Հայրենի Երկու Արուեստագէտներ Այցելեցին «Ազդակ»
Երէկ` կիրակի, 20 նոյեմբերի երեկոյեան, «Ազդակ» այցելեցին գեղանկարիչ Գէորգ Եղիազարեանն ու բեմադրիչ Վահագն Զաքարեանը: Անոնք Լիբանան եկած են` յատուկ ներկայ գտնուելու համար Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին եւ «Նոազ Արք» ցուցասրահի 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսին: Գէորգ Եղիազարեան Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան ծանօթ է 1990-ական թուականներէն: Լիբանանի մէջ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք, ան կարճ ժամանակի ընթացքին կրցաւ շօշափելի անուն եւ հեղինակութիւն ձեռք բերել...




















