայ մզկիթներ զետեղելու փորձեր կը կատարուին, ինչպէս նաեւ փորձեր կան հայկական եկեղեցիներուն դիմագիծը փոխելու:

Եզրափակելով իր խօսքը` Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան ներկայացուց վերջին տարիներուն Լիբանանի մէջ Ջաւախքի նուիրուած ձեռնարկները, ինչպէս` Ջաւախքի շաբաթ, Ջաւախքի նուիրուած կլոր սեղան, նաեւ ՋԱՀ պարբերաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ երկամսեայ դրութեամբ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` մօտէն հետաքրքրուելու Ջաւախքի հարցով, զօրակցելու անոր այնպէս, ինչպէս հետաքրքրուած ենք Արցախով եւ կը զօրակցինք անոր, այլապէս կրնանք կորսնցնել զայն, որովհետեւ հոն ապրող ժողովուրդը սկսած է գաղթել` ներկայ պայմաններու անհանդուրժելիութեան պատճառով:

 

Նախորդը

Նշմար. Կրկնակիօրէն Իւրայատուկ

Յաջորդը

ԿՈՉ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.