Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Երկու Արուեստագէտներ Այցելեցին «Ազդակ»

November 21, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

arvesdaked_112016

Երէկ` կիրակի, 20 նոյեմբերի երեկոյեան, «Ազդակ» այցելեցին գեղանկարիչ Գէորգ Եղիազարեանն ու բեմադրիչ Վահագն Զաքարեանը: Անոնք Լիբանան եկած են` յատուկ ներկայ գտնուելու համար Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին եւ «Նոազ Արք» ցուցասրահի 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսին:

Գէորգ Եղիազարեան Լիբանանի արուեստասէր հասարակութեան ծանօթ է 1990-ական թուականներէն: Լիբանանի մէջ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք, ան կարճ ժամանակի ընթացքին կրցաւ շօշափելի անուն եւ հեղինակութիւն ձեռք բերել Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր «Wentworth» հեղինակաւոր ցուցասրահին մէջ մշտապէս կը ներկայացուի իբրեւ ժամանակակից լաւագոյն եւ ինքնատիպ գեղանկարիչներէն մէկը: Ան էութեամբ գերիրապաշտ է, սակայն դուրս գալով դասական գերիրապաշտութեան սահմաններէն, կը ստեղծագործէ անհեթեթ գերիրապաշտութեան վրայ, որ ունի նոր հնչեղութիւն եւ արտայայտչաձեւ:

Այս` ինքն իր հոգեւոր ներաշխարհը դրսեւորող կերպարուեստագէտը իրեն հետ բերած է շարք մը կտաւներ, որոնք պիտի ցուցադրուին այլ 25 կերպարուեստագէտներու գործերուն կողքին, վերոյիշեալ զոյգ առիթներով կազմակերպուած ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կեդրոնական Պէյրութի շուկային մէջ (Սոլիտեր), կազմակերպութեամբ` «Նոազ Արք» ցուցասրահին:

Իսկ երկրորդ արուեստագէտը` Վահագն Զաքարեան, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին մէջ կարգ մը յայտագիրներ վարելէ ետք, զուգահեռաբար կը բեմադրէ նաեւ վաւերագրական ժապաւէններ, նախ «Երկիր Մետիա» եւ ապա` «Հ1» պատկերասփիւռի կայաններուն համար:

Ան կը զբաղուի նաեւ մանկավարժութեամբ` դասախօսելով Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ:

«Ազդակ»-ի հետ արուեստագէտներու զրոյցը ընթացաւ մշակութային ոլորտներու մէջ: Մասնաւորապէս հետաքրքրական էին Գէորգ Եղիազարեանի` հայերէն «Այբուբեն»-ի մասին տուած տեղեկութիւնները, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն շահեկան նորութիւններ: Իսկ Վահագն Զաքարեան խօսեցաւ առաւելաբար լրագրական-ընկերային յարաբերութեանց եւ մշակութային-լրագրական նիւթերով, ուր նոյնպէս հանդիպեցանք որոշ նորութիւններու:

Մեկնելէ առաջ գեղանկարիչ Գէորգ Եղիազարեան գեղեցիկ գեղանկար մը նուիրեց «Ազդակ»-ին, որուն նկարը կը հրատարակենք յաջորդիւ:

«Ազդակ» այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ ոչ միայն այս վերջինիս, այլեւ բոլոր այն արուեստագէտներուն, որոնք տարիներէ ի վեր կը շարունակեն արուեստի գործեր ընծայել «Ազդակ»-ին:

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Հովանաւորութեամբ` Սուրիահայ Աշակերտներու Եռամսեայ Դասընթացքի Բացում` Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Դաշնակցական Ուսանողներ Եւ Երիտասարդներ Կը Մասնակցին Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Զօրակցութեան Նուիրուած Ցոյցին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.