«Գանձասար» կը հաղորդէ, թէ երէկ առաւօտեան, Նոր Գիւղի փուռին մօտ ուղեկորոյս փամփուշտի մը հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուած է հալէպահայ Սագօ Գույումճեան եւ փոխադրուած է հիւանդանոց:
Շտապ օգնութեան աղբիւրները յայտնած են, որ փամփուշտը մտած է անոր գանկին մէջ: Գույումճեանի առողջական վիճակը ծանր է: