Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Գրասենեակին. Շնորհահանդէս` Սոնա Վանի «Լիբրէթօ Անապատին» Քերթողագիրքին

Մայիս 20, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0424

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական գրասենեակին երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը  7:00-ին, տեղի ունեցաւ Սոնա Վանի «Լիբրէթօ անապատին» խորագրեալ արաբերէն քերթողագիրքին շնորհահանդէսը, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ` ներկայութեամբ հեղինակին, հոգեւոր հայրերու, հիւր անձնաւորութիւններու եւ գրասէր բազմութեան:

Սուրիահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեանի ողջոյնի խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական բաժանմունքի տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեան, լիբանանցի գրող Ապտօ Լապաքի, արաբերէնի դասախօս, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մարմինի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ հեղինակը` Սոնա Վան:

Ժիրայր Դանիէլեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց «Լիբրէթօ անապատին» խորագրեալ  քերթողագիրքի ծննդոցը, թէ ի՛նչ պայմաններու եւ ի՛նչ շարժառիթով գրուած է անիկա: Հայերէնով բանաստեղծական այս քերթողագիրքը հեղինակը գրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով եւ լոյս տեսած է 2015-ին, Երեւանի մէջ: Անիկա թարգմանուած է աւելի քան տասը լեզուներու, որոնցմէ արաբերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն: Դանիէլեան նկարագրեց այն դառն պայմանները, երբ հեղինակին` Սոնա Վան Տէր Յովհաննէսեանի հայրը` ծանօթ մտաւորական Անուշաւան Տէր Յովհաննէսեան, որ ջարդի օրերուն երկու տարեկան էր, ընտանեօք կը փրկուին թուրք մոլլա Մուսթաֆայի շնորհիւ: Սոնա Վան ծնած է Երեւան եւ ապա 1978-ին հաստատուած է ամերիկեան Քալիֆորնիոյ նահանգը, ան մասնագիտութեամբ հոգեբուժ է: «Լիբրէթօ անապատին» խորագրեալ այս գիրքը կը թարմացնէ հայու հաւաքական յիշողութիւնը, որ ըստ Սոնա Վանի, երկսայրի սուր է»:

«Լիբրէթօ անապատին» քերթողագիրքը հայերէնէ արաբերէնի թարգմանած` սուրիահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեան արաբերէնով անդրադարձաւ գիրքի էութեան` զայն նկարագրելով իբրեւ ստեղծագործական եզակի գործ եւ նշելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին քերթողական ստեղծագործութիւններ հազուադէպ են: «Անիկա բանաստեղծական բանաձեւումով կը պատմագրէ անիրաւութեան, գերեվարութեան եւ մարդկային ցաւի յաւիտենական պատմութիւնը» շեշտեց Գաբոյեան:

Իր կարգին, լիբանանցի բանաստեղծ Ապտօ Լապաքի արաբերէնով  իր խոր գնահատանքը յայտնեց հայ ժողովուրդի ստեղծագործ միտքին ու հանճարին նկատմամբ` վերյիշելով Հայաստանի թէ Արցախի մէջ իր ապրած փորձառութեան վառ յիշատակները: Լապաքի Սոնա Վանի գիրքը ներկայացուց իբրեւ «ցաւի մետաքսէն հիւսուած զգեստով նորահարսի պատմութիւնը»: «Անտարբեր ոտնաձայններու տակ ճզմուող խիղճին դիմաց բանաստեղծուհի Սոնա Վան կը դիմէ բնութեան օրէնքներուն աւելի քան  մարդկային օրէնքները եւ կը պնդէ գոյատեւման, ծննդաբերման մղձաւանջը` ընդդէմ մահուան պարեղանակին ու պատերազմի աստուծոյ տգեղութեան, արդ, արդեօք կա՞յ մէկը, որ ականջալուր է բանաստեղծուհիի քերթողական այս սքանչելի պատկերներէն ցոլացող ողբատանջ աղաղակին», հարց տուաւ Լապաքի:

Ապա արաբերէնով ու արաբական գրականութեան դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ թարգմանութեան կարեւորութեան եւ թարգմանիչի դերին` յիշեցնելով, որ հայ ժողովուրդը եւ յատկապէս հայ եկեղեցին խոր յարգանք կը տածեն թարգմանիչներուն եւ ամէն տարի կը մեծարեն զանոնք Թարգմանչաց տօնի օրուան յատուկ հանդիսութեամբ: Ան նշեց թարգմանութեան ըմբռնումին եւ մեկնաբանութեան մասին հիմնաւորեալ, յատկապէս արաբական աղբիւրներ:

IMG_0464

Աւարտին խօսք առաւ հեղինակը ինք` Սոնա Վան, շնորհակալութիւն յայտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, թարգմանիչին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս քերթողագիրքի հրատարակման: «Չարի ու բարիի, գեղեցիկի ու տգեղի, լաւին ու վատին պայքարն է այս եւ մենք աւելի քան երբեք, այսօր պէտք ունինք բարձրաձայն ու յանդգնօրէն ճշմարտութիւնը արտայայտողներու», ընդգծեց ան: Թարգմանիչ եւ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեան, հեղինակի կողքին թարգմանաբար փոխանցեց անոր սրտի խօսքը:

Նշենք, որ այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Թաթուլ աբղյ.  Գարտանաքեան արաբերէնով ասմունքեց հեղինակի քերթողագիրքէն հատուածներ` հմայելով ներկաները:

 

 

Նախորդը

Բանաստեղծ Սոնա Վան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Քրիստափոր Միքայէլեանի Կեանքին Ու Գործին Նուիրուած Ձեռնարկին Պատգամախօսը` Արա Գրիգորեան Ներկայացուց Անոր Իսկական Պատկերն Ու Ներդրումը` ՀՅԴ-ի Պատմութեան Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?