Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստափոր Միքայէլեանի Կեանքին Ու Գործին Նուիրուած Ձեռնարկին Պատգամախօսը` Արա Գրիգորեան Ներկայացուց Անոր Իսկական Պատկերն Ու Ներդրումը` ՀՅԴ-ի Պատմութեան Մէջ

May 20, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ara-Krikorian1_51916

Երէկ` հինգշաբթի, 19 մայիսին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին ու գործին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն բանախօսն էր այս առիթով Ֆրանսայէն հրաւիրուած, «Քրիստափոր Միքայէլեանը եւ թուրք սուլթանը` մեծ մարտահրաւէրը» ֆրանսերէն գիրքի հեղինակ, ֆրանսահայ գրող Արա Գրիգորեան:

Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան,
Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան,

Բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան, որ նշեց, թէ ձեռնարկը նուիրուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան մէջ անջնջելի դրոշմ ձգած եւ անժխտելի ներդրում ունեցած Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքին ու գործին: Ապա ան ներկայացուց օրուան պատգամաբերին` Արա Գրիգորեանի տարած աշխատանքը, յատկապէս ֆրանսահայ մշակութային, քաղաքական, հասարակական մարզերուն մէջ` շեշտելով, որ ան ո՛չ միայն բեղուն գործունէութիւն ծաւալած է, այլ նաեւ եղած է Փարիզի Հայ դատի յանձնախումբին հիմնադիրներէն եւ Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով մեծ ճիգ ի գործ դրած եւ ազգային մակարդակի վրայ յաջողութիւններ ապահոված է:

Ապա խօսք առաւ Արա Գրիգորեան, որ նախ ուրախութիւն յայտնեց Քրիստափորի նման ազգային կարեւոր դէմքի մը մասին հայոց լեզուով խօսելու աննախընթաց այս առիթին համար` շեշտելով, որ իր հայախօսութիւնը կը պարտի իր մօրը, եւ որ իր կարգին այդ մէկը փոխանցած է իր զաւակներուն:

Արա Գրիգորեան
Արա Գրիգորեան

Ֆրանսերէնով հրատարակուած, ապա արեւմտահայերէնի թարգմանուած իր զոյգ հատորներուն ընդմէջէն Արա Գրիգորեան ներկայացուց Քրիստափոր Միքայէլեանի կեանքն ու գործունէութեան տարբեր մարզերն ու միջավայրերը` շեշտելով, որ Քրիստափոր փոքրուց ուշադրութիւն գրաւած էր ո՛չ միայն իբրեւ փայլուն աշակերտ, այլ նաեւ անոր մէջ այդ տարիքէն տիրական էին միջնորդութեան դերակատարութիւն կատարելու, հաւաքականութեան ներկայացուցիչը ըլլալու յատկութիւնները, որոնք նաեւ ապագային հանդիսացան Քրիստափորի իւրայատկութիւնները` երկխօսութեան մարդ, համադրող անձնաւորութիւն, յեղափոխական ու մտածող տիպար ըլլալու կողքին: Արա Գրիգորեան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Քրիստափոր օժտուած էր տարբեր անձեր, կողմեր միացնելու կարողականութեամբ` հաստատելով, որ այս բոլորը արդարօրէն կը մղեն շեշտելու, որ Քրիստափոր իսկական ու ամբողջական յեղափոխականի դիմագիծ եւ նկարագիր ունեցող անհատականութիւն է:

Ապա ան խօսեցաւ իր զոյգ հատորներուն ծնունդին, անոնց պատրաստութեան 6-ամեայ ընթացքին եւ բովանդակութեան մասին` հաստատելով, որ այդ տարիներուն ընթացքին եւ ներկայիս ալ Քրիստափոր Միքայէլեան ո՛չ միայն իրեն համար ընկեր եղած է, այլ նաեւ լաւագոյն բարեկամ:  Օրուան բանախօսը ըսաւ, որ Քրիստափորի վերաբերող ցուցահանդէսի մը պատրաստութեան նպատակով 2005-ին սկսած է ուսումնասիրութեան, որուն ընթացքին անդրադարձած է, որ Քրիստափորի մասին թէեւ շատ տուեալներ կան, սակայն անոնց ուսումնասիրութիւնն ու մէկտեղումը չէ կատարուած, մարդիկ կը կարծեն, թէ շատ բան գիտեն, սակայն խորքին մէջ փաստեր ու ճշգրիտ տեղեկութիւններ չունին: 2008-ին սկսած է լուրջ կերպով աշխատիլ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել` իբրեւ անդրանիկ աղբիւր ունենալով ՀՅԴ Երիտասարդականի «Կայծեր» պարբերաթերթը: Ան ուսումնասիրութիւններ եւ պրպտումներ կատարած է «ՀՅԴ-ի պատմութեան» հատորներուն մէջ, Հայաստանի պետական արխիւին մէջ, նաեւ սերտած է հակառակորդներուն արխիւները` գիտնալու, թէ անոնք ի՛նչ գրած են Քրիստափոր Միքայէլեանի մասին:

Հետաքրքրական ու բծախնդիր է Արա Գրիգորեանի աշխատելաոճը, Քրիստափորի կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուան ներկայացնելու համար ան ուսումնասիրած ու ընթերցողին տրամադրութեան տակ դրած է տուեալ ժամանակաշրջանի մթնոլորտը, պատմական տուեալները, քաղաքական  կացութիւնը, գաղափարախօսական ուղղուածութիւնը եւ այլն: Օրինակ` ան գիրքին մէջ տեղ տուած է Քրիստափորի ծննդավայրին` Աքուլիսին, Դաշնակցութեան ստեղծումին, անոր նախորդող հանգրուանին գոյութիւն ունեցող շարժումներուն, այդ տարիներուն տիրող պայմաններուն, որոնք ծնունդ տուին դէպքերու եւ դէմքերու, որոնք հայոց պատմութեան մէջ կը յիշուին առյաւէտ: Արա Գրիգորեան հաստատեց, որ Քրիստափորի անմիջական նախաձեռնութեամբ ծնած «Փրօ Արմենիա»-ն եղած է Դաշնակցութեան թերթը, գոյատեւած է անոր նիւթական ներդրումով, հակառակ անոր որ փորձ կը կատարուի այս իրականութիւնը խեղաթիւրելու: Ան խօսեցաւ «Փոթորիկ» գործողութեան մասին, որուն անհրաժեշտութեան նկատմամբ տարբեր կարծիքներ գոյութիւն ունէին, սակայն Քրիստափոր հաւատացողն էր, որ անիկա կարեւոր է կուսակցութեան գործունէութեան շարունակութիւնը երաշխաւորելու համար: Աւարտին, պատգամաբերը լուսարձակի տակ առաւ Եըլտըզի մահափորձին Քրիստափորի մասնակցութիւնը, որուն առնչութեամբ տարակարծութիւններ եղան ՀՅԴ-ի հիմնադիրներուն միջեւ, սակայն Քրիստափոր շեշտեց, որ ղեկավարը ի՛նք օրինակ պէտք է ըլլայ շարքայիններուն եւ այդպէս ալ նահատակուեցաւ:

Արա Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ կը ծրագրէ ապագային գրել այն մասին, թէ Քրիստափորի մահուան յաջորդող հանգրուանին ի՛նչ կացութիւն պարզուած է յատկապէս կուսակցութեան մէջ` մեկնելով Քրիստափորի բացակայութեան ունեցած ազդեցութենէն: Նոր աշխատութեան  մէջ պիտի ուսումնասիրէ 1905-1921 երկարող ժամանակաշրջանը` իբրեւ հիմք ունենալով երեք անձեր` Ստեփան Զօրեան (Ռոստոմ), Արամ Մանուկեան եւ Ռուբէն Տէր Մինասեան:

Աւարտին Արա Գրիգորեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Գրասենեակին. Շնորհահանդէս` Սոնա Վանի «Լիբրէթօ Անապատին» Քերթողագիրքին

Յաջորդը

Նշմար. Վիեննայի Համաձայնութեան Գործնական Արժէքը Հարցականի Տակ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.