Ուրբաթ, 5 օգոստոս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը:
Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ խորհրդակցութեանց նիւթ դարձան Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները: Դեսպան Մկրտչեան նաեւ տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող տնտեսական կապերուն մասին: