Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճափոնի Դեսպանատան Ֆինանսաւորումով Երեք Նոր Ծրագիրներու Իրագործում ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Մէջ

Մայիս 21, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

LOKH3_52016

Երէկ իւրայատուկ օր էր ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: 5-րդ անգամն ըլլալով, լիբանանահայ գաղութի, տեղական եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ճափոնի եւ Հայաստանի դեսպանները համախմբուած էին ականատես ըլլալու Ճափոնի կառավարութեան միջոցով Ճափոնի ժողովուրդին կողմէ կեդրոնին կատարուած օժանդակութեանց ծիրին մէջ այս անգամ երեք տարբեր ծրագիրներու` ճառագայթներու միջոցով բուժման նոր եւ արդիական համակարգի, վերելակի եւ 15 օդափոխիչներու բացման արարողութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ճափոնի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գըլպաշեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա հակիրճ ակնարկ մը նետեց ԼՕԽ-ի պատմութեան` ըսելով, որ 1930-ին հիմնուած այս միութիւնը` իր 4000 կամաւոր անդամներով եւ Լիբանանի տարածքին գործող 13 մասնաճիւղերով, իր գործունէութեան առանցք դարձուցած է կրթական, բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական մարզերը:

LOKH2_52016

Գըլպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ճափոնցի բարեկամ ժողովուրդին, որ իր կատարած այս օժանդակութեամբ կու գայ յառաջ մղելու ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի աշխատանքներն ու մատուցած ծառայութիւնները: Կեդրոն, որ իր հիմնադրութենէն ի վեր իր ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւնները կը մատուցէ Պուրճ Համուտի շրջանի բնակչութեան առանց որեւէ խտրութեան:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքին յաջորդեց Տի.Վի. Տի.-ի ցուցադրութիւն: Ներկայացուեցան ԼՕԽ-ի եւ ճափոնական դեսպանատան միջեւ համագործակցութեան տարբեր հանգրուանները եւ այդ համագործակցութեան շնորհիւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի արհեստագիտական թէ բժշկակագիտական սարքաւորումներու համալրումը:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան
Սէիչի Օցուքա
Սէիչի Օցուքա
Թալին Գըլպաշեան
Թալին Գըլպաշեան
Մէյրի Չոլոյեան
Մէյրի Չոլոյեան

Խօսք առաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Մէյրի Չոլոյեան: Ան ըսաւ, որ ճափոնական նուիրատուութեամբ իրականացած այս երեք ծրագիրները առիթ կ՛ընձեռեն, որ կեդրոնը իր ծառայութիւնները աւելի ընդարձակէ, հիւանդները աւելի արագ հասնին իրենց բժիշկներուն, եւ կեդրոնին մէջ տիրէ առողջ մթնոլորտ: Մէյրի Չոլոյեան յայտնեց, որ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ միջազգային գնահատականներով կեդրոնը կը նկատուի Լիբանանի լաւագոյն ընկերաբժշկական կեդրոններէն մէկը, որ իր հիմնադրութեան թուականէն` 1986-էն ի վեր իր ծառայութիւնները կը մատուցէ բոլորին` առանց խտրութեան: Մէյրի Չոլոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի դեսպանին` կեդրոնին կատարուած ճափոնական նուիրատուութիւններուն համար, եւ հրաւիրեց Սալբի Քէօշկէրեանը, որ քանոնի վրայ նուագեց քանի մը հայկական նուագ:

Այնուհետեւ խօսք տրուեցաւ հանդիսութեան նախագահ, Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Սէիչի Օցուքային: Ան Ճափոնի կառավարութեան եւ դեսպանատան ուրախութիւնը յայտնեց այս երեք ծրագիրներու իրագործման համար եւ արտայայտեց իր հիացմունքը, թէ ինչպէս անոնք այսքան արագ իրագործուած են:

Դեսպան Սէիչի Օցուքա ըսաւ, որ երեք տարի առաջ Լիբանանի մէջ դեսպան նշանակուելուն առաջին օրէն, երբ Լիբանանի մէջ Ճափոնի ֆինանսաւորումով ծրագիրներու հարցը դրուած է, առաջին կեդրոնը, որուն հետ դեսպանատունը համագործակցութեան համաձայնագիր կնքած է, եղած է ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը: Դեսպան Օցուքա նաեւ անդրադարձաւ Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներու պարագային եւ յայտնեց, թէ ինք իմացած է, որ կեդրոնը կ՛ընդունի յաւելեալ սուրիացի գաղթականներ եւ անոնց կը տրամադրէ իր ծառայութիւնները: Այս առնչութեամբ դեսպանը նշեց, որ գաղթականութեան հարցը այնքան մեծ հարց է, որ պետութիւններու եւ միութիւններու կարողութիւններէն վեր է, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնէ այս հարցը լուծելու համար:

Շնորհակալական խօսք արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր երախտագիտական զգացումները արտայայտեց Պուրճ Համուտի թէ Այնճարի մէջ ճափոնական ֆինանսաւորումով իրագործուող ծրագիրներուն համար:

LOKH4_52016

Ձեռնարկի աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ դեսպան Օցուքային յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, ապա կատարուեցաւ կարկանդակի հատում:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ Սկսաւ «Զրադաշտը Դարձաւ Շուն» Թատերախաղի Ներկայացումը

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի Թուրքիոյ Դեսպանատան Զինուորական Կցորդին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?