Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Կրթանպաստի Յանձնախումբ. Հարիւրաւոր Աշակերտներ Ստացան Իրենց Կրթանպաստները

Նոյեմբեր 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokh-3_111816

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում հաւաք մը` ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ բազմաթիւ հայ ծնողներու եւ աշակերտներու:

lokh-1_111816Հանդիպումը սկսաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կրթանպաստի յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Սիւզան Օհանեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ ԼՕԽ-ը, իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս, հաւատարմօրէն տէր կանգնած է հայ անհատին, տարեցին, կարիքաւորին, աշակերտին եւ հիւանդին, ապա յայտնեց, թէ կրթանպաստի յանձնախումբին գլխաւոր նպատակն է սատարել հայ վարժարանին` նեցուկ կանգնելով ուսման կարօտ հայ աշակերտին եւ թեթեւցնելով ծնողներուն բեռը: Ան աւարտեց իր խօսքը հաստատելով, որ լիբանանահայ գաղութի կենսունակութեան ու ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ մեծ դեր ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ ԼՕԽ-ը` իր բոլոր յանձնախումբերով եւ մասնաճիւղերով:

Ցուցադրուեցաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան մասին պատմող ու վկայող տեսերիզ մը, որուն պատրաստութեան համար յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Հելեն Խայեաթին:

lokh-2_111816Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեանը, որ ներկայացնէ «ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը եւ հայ դպրոցը» նիւթը: Վիգէն Աւագեան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայ դպրոցը ԼՕԽ-ի համար եղած է ու կը մնայ ուշադրութեան հիմնական առանցքը: ԼՕԽ-ի կանոնագիրը առանձին կէտով կնոջական այս կազմակերպութենէն կը պահանջէ նիւթապէս օժանդակել հայկական վարժարան յաճախող արժանաւոր աշակերտներուն եւ նպաստել հայոց լեզուի ու մշակոյթի ուսուցման:

Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս ԼՕԽ-ը անցնող տարիներուն տարեկան օժանդակած է 300-է աւելի աշակերտի, ապա հաստատեց, որ ԼՕԽ-ը հայ դպրոցի կողքին եղած է, որպէսզի հայ ծնողքը կարօտեալ չմնայ, օտարին դռները չզարնէ եւ կարենայ հայ դպրոցի երդիքին տակ իր զաւակները մեծցնել ազգային արժանապատուութեամբ:

Վ. Աւագեան  անդրադառնալով ԼՕԽ-ի կրթական առաքելութեան ըսաւ, որ մարդիկ պէտք է իմանան, որ ԼՕԽ-ը` իր Շրջանային վարչութեամբ եւ մասնաճիւղերով, տարեկան 60 հազար տոլարի օժանդակութիւն կը կատարէ հայկական վարժարաններուն, որպէսզի մեր զաւակները հայաշունչ մթնոլորտի մէջ կրթութիւն ստանան եւ դառնան առողջ, ուսեալ եւ յանձնառու ծնողներ: «Առողջ գաղութ եւ հզօր ազգ ունենալու համար, մենք պէտք է ունենանք ուսման ծարաւը ունեցող, օրուան զարգացումներուն հետ քայլ պահող, հայեցի դիմագիծով ծնողներ, որոնք պիտի հանդիսանան մեր վաղուան յաջողութիւններուն գրաւականը», ըսաւ Վ. Աւագեան, ապա կարեւորութեամբ խօսեցաւ կրթական քաղաքականութեան փոխադարձութեան սկզբունքին մասին եւ ներկայ ծնողներուն թելադրեց շնորհակալ ըլլալ ԼՕԽ-ին, նիւթապէս ու բարոյապէս թիկունք կանգնիլ անոր աշխատանքներուն եւ իրենց նորահաս զաւակները մղել, որ օտար ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մէջ գործելու փոխարէն, մաս կազմեն ԼՕԽ-ին եւ հոն կամաւոր աշխատանք տանին յօգուտ իրենց ժողովուրդին, որովհետեւ ԼՕԽ-Ի ճամբով կատարուածը սովորական բարեսիրական աշխատանք չէ, այլ նուիրական ծառայութիւն է եւ ազգապահպանման գործ:

Վ. Աւագեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Անցնող 86 տարիներուն ԼՕԽ-էն օգտուած բազմահազար աշակերտները, որոնք այսօր դիրքերու հասած հասուն մարդիկ են, փոխադարձութեան կարգով եւ երախտապարտութեան զգացումով, իրենց առածէն մասնիկ մը միայն եթէ վերադարձնեն այս կազմակերպութեան, արդէն գործին շարունակականութիւնը ապահովուած կ՛ըլլան եւ կրթութեան գործը աւելի ամուր հիմերու վրայ դրուած կ՛ըլլայ»:

Ձեռնարկի աւարտին Սիւզի Օհանեան ծնողներուն եւ ներկաներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան այս տարուան կրթանպաստները տրամադրելուն առիթով:

Հանդիպումի աւարտին ծնողները ստացան իրենց զաւակներուն տրամադրուած կրթանպաստները:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Հին Կաթողիկէ Եկեղեցին Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?