«Ազդակ»-ի 90-Ամեակ. Մեր Ընթերցողներուն
«Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն կը տեղեկացնենք, որ թերթիս 90-ամեակին ընդառաջ արդէն իսկ կազմուած է այս ծիրին մէջ գործելու կոչուած խմբագրական խորհուրդ մը, որ պիտի նախաձեռնէ տարբեր հրատարակութիւններու: Այս առիթով կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմած բոլոր անդամներուն, մեր բարեկամներուն, որպէսզի խմբագրութեանս տրամադրութեան տակ դնեն «Ազդակ»-ի արխիւներուն հետ առնչութիւն ունեցող որեւէ տուեալ, լուսանկար, արխիւային նիւթ, հաւաքածոներ, բացառիկներ` խոստանալով զանոնք...




















