Գաղութային

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու  Սիւնհոդոսի Պաշտօնական Բացում

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Պաշտօնական Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 25 օգոստոս 2016-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ սկիզբ առին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսական նիստերը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի, Պոլսոյ, Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի,  Եգիպտոսի, Պաղտատի , Սուտանի, Պարսկաստանի, Ֆրանսայի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Արժանթինի, Լատինական Ամերիկայի, Յունաստանի, Երուսաղէմի եւ Յորդանանի թեմերու առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ Զմմառու...

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ.  «Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ»  Խորագիրով Գիտաժողովը  Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ. «Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ» Խորագիրով Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին նախաձեռնութեամբ 25 օգոստոսին, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ սկսաւ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» խորագիրով գիտաժողովը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայաստանի Հանրապետութեան  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Երեւանի պետական համալսարանի ղեկավար Արամ Սիմոնեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարկի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեան: Ողջունելով գիտաժողովին...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Ցաւակցագիր Մը Յղեց Իտալիոյ Կառավարութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ցաւակցագիր Մը Յղեց Իտալիոյ Կառավարութեան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ,  Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիի ճամբով, Իտալիոյ կառավարութեան յղեց հետեւեալ ցաւակցական նամակը. ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը Իտալիան հարուածած ուժգին երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Իտալիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին: Սգացողներուն, վիրաւորներուն եւ այս ողբերգութենէն ազդուած բոլոր մարդոց մասին կը մտածենք ու անոնց համար կ՛աղօթենք: Կը խնդրենք ձեզմէ մեր խորին ցաւակցութիւնն ու...

Խորհրդակցութիւններ Սիսի  Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Խորհրդակցութիւններ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Շուրջ

Անցնող օրերուն, Արամ Ա. կաթողիկոս շարք մը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին շուրջ, Ժընեւի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը 27 ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ մէջ դատ բացած էր` պահանջելով Սիսի կաթողիկոսարանի պատմական կալուածը: Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն միջեւ ստեղծուած նոր պայմաններն ու անոնց հաւանական...

ՀՅԴ Երիտասարդական Շրջանային  Բանակումը Սկսաւ Կիպրոսի Մէջ

ՀՅԴ Երիտասարդական Շրջանային Բանակումը Սկսաւ Կիպրոսի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու  շրջանային բանակումը իր աշխատանքները սկսաւ 22 օգոստոս 2016-ին, Կիպրոսի Թրոտոս լեռնաշղթայի բանակավայրերէն մէկուն մէջ: Բանակումին կը մասնակցին կուսակցական 13 շրջաններէ աւելի քան 65 երիտասարդներ: Մասնակիցներ կան Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Ֆրանսայի, Շուէտի, Հոլանտայի, Բրիտանիոյ, Արցախի, Հայաստանի, Կիպրոսի եւ այլ շրջաններէ: Բանակումի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 22 օգոստոսի...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանահայ գաղութը թիւով քիչ սփիւռքահայ այն գաղութներէն է, որոնք մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն իրենց նոր սերունդներուն հայեցի ամուր դաստիարակութիւն տալուն` իրենց բնակած երկիրներուն բարենպաստ պայմանները օգտագործելով: Անիկա այն գաղութներէն է, որոնք հակառակ վերջին տասնամեակներու կեանքի դժուար պայմաններուն` յամառօրէն մեծ ներդրումներ կ՛ընեն պահպանելու, արդիականացնելու եւ զարգացնելու համար հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու ցանցը. արդիականացում եւ զարգացում թէ՛ նիւթեղէն կառոյցներու, թէ՛ մարդուժի մարզերուն մէջ: Արդարեւ,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով  Իր Խորհրդակցութիւնները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան Գծով Իր Խորհրդակցութիւնները

