95 տարիներ առաջ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններ իրենց զաւկին` վաղամեռիկ Հաուըրտի յիշատակին, Պուրճ Համուտի մէջ հիմը կը դնէին դարմանատան մը, ուր մանուկներ բժշկական խնամք պիտի ստանային: Փոքր դարմանատունը տարիներու ընթացքին մեծցաւ եւ դարձաւ ընկերային-բժշկական կեդրոն` վայելելով Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը: 95 տարիներ շարունակ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցով յաջողեցաւ բազմահազար մանուկներու կեանքը փոխել, հայ մանուկին աչքերուն մէջ յոյս եւ հաւատք դրոշմել, հայ մօր հետ ցաւակից ըլլալ ու լուծումներ գտնել անոր տառապանքներուն եւ վերջապէս հայ տարեցին կեանքը իմաստաւորել` զայն ընկերութեան մասնիկը դարձնելու ուղղութեամբ աշխատանք չզլանալով:
1991-ին, Հայաստանի վերանկախացումով, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր գործունէութիւնը տարածեց նաեւ մայր հայրենիքի մէջ:
Իր զանազան գործունէութիւններուն ծիրին մէջ հաստատութիւնը չմոռցաւ ամրան արձակուրդը ըստ արժանւոյն վայելելէ զրկուած մանուկներն ու պատանիները: Արդարեւ, 10 տարիէ ի վեր (2007 թուականէն) անիկա կը նախաձեռնէ ամառնային դպրոցի` մանուկներու եւ պատանիներու յատուկ դաստիարակչական բնոյթ ունեցող ծրագիրի իրագործումով եւ ի մտի ունենալով ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր կարելի է գտնել միայն սիրով եւ գուրգուրանքով յագեցած ընտանեկան բոյն մը:
Այս տարուան ամառնային դպրոցը սկսաւ երեքշաբթի, 28 յունիս 2016-ին եւ աւարտեցաւ հինգշաբթի, 11 օգոստոս 2016-ին` բոլորելով իր տասներորդ տարեշրջանը:
Ազգային առաջնորդարանի եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան հետ գործակցաբար, եօթը շաբաթներու վրայ երկարող ամառնային ծրագիրը իրագործուեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ:
Այս տարի ամառնային դպրոց յաճախեցին հայկական թէ տեղական 45 տարբեր դպրոցներէ եկած 3-14 տարեկան 280 աշակերտներ (99 մանկապարտէզ եւ 181 նախակրթարան), որոնք տարիքային դրութեամբ բաժնուած էին տասը դասարաններու: Ամառնային դպրոցը ունէր նաեւ 34 առաջնորդ, 2 մաքրութեան տիկիններ, 1 կրպակի պատասխանատու եւ 1 դռնապան:
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած ամառնային այս ծրագիրին իւրայատկութիւնը կայացաւ անոր գերազանցապէս դաստիարակչական բնոյթին մէջ: Թուաբանութեան եւ լեզուներու (հայերէն, անգլերէն, արաբերէն եւ Ֆրանսերէն) կողքին, աշակերտները ունեցան երաժշտութեան, գծագրութեան, պարի, ճաշի, ձեռային աշխատանքի, մարզանքի, խմբային խաղերու, դաստիարակչական նիւթերու եւ թաքուն տաղանդներն ու կարողութիւնները յայտնաբերելու դասապահեր:
Կրօնական դաստիարակութիւնը այս տարի եւս իւրայատուկ կերպով, մանկավարժական մօտեցումով եւ յատուկ սարքերով փոխանցուեցաւ աշակերտներուն:
Ասոնց կողքին նախակրթարանի աշակերտները ունեցան ընդհանուր զարգացման եւ տաղանդներու յայտնաբերման մրցումի պահեր:
Դասի, գեղարուեստի եւ մարզանքի մթնոլորտէն դուրս, իւրաքանչիւր շաբթուան հինգշաբթի օրերը տրամադրուեցան արտադասարանային պտոյտներու. մասնակիցները առիթ ունեցան կատարելու վեց պտոյտներ` դէպի Լիբանանի մէջ գտնուող տարբեր տեսարժան վայրեր:
