ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Կազմակերպած Մայրերու Օրուան Իւրայատուկ Ձեռնարկը
ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 17 մայիս 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, ՔԱՀԼ-ի հայ տարեցներու տան մէջ տեղի ունեցաւ տարեց մամիկներու յատուկ մայրերու օրուան ձեռնարկ: ՔԱՀԼ-ի տարեցներու տան մեծ ընտանիքին մաս կը կազմեն 121 մամիկներ ու պապիկներ, որոնցմէ 82-ը մամիկներ են: Ձեռնարկին ներկայ էին 60 մամիկներ, իսկ 22-ը դժբախտաբար անշարժ ըլլալով իրենց սենեակներուն մէջ, չկրցան վայելել ձեռնարկին...




















