Գաղութային

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի յուլիսի 6-ի թիւ 490-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն. 15767, 15766, 15770, 15768, 15873, 15738, 15800, 15871, 15906, 15434, 15433, 15592, 15816, 15968, 15757, 15834, 15901, 15900, 15997, 15922, 15764, 15864, 15420, 15429, 15924, 15782, 15849, 15946, 15891, 15895, 15821, 15936, 15751, 15884,...

Ցաւակցագիր

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2016 թուականի յուլիսի 6-ի թիւ 491-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 15928, 15805, 15557, 15260, 15412, 15611, 15646, 5603, 15253, 14988, 15854, 15853, 15547, 15563, 15330, 15292, 15553, 15580, 15669, 15472, 15902, 15471, 15803, 15476, 15450, 15326, 15894, 15996, 15317, 15741, 15969, 15933,...

Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ  Հանդիպում` ԶՈՄ-ականներու  Եւ Պատանեկան Միութեան Սաներու Հետ

Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» Կեդրոնին Մէջ Հանդիպում` ԶՈՄ-ականներու Եւ Պատանեկան Միութեան Սաներու Հետ

Արցախի ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ 30 յուլիսին հիւրընկալուած են Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ եւ Իրանի Նոր Ջուղայի ՀՅԴ «Թադեւոս Թադեւոսեան» պատանեկան միութեան սաները: Անոնք ընդունուած են ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ժիրայր Շահիջանեանի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին...

Նսօտտ Արամ Ա. Կաթողիկոս Օգոստոս Ամիսը Կը Հռչակէ Ս. Աստուածածնայ Ամիս

Նսօտտ Արամ Ա. Կաթողիկոս Օգոստոս Ամիսը Կը Հռչակէ Ս. Աստուածածնայ Ամիս

Ս. Աստուածածինը հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ առանցքային տեղ ունի: Մեր եկեղեցւոյ մտածողութեան ու վկայութեան եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ Ս. Աստուածածինը եղած է մնայուն ներկայութիւն եւ աղբիւր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման: Մեր ժողովուրդը յատուկ երկիւղածութեամբ մօտեցած է Ս. Աստուածածինին` անոր անունով եկեղեցիներ ու ուխտավայրեր կանգնած եւ ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը օգոստոս ամիսը Ս. Աստուածածնայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական  Այցելութիւն Տուաւ Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութիւն Տուաւ Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանները

Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանի հայ համայնքները ուրախութեան ու յուզումի պահեր ապրեցան, երբ դիմաւորեցին Արամ Ա. կաթողիկոսը, 28-29 յուլիս 2016-ին: Արդարեւ, Սուրիոյ պատերազմին ստեղծած բոլորին ծանօթ պատճառներով, Սուրիոյ հայ գաղութը դիմագրաւեց լուրջ դժուարութիւններ: Վեհափառ հայրապետը զանազան առիթներով կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին գործնապէս իր զօրակցութիւնը յայտնելու Սուրիոյ հայութեան: Ընդառաջելով վեհափառ հայրապետին կոչերուն հանգանակութիւններ կատարուեցան գաղութներուն մէջ եւ Կիլիկեան Ս. աթոռին ճամբով փոխանցուեցան ժողովուրդի...

Արամ Կաթողիկոս Քեսապ Եւ Թարթուս Այցելեց

Արամ Կաթողիկոս Քեսապ Եւ Թարթուս Այցելեց

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովուապետական այցելութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններ, որ սկսած էր Լաթաքիայէն, շարունակուեցաւ Յուլիս 29ին Քեսապ այցելութեամբ, ուր կաթողիկոսը հանդիպում ունեցաւ իր հօտին հետ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթեց վեհափառ հայրապետին, իսկ վեհափառը իր հովուական պատգամը ամբողջովին նուիրեց Քեսապի պատմական ու պահանջատիրական պայքարի կարեւորութեան, անցած...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ`  12-րդ Տարին Ըլլալով «Դէպի Երկիր» Գործուղումը  Կ՛ընթանայ Մեծ Խանդավառութեամբ

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ` 12-րդ Տարին Ըլլալով «Դէպի Երկիր» Գործուղումը Կ՛ընթանայ Մեծ Խանդավառութեամբ

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումը այս տարի յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով ընթացք առաւ Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Բերձոր շրջաններուն մէջ` խորագիր ունենալով յաջորդաբար «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է»: Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ աշխատանքները սկսած են արդէն, եւ շրջաններուն մէջ կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն: Ճամբարները ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, որ կը բաղկանայ պատմական, ազգային, մշակութային, ընկերային...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Այսու կու գանք պաշտօնապէս ծանուցելու, որ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Խառն ժողովը յառաջիկայ երկամեակին համար յառաջացուց Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդը (Նախադատ ատեան), որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ հոգեւորական եւ աշխարհական անդամները.- - Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքէզեան - Արժ. Տ. Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան - Արժ. Տ. Սիմէոն քհնյ.Կարապետեան - Զօր. Փանոս Մանճեան - Տիկին Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան - Տիար...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սուրիահայ  Գաղութը Պիտի Գոյատեւէ Եւ Բարգաւաճի»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Սուրիահայ Գաղութը Պիտի Գոյատեւէ Եւ Բարգաւաճի»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Սուրիոյ ծովեզերեան շրջաններ տուած հովուապետական այցելութիւնը սկսաւ Լաթաքիայէն: Վեհափառ հայրապետը Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն, ապա եկեղեցւոյ կից` «Արարատ» սրահէն, հաւաքուած բազմութեան փոխանցեց իր հովուապետական օրհնութիւնը, ապա շեշտեց, թէ` «հարիւր տարիներ առաջ երբ հայը Թուրքիոյ մէջ մահ ու կոտորած տեսաւ, ապա Սուրիոյ մէջ գտաւ եղբայրական սէր ու համերաշխ գոյակցութիւն: Սուրիահայ գաղութը կապուած է իր...

Մայր Թերեզա Կալկաթացի Պիտի Սրբադասուի.  Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան` Հայաստանի Մայր Թերեզան

Մայր Թերեզա Կալկաթացի Պիտի Սրբադասուի. Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան` Հայաստանի Մայր Թերեզան

4 սեպտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս պապը Վատիկանի Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ Մայր Թերեզա Կալկաթացիի սրբադասման արարողութեան: Նշենք, որ Մայր Թերեզա Կալկաթացին մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ կաթողիկէ մայրապետ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի վրայ, որ իր կարգին ճանչցուած է իբրեւ Հայաստանի Մայր Թերեզան: 1945-ին Հալէպի մէջ ծնած եւ ապա Սուրիոյ եւ Պէյրութի մէջ ապրած քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, 20 տարեկանին անդամակցած էր...

Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակի  Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

Լիզպոնի Գործողութեան 33-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ,   երէկ` չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 33-ամեակի ոգեկոչում: Տարեցն ու երիտասարդը, պատանին ու փոքրը խիտ շարքերով համախմբուած էին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն` յարգանքի տուրք մատուցելու Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներու յիշատակին: Բոլոր ներկաները նախ ուղղուեցան Լիզպոնի հերոսներուն դամբարանը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:...

Լէյլա Սոլհ-Համատէ Դարձաւ Ազգային  Առաջնորդարանին Հիւրը Եւ Հաստատեց. «Հայերը Լիբանանի Մէջ Հիւրեր Չեն,  Անոնք Մեր Եղբայրներն Են»

Լէյլա Սոլհ-Համատէ Դարձաւ Ազգային Առաջնորդարանին Հիւրը Եւ Հաստատեց. «Հայերը Լիբանանի Մէջ Հիւրեր Չեն, Անոնք Մեր Եղբայրներն Են»

Երէկ` չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ին, «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ  յատուկ առաքելութեամբ այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տունը, որմէ ետք ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի նորակառոյց Ազգային միացեալ վարժարան եւ վերջապէս ներկայ գտնուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ`  ի պատիւ իրեն կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին, Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՔԱՀԼ-ի  մուտքին Լէյլա...

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական7-րդ Համագումարի Բացում

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Խմբապետական7-րդ Համագումարի Բացում

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ 27-էն 31 յուլիս 2016 տեղի կ’ունենայ Համա-ՀՄԸՄ-ական խմբապետական 7-րդ համագումարը Երեւանի մէջ: Համագումարին, որուն բացումը տեղի ունեցաւ 27 յուլիսին, կը մասնակցին 18 երկիրներէ 28 բարձրաստիճան խմբապետներ, ինչպէս նաեւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան խմբապետը: Համագումարին կը մասնակցին նաեւ երկու օժանդակ խմբապետներ: Համագումարին բացումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Կովկաս» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի  11-րդ Համաժողովի  Նախապատրաստական Վերջին Ժողովին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովի Նախապատրաստական Վերջին Ժողովին

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը կը պատրաստուի գումարել 11-րդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 5-8 սեպտեմբեր 2016-ին, Ամմանի մէջ, Յորդանան: Նախապատրաստական աշխատանքերու վերջին ժողովը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանի ժողովասրահին մէջ: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` իբրեւ խորհուրդի նախագահներէն մին, նախագահեց այս կարեւոր ժողովին, որուն ընթացքին վերջնականացուեցաւ համաժողովի օրակարգը եւ արծարծուեցան կազմակերպչական այլ անհրաժեշտ հարցեր:...

Սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի  Տարեկան Բանակումը

Սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումը

Կիրակի, 24 յուլիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի տարեկան բանակումի բացման արարողութիւնը, Ըրնէյիլ-Սալիմա շրջանին մէջ: Ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-էն սկսեալ, մասնաճիւղի խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը, խումբերու բաժնուած, պատրաստեցին բանակավայրի մուտքը, դրօշակի կայմը, խոհանոցը, լուացարանները եւ լարեցին մոկլիներուն վրանները: Չորեքշաբթի, հինգշաբթի, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը բանակավայր պիտի հասնին գայլիկները, արծուիկներն ու մոկլիները: Բանակումին ընթացքին խումբերը պիտի ունենան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Բ. Պատրիարքը Ներկայացնող  Պատուիրակութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Թէոդորոս Բ. Պատրիարքը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, պատրիարքի խորհրդական դոկտ. Կրկես Սալեհ եւ Լիբանանի ղպտի համայնքի ներկայացուցիչը: Հանդիպման սկիզբը դոկտ. Սալեհ վեհափառ հայրապետին յանձնեց ղպտի պատրիարքին կողմէ առաքուած անձնական նամակ մը: Վեհափառ հայրապետը բարի գալուստ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը կազդուրման կայանն է, որ կը միտի  պատրաստել առողջ միտք, հոգի եւ մարմին, 6-12 տարեկան պատանիներու եւ պարմանուհիներու համար, որոնք արհեստավարժ պատասխանատուներու հսկողութեամբ կը հետեւին դաստիարակչական, ընկերային եւ մարզական աշխատանքներու: Կազդուրման կայանը այս տարի ընթացք առաւ երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ: 41 փոքրիկներ,...

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Մասնակցեցաւ  «Իմ Հայաստան» Համահայկական Երրորդ Փառատօնի  Բացման Հանդիսութեան Եւ Պարգեւատրուեցաւ  Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկիէ Մետալով

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Մասնակցեցաւ «Իմ Հայաստան» Համահայկական Երրորդ Փառատօնի Բացման Հանդիսութեան Եւ Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկիէ Մետալով

Ուրբաթ, 22 յուլիսին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պարարուեստի օրերու սկիզբով տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին բարձր հովանաւորութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք  Նաւասարդ արք. Կճոյեան Տէրունական աղօթքով օրհնեց փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ողջոյնի ուղերձը ներկայացուց սփիւռքի նախարար Հրանուշ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոսը «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

Ուրբաթ, 22 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական եւ տեղեկատուական բաժանմունքներու վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեանի եւ լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, այցելութիւն տուաւ կաթողիկոսարանի հովանիին տակ գործող «Թռչնոց բոյն» հաստատութիւնը, ուր դիմաւորուեցաւ հաստատութեան պատասխանատուներուն կողմէ: Վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան հետ եւ մօտէն տեղեակ դարձաւ հաստատութեան գործունէութեան ու ապագայի ծրագիրներուն: Վեհափառ հայրապետը նաեւ...

ԶՈՄ-ը` Դէպի Հայրենիք

ԶՈՄ-ը` Դէպի Հայրենիք

«Դէպի Երկիր» կարգախօսին հանդէպ խոր հաւատք տածելով` ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպեց իր` յաջորդաբար 12-րդ տարին ըլլալով տարեկան գործուղումը Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Քաշաթաղ մարզերուն մէջ, նշանաբան ունենալով «Քաշաթաղը իմ տունն է» եւ «Կոտայքը իմ տունն է»: Երէկ կէսօրուան ժամերուն զաւարեանական 16 ընկերներ ուղղուեցան երկիր` գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք կապերու...

Page 295 of 364 1 … 294 295 296 … 364

Արխիւներ