Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Ձայնի Խանգարումներուն Մասին Դասախօսութիւն

Նոյեմբեր 18, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

dsc06264

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերա-բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ձայնի խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց քիթի, կոկորդի եւ ականջի մասնագէտ տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ բացատրութիւն տուաւ ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի եւ կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին ծրագիրներուն մասին` բոլորին մաղթելով յաջող, արդիւնաւէտ ծրագիրներ ու աշխատանք:

Տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան  դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով մարդ արարածի ունեցած ձայնային աստուածատուր կարողութիւնը, որ իւրայատուկ իր տուեալներով հաղորդակցութեան լաւագոյն պայմանները կը ստեղծէ անհատին: Անհրաժեշտ է լաւապէս պահպանենք այդ կարողութիւնը եւ նախազգուշական բոլոր պայմանները նկատի ունենանք:

Դասախօսը ներկայացուց շնչառական համակարգը, վերի եւ ստորին շնչառական ուղիները, ուր կան քիթը, բերանը, լեզուն, ըմպանը, կոկորդի ձայնալարերը, շնչափողը, պրոնշները, թոքերը: Շնչառական ստորին բաժինը պաշտպանուած է կրծքավանդակով:

Տոքթ. Փանոսեան մանրամասնօրէն բացատրեց հնչիւնի, ձայնի արտահանման հոլովոյթը, թէ ինչպէ՛ս գոյութիւն ունին անոնց զանազան տեսակները, որոնք բաւական բարդ կենսաբանական ազդակներու արդիւնք են:

Յաճախ զանազան հիւանդութիւններ, որոնք առնչուած են ձայնալարերուն շատ մօտ գտնուող վահանագեղձին, կ՛ազդեն նաեւ ձայնալարերուն վրայ:

Անհատի ձայնալարերը կարելի է քննել ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով: Ներկայիս կայ ժամանակակից կազմած, որուն միջոցով բոլոր մանրամասնութիւնները կարելի է մօտէն տեսնել եւ քննել:

Յաջորդաբար տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան թուեց զանազան հիւանդութիւններ, որոնք առնչուած են կոկորդի եւ ձայնալարերու հետ:

1- Կոկորդի սուր բորբոքում: Երբ պարզ հարբուխը կը զարգանայ եւ կը բարդանայ, ենթական լաւապէս չի հետեւիր իր հիւանդութեան, եւ վերջինս կ՛ազդէ կոկորդին եւ ձայնալարերուն վրայ: Անհրաժեշտ է օգտագործել հակաբորբոքային դեղեր եւ բաւականաչափ հեղուկ:

2- Քրոնիկ երկարատեւ կոկորդային բորբոքում:

ա- Reflux Laryngithis- ուր առկայ է կոկորդի չորութիւն, ձայնի խանգարում, աստիճանաբար երեւոյթը կը բարդանայ: Գլխաւոր պատճառը այն է, որ ստամոքսի թթուն բարձրանալով դէպի վեր, կը յառաջացնէ այրուածք եւ բորբոքումներ:

բ- Կոկորդի սնկային ախտահատում: Պարագաները զանազան են, յատկապէս եթէ ենթական յաճախ եւ երկար ժամանակի վրայ կ՛օգտագործէ հակաբորբոքիչ դեղեր` անթիփիոթիքներ: Բուժումը ընդհանրապէս երկարատեւ է` օգտագործելով հակասնկային դեղորայք:

3- Յաճախ ձայնալարերու սխալ օգտագործումը կրնայ յառաջացնել զանազան հիւանդութիւններ, ձայնի խանգարումեր:

4- Զանազան ուռուցքներ` բարորակ եւ չարորակ: Բարորակ ուռուցքները յաճախ կը պատահին երգիչներուն մօտ, զանոնք վիրահատութեամբ կարելի է հանել` վերադառնալով ձայնային բնական վիճակին: Իսկ չարորակ ուռուցքները կրնան զարգանալ եւ պատճառել ձայնի խանգարումներ, իսկ հետագային` բարդութիւններ: Անհրաժեշտ է վիրահատութեամբ հեռացնել ուռուցքները:

Աւարտին տոքթ. Խաչիկ Փանոսեան ներկաներուն հարցումներուն պատասխանեց զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով:

 

Նախորդը

Փառատօնային Լիբանանէն

Յաջորդը

Համազգայինի Միաւորներու Միջվարչական Հանդիպում

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?