Հալէպի մէջ նախանցեալ առաւօտ վիրաւորուած Սարգիս Գույումճեան երէկ առաւօտեան Հալէպի «Ալ Ռազի» հիւանդանոցին մէջ կնքեց իր մահկանացուն: Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Զոհուած հայորդիին յուղարկաւորութիւնն ու թաղմանական կարգը կատարուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Յիշեցնենք, որ Սարգիս Գույումճեան Հալէպի Նոր Գիւղի փուռին մօտ ծանրօրէն վիրաւորուած էր: