Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով Աղօթքի Շաբթուան Մասնակիցները Կը Ստնանան Հայրապետական Օրհնութիւն

August 13, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Cath_81216

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը կանխող շաբթուան ընթացքին, այս տարի անգամ մը եւս Ս. Աստուածածին վանքի մատրան մէջ ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրոց սերտողութիւն եւ խորհրդածութիւն: Աղօթքի եւ դասախօսական այս շարքը առաջնորդուեցաւ «Հետեւինք Աստուածամօր ուղիին» նշանաբանով:

Դասախօսութիւնները եւ Ս. Գրոց սերտողութիւններն ու խորհրդածութիւնները կատարեցին կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը, որոնք վեր առնելով Ս. Աստուածամօր օրինակը, առաջնորդեցին մասնակից հաւատացեալները խնդրելու Ս. Կոյսին բարեխօսութիւնը:

Ս. Գրոց սերտողութեան վերջին օրը` ուրբաթ, 12 օգոստոս 2016-ին, տեղի ունեցած հոգեւոր լսարանէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ս. Աստուածածնայ վանքի վեհարան դահլիճին մէջ, ընդունեց աղօթքի շաբթուան իրենց մասնակցութիւնը բերած ուխտաւոր կիները եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց` Ս. Աստուածածնին հանդէպ իրենց ունեցած ակնածանքին ու հաւատքի գիտակցութեան եւ Ս. Աստուածածնայ վանքին նկատմամբ իրենց ունեցած կապուածութեան համար:

Աղի Եւ Խունկի Օրհնութիւն` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Cath1_81216

Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի ուխտագնացութեան ծիրին մէջ, ուրբաթ, 12 օգոստոս 2016-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աստուածածին վանքի Նահատակաց խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ աղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը` մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու եւ ուխտաւոր հաւատացեալներու:

Աղօրհնէքի արարողութեան նախագահեց Շնորհք վրդ. Աշըգեան, որ մեր հայրապետներուն աղօթքներով ու բարեպաշտ ժողովուրդի խոր հաւատքին գիտակցութեամբ կատարեց աղի եւ խունկի օրհնութիւնը:

Աստուածաշնչական եւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն աղի եւ խունկի օրհնութենէն ետք Ս. Աստուածածնայ ուխտի առիթով նուիրուած մատաղցու ոչխարները օրհնուեցան ու «մաքրուեցան» օրհնուած աղով` պատրաստուելու համար զենումի:

Աւարտին ներկայ հաւատացեալները իրենց հետ առին աղ եւ խունկ` Ս. Աստուածածնայ օրհնութիւնը տանելու համար իրենց տուները:

Նախորդը

Հալէպահայ Սարգիս Գույումճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց

Յաջորդը

95 Տարի Ժողովուրդին Ծառայութեան Մէջ. 10 Տարիէ Ի Վեր Ամառնային Դպրոցի Միջոցով` Հայ Պատանիներուն Կողքին

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս Եւ Բժշկական Առաքելութեան Ղեկավարը Անթիլիասի Մէջ

October 12, 2026
Հաղորդագրութիւն.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հրաւիրեց Նաւասարդեան Խաղերու Բացման Հանդիսութեան

October 12, 2026
Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Տեսակցեցաւ ԼՕԽ-ի Պատասխանատուներուն Հետ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.