Երէկ` ուրբաթ, 20 մայիս երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսան ներկայացուիլ լիբանանցի վաստակաւոր բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռեմոն Ժպարայի «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատերախաղը բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանը:
Ժպարայի այս թատերախաղը կը նկատուի անոր գլուխ գործոցներէն մէկը: Վերջին անգամ 90-ական թուականներուն խաղցուած այս թատերախաղը կ՛արծարծէ ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական հարցեր, որոնցմէ այսօր եւս կը տառապի ժողովուրդը: Այդ պատճառով ալ այս թատերախաղը այժմէական է: Թատերախաղը կը բաղկանայ 4 տարբեր տեսարաններէ, որոնց միջեւ մարդ մը հեռաձայնային զրոյցներ կ՛ունենայ իր մահացած մեծ մօր հետ:
Ամիսներու հետեւողական փորձերէ եւ Ժպարայի ընտանիքին հետ կատարուած խորհրդակցութիւններէ ետք, 10 դերասաններով այս թատերախաղը մտածել կու տայ շարք մը առօրեայ հարցերու մասին:
«Զրադաշատ դարձաւ շուն» թատերախաղը կը շարունակուի բեմադրուիլ այսօր` շաբաթ, 21 վաղը` կիրակի, 22 մայիսին, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 26, ուրբաթ, 27 եւ կիրակի, 29 մայիսին: