Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ, անցնող շաբաթներուն սկիզբ առած «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր»-ու հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ երկրորդ ծրագիրը արդէն իսկ կը հասնի իր աւարտին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թիւով 10 ուսուցիչներ, համալսարանականներ եւ հայոց պատմութեամբ հետաքրքրուած ազգայիններ: Մասնակիցները համացանցի միջոցով եւ նախօրօք ճշդուած վայրի եւ ժամանակի ընթացքին կը ներկայացնեն երկու ընթացիկ եւ մէկ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը

Երկուշաբթի, 30 մայիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Վեհափառ հայրապետն ու դեսպանը խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկեցին ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Ղարաբաղի այժմու կացութեան եւ Լիբանանի ու Հայաստանի տնտեսական գործակցութեան առնչուած խնդիրներ ու աշխատանքներ: Դեսպան Մկրտչեան այս առիթով այցելեց հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանը եւ մօտէն ծանօթացաւ Ս....

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ.  «Այսօր Նիկոլ Դումանի Ոգին Կը Սաւառնի Արցախի Երկնակամարին Վրայ Եւ Մուտք Կը Գործէ Արցախի Իւրաքանչիւր Ազատամարտիկի Հոգիին Մէջ»  Ըսաւ Կարօ Յովհաննէսեան

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. «Այսօր Նիկոլ Դումանի Ոգին Կը Սաւառնի Արցախի Երկնակամարին Վրայ Եւ Մուտք Կը Գործէ Արցախի Իւրաքանչիւր Ազատամարտիկի Հոգիին Մէջ» Ըսաւ Կարօ Յովհաննէսեան

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած` հայ ազգային- ազատագրական պայքարի գործիչ, հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի խօսքին ու գործին նուիրուած ձեռնարկը, որ կը կրէր «Նիկոլ Դուման 100 տարի ետք» խորագիրը, տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 31 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Կարօ Յովհաննէսեան Վարդան Ազնաւուրեան Ժաք Յակոբեան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ ձեռնարկը սկիզբ առաւ: Կազմակերպիչ...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն.  Երկու Հազար Մանուկներ Թալինին Հետ Հայ Երգով Յիշատակելի Ժամեր Ապրեցան

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն. Երկու Հազար Մանուկներ Թալինին Հետ Հայ Երգով Յիշատակելի Ժամեր Ապրեցան

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրախանութին, մանկական երգերու մեկնաբան Թալինի ելոյթները տեղի ունեցան 27 եւ 29 մայիս 2016-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ: Երկու օրերու ընթացքին սրահը  լեցուեցաւ մանուկներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ: Համազգայինի գրախանութին կողմէ բացման խօսքը արտասանեց եւ ձեռնարկը հանդիսավարեց Անժելա Տաղլեան: Շուրջ մէկուկէս ժամ Թալին երգեց, պարեց եւ ուրախացուց մանուկները, որոնք իրենց կարգին...

Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Երեք Շարժանկարներու Ցուցադրութիւն

Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի Երեք Շարժանկարներու Ցուցադրութիւն

Կազմակերպութեամբ «Աշքալ Ալուան» մշակութային եւ արուեստի կազմակերպութեան, երկուշաբթի, 30 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աշքալ Ալուան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Պեզճեանի 2001-ին նկարահանուած «Ռոտզ ֆուլ աֆ Էփրիքըթս» եւ 2013-ին նկարահանուած  «Այ լեֆթ մայ շուզ ին Իսթանպուլ» շարժանկարներուն ցուցադրութիւնը: Իսկ երեքշաբթի, 31 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ցուցադրուեցաւ 2014-ին Պեքաայի սուրիական գաղթակայանին մէջ նկարահանուած Պեզճեանի «Թենք եու լէյտիզ էնտ ճենթըլմըն» շարժանկարը, որմէ...

Դպրեվանքի 11 Սաներ Արժանացան Սարկաւագական Ձեռնադրութեան

Դպրեվանքի 11 Սաներ Արժանացան Սարկաւագական Ձեռնադրութեան

Կիրակի, 29 մայիս 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի ընծայարանի 11 սաներ սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանանալով ուխտեցին ծառայել Տիրոջ սուրբ սեղանին: Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Արարողութեան ներկայ էին միաբան հայրեր, դպրեվանքի տեսչութիւնը, ծնողներ եւ ստուար թիւով հաւատացեալներ, որոնք իրենց աղօթքներով զօրակից եղան եկեղեցւոյ այս կարեւոր կարգին...

Լիբանանահայ Գրող Պեպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան Ճամբուն Վրայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Լիբանանահայ Գրող Պեպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան Ճամբուն Վրայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին եւ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, ուրբաթ, 27 մայիս 2016-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պեպօ Սիմոնեանի «Գրականութեան ճամբուն վրայ» գիրքին շնորհահանդէսը` բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի փոխտեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց օրուան բանախօսները եւ շնորհահանդէսին յայտագիրը: Խօսք առաւ դոկտ. Երուանդ...

Մայիսեան Յաղթանակի Յատկանշական Փառատօն` «Սարդարապատէն Մինչեւ Արցախ` Դէպի Յաղթանակ» Խորագիրով

Մայիսեան Յաղթանակի Յատկանշական Փառատօն` «Սարդարապատէն Մինչեւ Արցախ` Դէպի Յաղթանակ» Խորագիրով

Մայիսեան յաղթանակի սոսկ ոգեկոչումը չէր, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, այլ անիկա նաեւ առիթ էր գօտեպնդուելու մերօրեայ` ապրիլեան հերոսութիւններով, հզօր Արցախի մէջ հզօր կերպով սխրանքներ արձանագրող այսօրուան հերոսներուն հպարտութեամբ` հաստատելով, որ լիբանանահայութիւնը իր բոլոր կառոյցներով եւ միութիւններով, յատկապէս ՀՄԸՄ-ի միութենականներով եւ տարազաւորներով, մարզիկներով եւ կակուղ թաթիկներով տէրն է 98 տարիներ...

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով. «Մենք Եւ Մեր Յաջորդ Սերունդը Պիտի Տեսնենք  Նաեւ Արեւմտեա՛ն Հայաստանի Ազատագրումն Ու Միացումը Հայաստանի Եւ Կերտումը Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի»   Ընդգծեց Յովիկ Պերթիզլեան

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով. «Մենք Եւ Մեր Յաջորդ Սերունդը Պիտի Տեսնենք Նաեւ Արեւմտեա՛ն Հայաստանի Ազատագրումն Ու Միացումը Հայաստանի Եւ Կերտումը Ամբողջական Ու Միացեալ Հայաստանի» Ընդգծեց Յովիկ Պերթիզլեան

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-ամեակի  ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն եւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ, ներկայութեամբ միութենական, կուսակցական անձնաւորութիւններու, պատասխանատուներու, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, սկաուտական միաւորներու եւ հաւատաւոր երիտասարդութեան խուռներամ  բազմութեան: ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին կազմակերպած այս ձեռնարկը սկսաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութեամբ` ի յիշատակ դարաւոր այդ տեսլականի իրագործման նպաստած...

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

«Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութիւնը երէկ «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընդմէջէն հիւրընկալեց վաստակաւոր դերասանուհի եւ բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ «Մատինա» թատերասրահի սեփականատէր Նիտալ Աշքարը, որ պարգեւատրուեցաւ կայանի տնօրէն Աւետիս Կիտանեանի կողմէ` առ ի գնահատանք իր մշակութային վաստակին: Հաղորդավար Հալա Հատտատի «Մեր մեծերով կը վեհանանք» յայտագիրին ընթացքին Նիտալ Աշքար անդրադարձաւ արկածախնդրութիւններով լեցուն իր մանկութեան, եւ ապա ծնողքին, որոնք Ղովմի կուսակցութեան պատկանած են եւ...

Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2016-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ  արցախեան պայքարի լիբանանահայ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 24-րդ տարելիցին առիթով, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի: Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները ուղղուեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբ, ուր յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ ակումբին «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ: Լիբանանի եւ Արցախի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը...

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը` Անթիլիասի Մէջ

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը` Անթիլիասի Մէջ

«Մայիս 28-ը Արթնութեան Եւ Զգաստութեան Կոչ Է Հայաստանի, Ղարաբաղի Ու Սփիւռքի Մեր Աշխարհիկ Եւ Հոգեւոր Ղեկավարութեան» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 29 մայիս 2016-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տօնական մթնոլորտ մը պարզուեցաւ` մայիս 28-ի տօնակատարութեամբ եւ Վեհափառ հայրապետի անուանակոչութեան նշումով: Ս. եւ  անմահ պատարագով, հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ ապա վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման տօնը եւ...

Պաթրունի Եւ Թրիփոլիի Ակումբներուն Մէջ Ընտրական Աշխուժ Մթնոլորտ Կը Տիրէր

Պաթրունի Եւ Թրիփոլիի Ակումբներուն Մէջ Ընտրական Աշխուժ Մթնոլորտ Կը Տիրէր

Երէկ` կիրակի, 29 մայիսին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն հիւսիսային Լիբանանի Պաթրուն եւ Թրիփոլի շրջաններուն մէջ Դաշնակցութիւնը լծած էր իր ընտրական մեքենան, որպէսզի Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական վերջին փուլի ընտրութիւններուն եւս կազմակերպէ հայորդիներուն ընտրելու գործընթացը: Պաթրունի Հայ կեդրոնն ու Թրիփոլիի ակումբը վերածուած էին մեղուաբոյնի, ուր կամաւորները, պատասխանատուները եւ քուէարկողները լծուած էին ժրաջան աշխատանքի, որպէսզի լիուլի կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնցմէ...

Հալէպի «Վերժին Կիւլպէնկեան» Հիւանդանոցը, Այժմու Ծերանոցը Հրթիռակոծուեցաւ։ Զոհուեցաւ Հայուհի Մը

Հալէպի «Վերժին Կիւլպէնկեան» Հիւանդանոցը, Այժմու Ծերանոցը Հրթիռակոծուեցաւ։ Զոհուեցաւ Հայուհի Մը

Երկու օրէ ի վեր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը հրթիռակոծեն Նոր Գիւղը, յատկապէս «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցը՝ այժմու Հայ Ծերանոցը։ Մեր տեղեկութիւնները ստանալով Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեանէն իմացանք, որ Քիչ առաջ հրթիռ մը ինկած է Ծերանոցի շէնքին վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած է Ծերանոցի ծառայողական պաշտօնեաներէն Մարալ Քիւլիկեան։ Վիրաւորուած են երկու հայորդիներ՝ Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ Ծերանոցի խնամակալ Ժագ Հատտատ։ Վիրաւորներուն պարագան մտահոգիչ...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Խնամակալութեան.  Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի Առաջին Խտասալիկի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Խնամակալութեան. Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի Առաջին Խտասալիկի Շնորհահանդէս

  Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, երէկ` հինգշաբթի, 26 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի ունեցաւ հայ երգարուեստի երիտասարդ ու տաղանդաւոր երգչուհի, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի առաջին խտասալիկի շնորհահանդէսը: Կարպիս Գապասաքալեան Գրիգոր Ալլոզեան Պարգեւ Թասլաքեան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեանի ողջոյնի խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին խմբավարներ Գրիգոր Ալլոզեան եւ Պարգեւ Թասլաքեան երիտասարդ հեղինակը` Աշոտ Բագրատունի, արուեստագէտ Շողիկ Թորոսեան եւ...

«Ազդակ»-ի Յատուկ Թիւ` Հայաստանի Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով

«Ազդակ»-ի Յատուկ Թիւ` Հայաստանի Հանրապետութեան 98-Ամեակին Առիթով

Հայոց պատմութեան մէջ ոսկեղէն գիրերով փորագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 98-ամեակին առիթով «Ազդակ» նախաձեռնեց հրատարակութեան յատուկ թիւի մը, որ ամբողջովին գունաւոր էջերով լոյս պիտի տեսնէ շաբաթ, 28 մայիս 2016-ին: Հայաստանի անկախութեան կերտման ընթացքին, անոր արժէքին ու կարեւորութեան, մերօրեայ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնելու համար այդ յաղթանակը կերտողներէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութեան մասին գրած են Սարգիս Մահսերէճեան, Վահրամ Էմմիեան, Սեդօ Պոյաճեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Ժաք Յ....

Հրթիռակոծումներ Հալէպի Մէջ

Հրթիռակոծումներ Հալէպի Մէջ

Հինգշաբթի, 25 Մայիսի ուշ գիշերին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Պէնի զէտ շրջանէն հրթիռակոծեցին Հալէպի Սալահ ատտին, Խէլտիէ եւ Նոր Գիւղի Հայ Ծերանոցին (Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոց) շրջակայքը, ուր հրկիզուեցաւ Ծերանոցին դիմացը գտնուող բնակարանն մը եւ փուլ եկաւ յարկաբաժին մը։ Մասամբ վնասուեցաւ նաեւ Ծերանոցի տնօրէնին սենեակն ու խոհանոցը։ Վերոնշեալ շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ, իսկ Սալահ ատտին շրջանին մէջ՝ զոհ մը։ Հայ Ծերանոցի մամիկներն...

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Թրիփոլիի Մինա Շրջանին Մէջ Կ՛առաջադրէ Քաղաքապետական Խորհուրդի Եւ Թաղապետի Մէկական Թեկնածու

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Թրիփոլիի Մինա Շրջանին Մէջ Կ՛առաջադրէ Քաղաքապետական Խորհուրդի Եւ Թաղապետի Մէկական Թեկնածու

Թոնի Փոլատեան եւ Եղիա Սրապոնեան Կիրակի, 29 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու վերջին` 4-րդ փուլը, հիւսիսային Լիբանանի նահանգին մէջ: Նկատի ունենալով Թրիփոլիի Մինա շրջանին մէջ հայութեան աշխուժ դերակատարութիւնը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս ընտրութիւններուն կ՛առաջադրէ մէկական թեկնածու` քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ թաղապետ դառնալու: Մինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամի թեկնածուն է Թոնի Փոլատեան, իսկ թաղապետի թեկնածուն` Եղիա Սրապոնեան:

Հալէպի Մէջ.  «Մենք Մեր Ժողովուրդին Սպառնացող Տարբեր Ճակատներուն Պաշտպաններն Ենք»  Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

Հալէպի Մէջ. «Մենք Մեր Ժողովուրդին Սպառնացող Տարբեր Ճակատներուն Պաշտպաններն Ենք» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ կիրակի, 22 մայիսին, Հալէպի մէջ նշուած է Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի Հանրապետութեան  Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Արցախի Ազգային ժողովի անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Դաւիթ Իշխանեան, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ  Զարեհ քհնյ. Շաքարեան, մշակութային, հասարակական ու կրթական գործիչներ: Հնչած ելոյթներուն ընթացքին ընդգծուած է, որ Արցախի անկախութիւնը Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան...

Երեսփոխանական Գրասենեակ.  Օժանդակութիւն` 142 Ընտանիքի

Երեսփոխանական Գրասենեակ. Օժանդակութիւն` 142 Ընտանիքի

Զանազան հարցերով իրեն դիմող քաղաքացիներու օժանդակութեան եւ խորհրդատուութեան աշխատանքին առընթեր, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը անցնող օրերուն ուտեստեղէնի եւ կենցաղային կարիքներու յատկապէս պատրաստուած ծրարներ բաշխեց 142 հայ կարիքաւոր պարագաներու: Երկրի տնտեսական տագնապի այս օրերուն լիբանանցի թէ սուրիահայ եւ իրաքահայ գաղթականներու տրամադրուած այս օժանդակութիւնը կ՛իրականանայ թէ՛ գրասենեակին եւ թէ՛ բարերարներու ճամբով կատարուող ներդրումով: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Page 302 of 364 1 … 301 302 303 … 364

Արխիւներ