Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայկական Օր»` Անտոնեան Միաբանութեան Համալսարանին Մէջ

Մայիս 23, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

antonine_52016antonine2_52016Անտոնեան միաբանութեան համալսարանի հիմնադրութեան տօնին առիթով, համալսարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց «Հայկական օր» մը, որ ստացաւ ընկերային եւ մշակութային ձեռնարկներու բնոյթ:

Ուրբաթ, 20 մայիսին Անտոնեան միաբանութեան համալսարանի Հատաթի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ ինք լիբանանցի քաղաքացի մըն է, որ միայն մէկ քաղաքացիութիւն` լիբանանեան քաղաքացիութիւն ունի, աւելցնելով, որ ինք զաւակն է այնպիսի ժողովուրդի մը, որ պայքարած է իր ազատութեան համար, ինչպէս նաեւ զաւակն է այն ժողովուրդին, որ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ճանչցող առաջին ժողովուրդն է` հայութիւնը, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած է, որովհետեւ մերժած է նուաստացումը, ճնշումը եւ անձնատուր ըլլալը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ ինք զաւակն է այն մարդուն, որ իր հայրը չէ ճանչցած, որովհետեւ ան զոհուած է 1915-ին թուրքերուն ձեռամբ գործուած Ցեղասպանութեան ընթացքին: «Ես զաւակն եմ Լիբանան հաստատուած այն մարդուն, որ ուզեց աշխարհին ապացուցել, թէ հայերը անբաժանելի մասնիկն են այս երկրին,  ինչպէս նաեւ Լիբանան կոչուած այս հրաշքին սիւներէն են», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք` իբրեւ Արարատ լերան երկրէն եկող հայ մը, Լիբանանի Մայրիին եւ Սաննին լերան մէջ կը տեսնէ իր ինքնութիւնը, իր պայքարը, եւ անիրաւութեան ու ցեղասպանութեան դէմ իր դիմադրութիւնը:

«Ես լիբանանահայ մըն եմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով կը յիշեմ եւ կը յիշեցնեմ, որ մայիս ամսուան ընթացքին կը նշենք Լեռնալիբանանի սովը, 6 մայիսի կախաղանները, որոնց վրայ բարձրացան քրիստոնեան եւ իսլամը: «Հայկական օր»-ը առիթ մըն է միասնաբար յիշելու, որ մենք մէկ երկրի զաւակներ ենք, մեր պատմութիւնը եւ աւանդութիւնները միացեալ են: Մենք նոյն ճակատագիրը եւ նոյն ապագան ունեցող ժողովուրդներու զաւակներ ենք, եւ կը պայքարինք նոյն թշնամիին դէմ, որ միայն սով կը տարածէ, ցեղասպանութիւններ եւ ամէն տեսակի սպանդներ կը գործէ: Մենք այսօր անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնը համերաշխութեան եւ արեամբ մկրտուելու յարաբերութիւն մըն է, որ սկսած է դարեր առաջ եւ հզօր կերպով պիտի գոյատեւէ առյաւէտ», ըսաւ ան:

Իր խօսքի աւարտին, Յ. Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց ուսանողներուն եւ համալսարանի տնօրէնութեան` մաղթելով, որ համալսարանը մնայուն յառաջդիմութիւն կ՛ապրի` մնալով գիտութեան, մշակոյթի, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքակրթութեան փարոս մը:

Ձեռնարկին ընթացքին պարգեւատրուեցան լիբանանահայ անձնաւորութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնց շարքին էր նաեւ «Ազդակ» օրաթերթը:

«Հայկական օր»-ը խորհրդանշուեցաւ նաեւ այդ ձեռնարկին բոլոր մասնակիցներուն կողմէ իրենց անունները հայերէնով գրելու պաստառով մը:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Վեց Միաբաններ Ստացան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան

Յաջորդը

Քամերոն. «Թուրքիան 3000 Թուականէն Առաջ Եւրոպական Միութեան Անդամ Պիտի Չդառնայ

RelatedPosts

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Զինուորական Ծառայութեան  Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Զինուորական Ծառայութեան Ժամկէտը Կրճատելու Նախագիծին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?