Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 5 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներուն:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Առաջնորդ սրբազան հօր բացման աղօթքէն ետք ժողովի ատենապետը ըստ օրակարգի կատարեց երեսփոխանական ժողովի նախորդ նիստի ատենագրութեան քննարկումը եւ վաւերացումը: Այնուհետեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց յառաջիկայ երկամեակի գործունէութեան առաջնահերթութիւնները` յայտնելով, որ երկամեայ ծրագիրի քննարկումը եւ կազմութիւնը պիտի հիմնուի այս առաջադրանքներուն վրայ. ա) Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքներու աւարտ եւ կրթական հանգրուանի սկիզբ` հաստատելով, որ 2017 տարեշրջանին ընթացք պիտի առնէ միաւորման աշխատանքը: բ) Ազգային առաջնորդարանի տնտեսական ծրագիրներու հետապնդում: Այս առաջադրանքով յառաջիկայ երկամեակին Տնտեսական խորհուրդի կողքին յառաջացած են կալուածներու շահարկման, ինչպէս նաեւ այլ մասնայատուկ ծրագիրներու համար ենթայանձնախումբեր: գ) Ազգային առաջնորդարան-ժողովուրդ կապի ամրապնդում: Այս ծիրին մէջ ան նախ եւ առաջ շեշտեց առաջնորդարանի կառոյցի եւ անձնակազմի յաւելեալ արդիւնաւէտութեամբ գործելու եւ համապատասխան որակաւորման նոր ծրագիրներ ունենալու Ազգային վարչութեան առաջադրանքը, եւ երկրորդ` եկեղեցի-ժողովուրդ կապի իմաստով կղերականութեան եւ թաղականութեանց աշխուժ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ գերեզմանատուներու եւ ազգապատկան այլ կառոյցներու վերադասաւորման ու բարեզարդման աշխատանքներու կարեւորութիւնը: Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Հաւաթեան յայտնեց, որ խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ծրագիրներու համադրումէն վերջ Ազգային երեսփոխանական ժողովի տրամադրութեան տակ կը դրուի երկամեայ ամբողջական ծրագիրը:
Այնուհետեւ Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց յառաջիկայ երկամեակին համար Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու կազմերը. Տնտեսական խորհուրդ, Ուսումնական խորհուրդ, Կալուածոց խորհուրդ, Դատաստանական խորհուրդ, Վերադատ ատեան, Համալիրի խորհրդատու մարմին, Ընկերային յանձնախումբ, Բնակարանային յանձնախումբ, Համալիրի շինարարական յանձնախումբ, Դամբարաններու օրինականացման յանձնախումբ, Գերեզմաններու բարեզարդման յանձնախումբ, Կալուածներու շահարկման մարմին, «Գագիկ Ծառուկեան Համալսարանական Ֆոնտ»-ի մարմին, «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահի վարչութիւն, Առաջնորդարանի երիտասարդական վարչութիւն, Առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմին եւ Առաջնորդարանի արխիւներու յանձնախումբ:
Ազգային վարչութեան ատենապետը նաեւ ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի պաշտօնական բացման առիթով վեհափառ հայրապետի Լիբանանի թեմ հովուապետական այցելութեան ծրագիրին մանրամասնութիւնները:
Այնուհետեւ ժողովականները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին եւ առաջարկներ կատարեցին Ազգային վարչութեան:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ազգային երեսփոխաններուն, որ ներկայ գտնուելով սոյն ժողովին մասնակից դարձան` իրենց ներդրումը ունենալով ժողովական կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ իրենց արտայայտած մտահոգութիւնները մեր կեանքին մէջ կը վերածուին աշխատանքի եւ դրականօրէն կ՛ազդեն մեր համայնական կեանքին վրայ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ շատ հարցեր կան, որոնք կ՛աւելնան պայմաններու բերումով սակայն գոհունակութիւն յայտնեց, որ տակաւին կրնանք հաւաքել այսքան կամաւոր մարդուժ, որ յայտարար է, թէ մեր ժողովուրդի զաւակները տակաւին եկեղեցւոյ, ազգին հանդէպ հաւատք ունին եւ պատրաստակամութիւնը ունին իրենց մասնակցութեամբ նոր կեանք եւ նոր մղում տալու մեր գնացքին:
Շահէ եպս. Փանոսեան մաղթեց, որ յառաջիկայ երկամեակին մեր ունեցած մտահոգութիւնները լուծուին եւ մենք մեզ տեսնենք նոր ընթացքի մը մէջ, որ մեզ տանի դէպի նորանոր նուաճումներ: Ապա սրբազան հայրը աղօթքով փակեց ժողովը: