Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեց Միաբաններ Ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան

Մայիս 23, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

dza-2_52216

Կիրակի, 22 մայիս 2016-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, տէրունական աղօթքէն առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ` Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացան Շահինշահրի հոգեւոր հովիւ Անանիա վրդ. Գուճանեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան եւ դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:

Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանին արժանացած երեք հայր սուրբերը յաջորդաբար իրենց քարոզները խօսեցան, անոնք կեդրոնացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայութեան, հաւատարմութեան եւ դպրեվանքին վրայ:

Պատարագի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս երեք ծայրագոյն վարդապետները, Շահէ սրբազանին եւ խարտաւիլակ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանին գլխաւորութեամբ, ընդունեց իր գրասենեակին մէջ, իր հայրապետական թելադրանքները փոխանցեց եւ օրհնութիւնը տուաւ անոնց: Թեմերէն եկող հիւրեր ու բարերարներ եւս միացան եւ շնորհաւորեցին հայր սուրբերը:

Շաբաթ, 21 մայիս 2016-ի առաւօտուն, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտաճառերու պաշտպանութիւն: Հայր սուրբերը իրենց աւարտաճառերը ներկայացուցին եւ պաշտպանեցին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերու ներկայութեան: Աւարտաճառերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւէն առնուած նիւթեր էին, որոնք հայր սուրբերը վերծանած եւ անոնց ուսումնասիրութիւններ կատարած էին: Արամ Ա. կաթողիկոս  այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց կատարուած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ իր նկատողութիւններն ու ցուցմունքները փոխանցեց:

Նշենք, որ աւարտաճառերու պաշտպանութեան ներկայ էին եւ եկեղեցական արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի միաբան Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան եւ Վաղարշակ սրկ. Սերոբեան:

Յայտնենք, որ Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր շրջաններու մէջ ծառայող երեք միաբաններ` Գեղարդ վրդ. Քիւսպէկեան (Թորոնթօ), Սահակ վրդ. Եմիշեան (Ուսթր) եւ Ղեւոնդ վրդ. Բենթէզեան (Շիքակօ), իրենց ծառայած եկեղեցիներուն մէջ ստացան ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան:

 

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայոց Ցեղասպանութեան 101-Ամեակին Նոիիրուած Ձեռնարկ

Յաջորդը

«Հայկական Օր»` Անտոնեան Միաբանութեան Համալսարանին Մէջ

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?