Յայտնաբերուած Են Հալէպի Մէջ Անյայտ Կորսուած Հայ Զինուորներու Դիակները
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ յայտնաբերուած են ամիսներ առաջ Հալէպի հարաւարեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող Հըքմէ դպրոցի մօտ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումներուն ընթացքին Սուրիոյ բանակի անհետացած հայ զինուորներ Յարութ Քահքեճեանի եւ Ժանօ Սեմերճեանի դիակները: Հայորդիներուն դիակները յայտնաբերուած են սուրիական բանակի Հըքմէ դպրոց մուտք գործելէն ետք: Ժանօ Սեմերճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է երէկ` Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Յարութ Քահքեճեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի...




