Ժընեւի մէջ, Երեքշաբթի 16 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ տեսնուելէ ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան գծով: Այս ծիրին մէջ, դարձեալ Ժընեւի մէջ, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ միջ-եկեղեցական այն կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) ճամբով իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն: Յայտնենք,...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան  Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը  «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Հռչակման 25-Ամեակ». Երէց Պատանիներու  Տարեկան Բանակում

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակ». Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում

  ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ» պատանիներու բանակումը, կրտսեր պատանեկան շարքերով սկսած երեքշաբթի, 9 օգոստոսին, ապա շարունակուեցաւ 14-21 օգոստոսին, այս անգամ երէց պատանիներուն համար` Այնճարի մէջ: Բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ կիրակի, 14 օգոստոսին` ներկայութեամբ 137 պատանիներու: Ընդհանուր վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Արազ Նաշալեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց բանակումի նիւթին կարեւորութիւնը`...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ.  Պանք Օթոմանի Գրաւման  120-Ամեակի Հանդիսութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ. Պանք Օթոմանի Գրաւման 120-Ամեակի Հանդիսութիւն

120 տարի... եւ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն երգելով փառքը հիւսել Պանք Օթոմանի գրաւման պատմակշիռ իրողութեան, կը շարունակեն դաստիարակուիլ հայու ազգային- գաղափարական ինքնագնահատման ուղիով: 120 տարի... եւ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդները կը շարունակեն կոփուիլ այն բացարձակ ճշմարտութեամբ, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան յեղափոխական զէնքը կրնայ բանալ նոր հորիզոններ, կրնայ հարուածել թշնամին բոլոր ճակատներուն վրայ եւ բոլոր պայմաններուն մէջ կրնայ խրոխտ պահել հայու ազատատենչ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Քուէյթի Թեմը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Անցնող շաբաթավերջին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի թեմի եւ շրջակայ երկիրներու հայոց առաջնորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեանը եւ Ազգային առաջնորդարանի ու շրջանին մէջ գործող զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: Պատուիրակութիւնը զեկուցում տուաւ շրջանին մէջ տարուած ազգային-եկեղեցական գործունէութեանց մասին եւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Քուէյթի մէջ նոր եկեղեցւոյ ու Ազգային առաջնորդարանի կառուցման հոլովոյթին: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը...

Պուրճ Համուտի Հանրային Պարտէզի  Հանդիսաւոր Բացում Եւ Մարաշ Թաղի  Վերանորոգման Աշխատանքներու Ստուգում

Պուրճ Համուտի Հանրային Պարտէզի Հանդիսաւոր Բացում Եւ Մարաշ Թաղի Վերանորոգման Աշխատանքներու Ստուգում

Վեց ամսուան վերակառուցման աշխատանքներէ ետք, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը նախանցեալ օր պաշտօնապէս եւ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարեց հանրային պարտէզի մը, որուն վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող հանրային պարտէզի բացումին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Շէնքերուն  Կից Գտնուող Հանրային Պարտէզի Պաշտօնական  Բացում Եւ Նոր Մարաշ Թաղի  Վերանորոգման Ծրագիրի Ստուգում

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Շէնքերուն Կից Գտնուող Հանրային Պարտէզի Պաշտօնական Բացում Եւ Նոր Մարաշ Թաղի Վերանորոգման Ծրագիրի Ստուգում

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը` գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով բացումը կատարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող հանրային պարտէզին: Հանդիսաւոր բացումին ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ներկայացուցիչը, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Մարինա Լուճոտիչէ, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Սուհէյր Ղալի եւ շրջանի բնակչութիւնը:   Նշենք,...

Կազդուրման Կայանի Փակման Հանդէս

Կազդուրման Կայանի Փակման Հանդէս

Կազդուրման կայանի 2016-ի ամրան փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 14 օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի ԼՕԽ-ի  «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ, ընկերային յանձնախումբի անդամներ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներ, Հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէն քոյր Թէօպիսթէ, Գըլպաշեան ընտանիքի անդամները, բարերարներ, հայրենակիցներ եւ ծնողներ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Գլխաւոր Բանագնաց Տը Միսթուրայի Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Գլխաւոր Բանագնաց Տը Միսթուրայի Հետ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակը կը հաղորդէ, թէ երէկ երեկոյեան, Ժընեւի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ: Հանդիպման մասնակցեցան Տը Միսթուրայի երկու գլխաւոր օգնականները, իսկ վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան եւ Ժընեւի մէջ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական ներկայացուցիչ Թենի Սիմոնեան: Հանդիպումը տեւեց...

Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան  Միութեան Համահայաստանեան Բանակումը`  Ի Յիշատակ Վահան Յովհաննիսեանին

Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Պատանեկան Միութեան Համահայաստանեան Բանակումը` Ի Յիշատակ Վահան Յովհաննիսեանին

Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերէն աւելի քան 100 պատանիներ այս շաբաթ կ՛անցընեն ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան` Քանաքեռաւանի մէջ գտնուող բանակավայրին մէջ: Սկիզբ առած է  միութեան համահայաստանեան բանակումը: Այս տարի արդէն երկրորդ համահայաստանեան բանակումն է, որ տեղի կ՛ունենայ ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան կազմակերպութեամբ: Այս բանակումը նուիրուած է դաշնակցական գործիչ ու մտաւորական Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին: Ընտրութիւնը խորհրդանշական է. 16 օգոստոսին կ՛ամբողջանար Վահան Յովհաննիսեանի...

Հաղորդագրութիւն.  Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէնը  Մասնակցեցաւ Համահայկական  Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տնօրէնը Մասնակցեցաւ Համահայկական Կրթական 7-րդ Խորհրդաժողովին

1 օգոստոս 2016-ին, Առնօ Պապաճանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համահայկական կրթական 7-րդ խորհրդաժողովի բացման հանդիսութիւնը` կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ մասնակցութեամբ 19 երկիրներէ հայկական կրթական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու շուրջ 100 ներկայացուցիչներու` տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ կրթական մարզի մասնագէտներու: Այս առիթով կարդացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը, եւ ողջոյնի խօսքեր փոխանցեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ...

Նոր Հրատարակութիւն

Նոր Հրատարակութիւն

Աստուածամօր վերափոխման տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ դաստիարակչական հրատարակութիւններու բաժանմունքը հրատարակեց իր «Եկեղեցի եւ ժողովուրդ» մատենաշարին 4-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ «Աստուածածին Մարիամ եւ անոր վերափոխման խորհուրդը» խորագիրը: Գրքոյկին հեղինակն է բաժանմունքի վարիչ Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան:

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայաստանը, Արցախը  Եւ Հայութիւնը Ամէն Բանէ Վեր»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հայաստանը, Արցախը Եւ Հայութիւնը Ամէն Բանէ Վեր»

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ Հազարաւոր Ուխտաւորներ Մասնակցեցան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Արարողութեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնը, որ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամէնէն հինը, հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ: Այս առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին  եւ ներկայութեամբ միաբան հայրերուն, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Եփրեմ արք. Թապաքեան:...

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 13 օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Ազգային վարչութեան` շեշտելով, որ լիբանանահայ գաղութը առանցքային դեր ու նշանակութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան...

Մարտունիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարի Փակման Արարողութիւնը

Մարտունիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարի Փակման Արարողութիւնը

13 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) «Անուշ հայրենիք» ճամբարի փակման արարողութիւնը: Փակման ձեռնարկին ընթացքին պատանիները հանդիսատեսին ներկայացուցին ճամբարի երկու շաբաթներուն ընթացքին իրենց սորված ազգային երգն ու պարը, հանդէս եկան նաեւ փոքրիկ ներկայացումով: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը արդէն չորրորդ տարին է, որ Արցախի մէջ կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբարներ, ուր իրենց ամառնային հանգիստը կ՛անցընեն  աւելի...

Page 293 of 364 1 … 292 293 294 … 364

Արխիւներ