Արդարեւ, «Գարակէօզեան»-ի ամառնային դպրոցի ծրագիրին յաջողութեան գաղտնիքը, կամաւոր առաջնորդներու անձնուէր աշխատանքին կողքին, կայացաւ նաեւ փոքրիկներուն դրսեւորած ուրախ հոգեվիճակին մէջ:
Հաստատութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին եւ ամառնային դպրոցի տասնամեակին առիթով հինգշաբթի, 11 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան դպրոցի եզրափակիչ հանդէսը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, հայ երեք յարանուանութիւններու գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան մը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց ամառնային դպրոցի պատասխանատուներէն` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան, որ նկատել տուաւ, թէ մարդ անհատին կեանքը արժեւորող եւ իմաստաւորող գերագոյն արժանիքներէն է ծառայութիւնը, որուն միջոցով մեր կեանքը կը դառնայ լեցուն, ազնիւ եւ կը դադրի անիմաստ ու եսակեդրոն ըլլալէ: «Այսօր բոլորս հաւաքուած ենք 95 տարիներու ծառայութեան, անսակարկ նուիրումի եւ հայ ազգի տարագրեալ զաւակներու կեանքը բարելաւելու սրբազան առաքելութեան նուիրուած «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան ամառնային դպրոցի 10-ամեակը տօնախմբելու 280 հայ մանուկներով եւ 34 ծառայասէր առաջնորդներով», ըսաւ Քրիստին Սարգիսեան` աւելցնելով, որ տասը տարիներ շարունակ եօթը շաբաթներու ընթացքին յաջողած են մանուկներու առօրեան արժեւորել անմոռանալի յիշատակներով` խաղերու, պտոյտներու եւ դասապահերու ընդմէջէն: Ք. Սարգիսեան հաստատեց, որ ծառայութիւնը կեանքի սկզբունքներու մէջ, բեմերու վրայ արտասանուող գաղափար մը չէ, հաստատութիւններու առաքելութիւն ալ չէ միայն, այլ անիկա գործնական կեանքի մէկ մասնիկն է, որ ծնունդ կ՛առնէ իւրաքանչիւր ընտանիքի երդիքին տակ, ուստի եթէ մեր տուներուն մէջ իրարու չծառայենք, չենք կրնար օտարէն ծառայութիւն ակնկալել, նաեւ մեր զաւակներուն հոգիին մէջ ծառայութեան ոգին մշակել: «Այսօր «Գարակէօզեան»-ի ընտանիքի այս սրբազան գործը օրինակ թող հանդիսանայ մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ բոլորս իբրեւ հայ ազգի զաւակներ իրարու հանդէպ ծառայութեան գիտակցութեամբ մօտենանք եւ կարենանք այնպէս ճառագայթել, որ մեր շրջապատի անդամներուն սիրոյ եւ ծառայութեան գերագոյն օրինակը դառնանք», եզրափակեց Քրիստին Սարգիսեան:
Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Տլէ եաման» պարը, որմէ ետք ամառնային դպրոց յաճախող մանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները կենդանի պատկերով ներկայացուցին Գարակէօզեան ընտանիքին կեանքը` սկսելով 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան տարիներէն, երբ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեան ամոլը կ՛ապրէր Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ անոնց 14-ամեայ զաւակը` Հաուըրտ կը պայքարէր անբուժելի հիւանդութեան մը դէմ, որուն պատճառով, հակառակ իր ծնողքին դիմած բոլոր միջոցներուն, ան կը մահանար: Կենդանի պատկերին ընդմէջէն հանդիսատեսները իրազեկ դարձան Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեան ամոլի տարած գործունէութեան, երբ անոնք իրենց զաւկին յիշատակը անմահացնելու եւ տարագրեալ հայ ժողովուրդի զաւակներուն առողջութիւնը բարելաւելու համար Պոլսոյ մէջ կը հիմնեն «Հայ որբերու տուն»-ը, որ, սակայն, ժամանակ մը վերջ կը փակուի թրքական պետութեան ճնշումին տակ: Միհրան Գարակէօզեան որբերը Ֆրանսա կը փոխադրէ, ուր դղեակի մը մէջ կը հիմնէ տուն եւ դպրոց: Սակայն առաւօտ մը դղեակը հրդեհ առնելով, որբերը կը մնան տնանկ: Տարի մը վերջ Յունաստանի հայաբնակ շրջանի մը մէջ կը տարածուի համաճարակ մը, որ կը վտանգէր մանուկներուն առողջութիւնը:
Միհրան Գարակէօզեան կրկին անգամ շարունակելով իր վսեմ առաքելութիւնը, կը մեկնի Յունաստան ու մանուկներու առողջութիւնը վերականգնելու եւ անոնց դարման ու բուժում ապահովելու համար ոչ մէկ ջանք կը խնայէ: 1919-ին, երբ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հասած էր Լիբանան եւ Պուրճ Համուտը ողողուած էր գաղթականներով, Միհրան Գարակէօզեան իմանալով այս գաղթին եւ կարիքներուն մասին, կու գայ Լիբանան, ուր անհրաժեշտ օգնութիւնը կը տրամադրէ մանուկներուն եւ կը հիմնէ «Հաուըրտ Գարակէօզեան» դարմանատունը, ուր, իր փափաքով, մանուկներ բժշկական խնամք պիտի ստանային:
Ներկայացուած կենդանի պատկերը յաւելեալ փայլք ստացաւ, երբ մերթ ընդ մերթ ժամանակագրական կարգով ներկայացուեցան հայկական, ֆրանսական, յունական եւ լիբանանեան պարեր, նաեւ անգլերէն` «Եու ռէյզ մի ափ», հայերէն` «Վաղ թէ ուշ» եւ արաբերէն` «Ռաժեհ ռաժեհ» երգերը` կատարողութեամբ երգչախումբին:
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ այս հանդէսին ընդմէջէն մենք ականատես վկաները եղանք այն իրականութեան, որ մեր հիմնադիրները 95 տարիներ շարունակ նախաձեռնող ոգիով, առանց վհատելու աշխատած, ծառայած եւ մարդասիրական օգնութիւններ մատուցած են աշխարհասփիւռ հայ ազգին: «Այսօր մենք` իբրեւ ժառանգորդները մեր հիմնադիրներուն, նախաձեռնութեան եւ վճռակամութեան նոյն ոգիով կը շարունակենք Գարակէօզեան ամոլին ծառայողական աշխատանքը Միջին Արեւելքի մէջ», հաստատեց Ս. Օհանեան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ իրենց ունեցած գործունէութիւնը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ, որովհետեւ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ ամէնէն դժնդակ օրերուն անգամ անոնք իրենց ներդրումը ունեցան ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Անդրադառնալով ամառնային դպրոցին` Օհանեան բացատրեց, որ 10 տարի առաջ ընկերային ծառայողներու հետ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին որոշած են ամառնային դպրոց մը կազմակերպել` նկատի ունենալով, որ կան մանուկներ ու պատանիներ, որոնք առիթ չունին ամրան ընթացքին ուրախ եւ ապահով միջավայրի մը մէջ հաճելի ժամեր անցընելու: Հետեւաբար, 2007 թուականի ամրան 55 աշակերտներով եւ 10 առաջնորդներով հիմը դրած են ամառնային դպրոցին, որուն 10 տարիներու ընթացքին հետեւած են աւելի քան 1500 հայ աշակերտներ: «Մենք կը ծառայենք, որպէսզի հայ մանուկները օժտուին առողջ միտքով, մարմինով, լիանան ուսումով եւ մասնագիտութեամբ, վայելեն ընտանեկան սէրն ու գուրգուրանքը եւ դառնան հպարտ հայեր իրենց արմատներով, մշակոյթով եւ հայու ինքնութեամբ», շեշտեց Օհանեան` աւելցնելով, որ իրենց համար շատ գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել իրենց նախկին աշակերտները, որոնք դարձած են այսօրուան իրենց ծառայասէր կամաւոր օգնականները:
Եզրափակելով իր խօսքը` ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամառնային դպրոցի բոլոր առաջնորդներուն եւ օգնականներուն, որոնք հաւատացին այս գործին ու ծառայութեան: Ան բեմ հրաւիրեց 10 տարուան ընթացքին ծառայած առաջնորդներ` Քրիստին Սարգիսեանը, Զաւէն Թղըլեանը, Լորա Գէորգը, Ժանին Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ 6 տարիէ ծառայած Գօգօ Այնէլեանը, Անթուանեթ Մարգարեանը, եւ ամառնային դպրոցի նախկին աշակերտներէն` Մեղրի Գէորգը, Գեղամ Սարգիսեանը, Սագօ Եագուպեանը, Արին Մարգարեանը, որոնք ներկայիս օգնականներ են, եւ գնահատագիրով պատուեց զիրենք:
Ապա Զ. դասարանէն Սէրլի Այվազեան արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը, իսկ խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Քոնկ ֆու շօ»:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ ըսաւ, թէ հաճելի եւ հարազատ պահ մըն էր մեր երեխաներուն ելոյթը ընբոշխնելը: Ան կարեւոր նկատեց այն երեւոյթը, թէ այս երեխաները ի՛նչ արժէքներով կը մեծնան, ի՛նչ միջավայրի մէջ հասակ կ՛առնեն, նաեւ իրենց աչքերուն դիմաց ի՛նչ օրինակ ունենալով կը մեծնան. այս առումով ան յոյժ գնահատելի նկատեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան կազմակերպած ամառնային դասընթացքը` մեր ժողովուրդի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն համար:
Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ ներկայիս կեանքի պայմաններու բերումով պատկերը փոխուած է մեր թաղերուն մէջ եւ նոյնը չէ, ինչ որ էր նախապէս, երբ ապահով մթնոլորտ մը կը տիրէր, հետեւաբար շատ կարեւոր է, որ մեր զաւակները մեծնան ապահով միջավայրի մէջ: «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը 10 տարիէ ի վեր կամաւոր աշխատանքով մեր զաւակներուն համար կը կազմակերպէ ամառնային այս դասընթացքը, որպէսզի անոնք աճին ու զարգանան առողջ եւ հայկական միջավայրի մէջ, մեծնան եւ հասակ նետեն առողջ արժէքներով` իրենց դիմաց ունենալով գեղեցիկ օրինակը այն բոլոր կամաւոր աշխատողներուն, որոնք հոգի դնելով իրենց աշխատանքին մէջ այս գործը կը յաջողցնեն 10 տարիէ ի վեր», հաստատեց սրբազան հայրը` աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ այս բարի աշխատանքը, որպէսզի տարուէ տարի առաւել եւս աշխուժանալով, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը կարենայ հայ փոքրիկներուն համար ստեղծել այս ապահով միջավայրը, նաեւ իր միջոցով ջամբել այն բոլոր արժէքները, որոնցմով հասակ առին նախորդ սերունդները: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ յառաջիկայ տարի կրկին վայելենք մեր զաւակներուն կազմակերպած հանդիսութիւնը եւ այդ վայելքով աւելի ամրանանք, ապագային նկատմամբ դառնանք աւելի լաւատես եւ յոյսով նայինք կեանքին` հաւատալով, որ մենք հաւաքաբար պիտի կարենանք շրջանցել մեր կեանքի դժուար պայմանները, պիտի կարենանք կազմակերպել ու աշխուժացնել մեր հաւաքական կեանքը` մեր կառոյցներուն, եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն շուրջ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հաւաքական պարով եւ երգչախումբին կողմէ «Երազ իմ երկիր» երգի մեկնաբանութեամբ: