Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն  Ու Տարեկան Բանակումը.  «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Հռչակման 25-Ամեակ». Տարեկան Բանակում

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը. «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակ». Տարեկան Բանակում

«Ոչ ոք չի կասկածում, որ բոլորս միասին ենք, եւ այս պայքարը միասի՛ն պէտք է աւարտենք, համոզուած եմ, յաղթանակո՛վ»: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան Վերջապէս հասաւ պատանիներուն սպասած օրը... տարի մը ետք, խանդավառ  ու կարգապահ շարքերով դարձեալ բանակիլ դաշնակցական պատանիին իւրայատուկ միջավայրին մէջ` ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու տարեկան բանակումին ընդմէջէն: Այսպէս, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ...

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող ընկերային յանձնախումբի հիմնական ծրագիրը` կազդուրման կայանը, որ ընթացք առած էր երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճար հայաւանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանին մէջ, աւարտեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին: Ընկերային յանձնախումբին հսկողութեամբ, ինչպէս նաեւ պատասխանատուներու եւ ԼՕԽ-ի մարդասիրական գործունէութեան նկատմամբ հաւատք ունեցող բարերարներու աջակցութեամբ, երեք շաբաթներու վրայ երկարած կազդուրման կայանի ծրագիրը աւարտեցաւ փակման յատուկ հանդէսով...

95 Տարի Ժողովուրդին Ծառայութեան Մէջ.  10 Տարիէ Ի Վեր Ամառնային Դպրոցի  Միջոցով` Հայ Պատանիներուն Կողքին

95 Տարի Ժողովուրդին Ծառայութեան Մէջ. 10 Տարիէ Ի Վեր Ամառնային Դպրոցի Միջոցով` Հայ Պատանիներուն Կողքին

95 տարիներ առաջ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններ իրենց զաւկին` վաղամեռիկ Հաուըրտի յիշատակին, Պուրճ Համուտի մէջ հիմը կը դնէին դարմանատան մը, ուր մանուկներ բժշկական խնամք պիտի ստանային: Փոքր դարմանատունը տարիներու ընթացքին մեծցաւ եւ դարձաւ ընկերային-բժշկական կեդրոն` վայելելով Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը: 95 տարիներ շարունակ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, բժշկական եւ ընկերային...

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով  Աղօթքի Շաբթուան Մասնակիցները  Կը Ստնանան Հայրապետական Օրհնութիւն

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Մասնակիցները Կը Ստնանան Հայրապետական Օրհնութիւն

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, այս տարի անգամ մը եւս Ս. Աստուածածին վանքի մատրան մէջ ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրոց սերտողութիւն եւ խորհրդածութիւն: Աղօթքի եւ դասախօսական այս շարքը առաջնորդուեցաւ «Հետեւինք Աստուածամօր ուղիին» նշանաբանով: Դասախօսութիւնները եւ Ս. Գրոց սերտողութիւններն ու խորհրդածութիւնները կատարեցին...

Հալէպի Մէջ Վիրաւորուած Է  47-Ամեայ Սագօ Գույումճեան

Հալէպահայ Սարգիս Գույումճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Հալէպի մէջ նախանցեալ առաւօտ վիրաւորուած Սարգիս Գույումճեան երէկ առաւօտեան Հալէպի «Ալ Ռազի» հիւանդանոցին մէջ կնքեց իր մահկանացուն: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը: Զոհուած հայորդիին յուղարկաւորութիւնն ու թաղմանական կարգը կատարուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Յիշեցնենք, որ Սարգիս Գույումճեան Հալէպի Նոր Գիւղի փուռին մօտ ծանրօրէն վիրաւորուած էր:

Թարթուսի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ  Հայկական Կեդրոնի Մը

Թարթուսի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Հայկական Կեդրոնի Մը

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, երէկ Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական կեդրոնի մը: Նկատի ունենալով սուրիական տագնապի օրերուն երկրի բախումնային շարք մը շրջաններէն, յատկապէս Հալէպէն Թարթուս տեղափոխուած հայորդիներու մեծ թիւը, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւնը յարմար նկատեց ապահովել նման կեդրոն մը, որ պիտի ծառայէ տեղւոյն կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտութեան, Քրիստոնէական դաստիարակչական խորհուրդին, շրջանի Շտապ օգնութեան գործադիր...

Հալէպի Մէջ Վիրաւորուած Է  47-Ամեայ Սագօ Գույումճեան

Հալէպի Մէջ Վիրաւորուած Է 47-Ամեայ Սագօ Գույումճեան

«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երէկ առաւօտեան, Նոր Գիւղի փուռին մօտ ուղեկորոյս փամփուշտի մը հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած է հալէպահայ Սագօ Գույումճեան եւ փոխադրուած է հիւանդանոց: Շտապ օգնութեան աղբիւրները յայտնած են, որ փամփուշտը մտած է անոր գանկին մէջ: Գույումճեանի առողջական վիճակը ծանր է:  

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային  Վարչութեան «ԱՅԳ» Երգչախումբը` Հայաստանի Մէջ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «ԱՅԳ» Երգչախումբը` Հայաստանի Մէջ

5-11 օգոստոսին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «ԱՅԳ» երգչախումբը (30 անդամ) մեկնեցաւ Հայաստան` իր մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնին: 5 օգոստոսին Արամ Խաչատուրեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնին` երգչախմբային արուեստի օրերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն  ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «ԱՅԳ» երիտասարդական  երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար...

Զմմառու Դարաւոր Վանքին Մէջ.  Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին Նուիրուած  Ամփիթատրոնի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Զմմառու Դարաւոր Վանքին Մէջ. Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին Նուիրուած Ամփիթատրոնի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նահատակ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա....

Մահացած Է Սփիւռքի Նախարարութեան  Աշխուժ Պաշտօնեաներէն Նուէր Նալբանդեանը

Մահացած Է Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխուժ Պաշտօնեաներէն Նուէր Նալբանդեանը

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 56 տարեկանին  անժամանակ մահացած է սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ Նուէր Նալբանդեանը: Նուէր Նալբանդեան ո՛չ միայն լաւ անձնաւորութիւն էր, այլ նաեւ իր գործին տիրապետող գիտակ մասնագէտ, որ իր մարդկային բարձր յատկանիշներուն, աշխատասիրութեան ու նուիրումին շնորհիւ կը վայելէր բոլորին սէրն ու յարգանքը: Նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ աշխուժ լրագրողի, փորձառու...

Ս. Աստուածածնայ Նուիրուած  Ս. Գրոց Սերտողութիւն

Ս. Աստուածածնայ Նուիրուած Ս. Գրոց Սերտողութիւն

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, երկուշաբթի, 8 օգոստոս 2016-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ սկսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Ս. Գրոց սերտողութիւնը: Շուրջ հարիւր տիկիններ բարձրացան Ս. Աստուածածին վանք եւ Ս. Աստուածածին մատրան մէջ աղօթքի, սաղմոսներու, շարականներու եւ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ մը ունեցան: Ս. Գրոց սերտողութեան իբրեւ ընդհանուր նիւթ ընտրուած է` «Հետեւինք Աստուածամօր կեանքի ուղիին»...

Սկիզբ Առին «Իմ Հայաստան» Համահայկական  3-րդ Փառատօնի Երգչախմբային Արուեստի Օրերը

Սկիզբ Առին «Իմ Հայաստան» Համահայկական 3-րդ Փառատօնի Երգչախմբային Արուեստի Օրերը

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի 5 օգոստոսին Արամ Խաչատրեանի անուան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի` երգչախմբային արուեստի օրերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան Ռուսիոյ, Վրաստանի, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Էսթոնիոյ, Սուրիոյ, Իրանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի երգչախումբերը: Նախ բեմահարթակը տրամադրուեցաւ Ռուսիոյ «Շողեր» երգչախումբին, որուն յաջորդեցին Վրաստանի «Ներսէս Շնորհալի», Արթիկի մանկական, Լիբանանի «Այգ» երիտասարդական, Արցախի «Վարանդա»,...

Զմմառի Մէջ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի  Նուիրուած Ամփիթատրոնի  Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Զմմառի Մէջ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Նուիրուած Ամփիթատրոնի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւն

Երէկ` կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան նահատակ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի նուիրուած ամփիթատրոնի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

«Ազդակ» Բացառիկ Պիտի Հրատարակէ` Նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան 25-Ամեակին

Սեպտեմբեր 21-ին կ՛ամբողջանայ Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը: «Ազդակ» ծրագրած է յատուկ թիւ հրատարակել այս առիթով: Տրուած ըլլալով, որ տարին յոբելենական է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան համար, որ դարձեալ կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեակը, բնականաբար հրատարակուելիք յօդուածները կամ ուսումնասիրական աշխատանքները պիտի անդրադառնան նաեւ Արցախին, որ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման օրերուն ուղղակի ագուցուած գործօն էր պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադրութիւններուն նկատմամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի բացառիկ...

Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատան  Պատասխան Նամակը`  ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին

Լիբանանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանատան Պատասխան Նամակը` ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 15 յուլիս 2016-ին Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի ճամբով Ֆրանսայի պետութեան յղած էր Նիսի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը դատապարտող` Ֆրանսայի պետութեան ու ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող նամակ մը: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործավար Առնօ Փեսշէօյի կողմէ ստացաւ պատասխան նամակ մը, որուն մէջ նշելէ ետք, որ այս նամակը կը...

Հաղորդագրութիւն

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2016 Տարեշրջանի Երկրորդ Նիստի Գումարում

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 5 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան - Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն: Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք ժողովի ատենապետը ըստ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու  Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ուրբաթ, 5 օգոստոս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները: Դեսպան Մկրտչեան նաեւ տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող տնտեսական կապերուն մասին:  

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց «Ազդակ»

Դեսպան Մկրտչեան Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ առաւօտեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Խորհրդակցութիւնը կը վերաբերէր ներհայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն ընդհանրապէս հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ կատարուող լուսաբանումներուն եւ անոնց հետ կապուած խնդիրներուն:  

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  ՀՅԴ Ճամբարի Բացման Արարողութիւնը

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Ճամբարի Բացման Արարողութիւնը

4 օգոստոսին Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Ամերիկայի արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան ճամբարի բացման արարողութիւնը: Անիկա ընթացք առած էր 1 օգոստոսին` 150  պատանիներու մասնակցութեամբ: ՀՅԴ Ամերիկայի արեւմտեան ափի երիտասարդական միութեան կողմէ  Արցախի մէջ կազմակերպուող երկրորդ պատանեկան ճամբարն է այս մէկը, առաջինը կազմակերպուած է Ասկերան քաղաքին մէջ: Ճամբարի հանդիսաւոր բացման ներկայ գտնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Կը Մասնակցի Համահայկական  Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին

1-5 օգոստոս 2016-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովը, Երեւանի մէջ: Խորհրդաժողովի ընթացքին կը քննարկուին Հայաստանի եւ սփիւռքի կրթական հիմնախնդիրներն ու անոնց բարելաւման ծրագիրները` ներկայ հրամայականներուն եւ մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ: Սոյն խորհրդաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը  ներկայացնեն Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տիգրան Ճինպաշեան: Այս առիթով...

Page 294 of 364 1 … 293 294 295 … 364

Արխիւներ