Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունձքի Տօն Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ

Աստուածամօր սեղանին
Քեզ կը բերեմ մայր, հունձքերուս նախընծան:
Զոհագործէ՛ սեղանիդ վրայ, ուր դարե՜ր
Փեթակներուս մեղրամոմերը դեղձան
Լոյս ու արցունք են հոսեր:

Դ. Վարուժան

hountsk2-2016_100216

Եօթանասուն տարիներ առաջ Մուսա Լերան ժողովուրդը գաղթեց իր բնօրրանէն, ուր ձգեց իր յոյսերը, երազները, իր դարաւոր օճախը, իր անառիկ լեռներն ու բարեբեր դաշտերը: Եկաւ հոս, Այնճար, ճահճահուտ հողին վրայ իր բոյնն ու օճախը վերահաստատելու, կերտելու իր կեանքը, ապագան, հայ ապրելու հաւատքով, գոյատեւելու ամուր կամքով: Իրեն հետ բերաւ լեզուն ու սովորութիւնները, իղձերը եւ հաւատքը, տհոլն ու զուռնան եւ շուրջպարը: Հազիւ իր նոր բնակավայրը գտած, բազուկները սօթտած լծուեցաւ վերաշինութեան եւ հիմը դրաւ նոր Մուսա լերան մը` Այնճարի իր նոր օճախին, ուր կատարեց իր վարուցան, հիմնեց դպրոցն ու եկեղեցին:

Դարեր ամբողջ հողին հետ ապրած, անբաժան իր մաճէն, խոփէն ու եզներէն, ցանել սկսաւ. թեւին շարժումը ընելով անպարագիծ, որպէսզի բաժին հանէ անկարին ու թշուառին, որբին ու որբեւայրիին, իսկ հունձքերուն նորընծան չմոռցաւ մատուցել սուրբ սեղանին, անոր նշխարին, Աստուածամօր եւ կարիվէր Յիսուսին:

67 տարիներ առաջ Այնճարի մէջ հոկտեմբեր ամսուան առաջին կիրակին կոչուեցաւ «Հունձքի օր» միսիոնարուհի եւ կրթական գործիչ` քոյր Հետուիկի կողմէ , որ իր ծառայութեան դաշտը ընտրած էր հայ ժողովուրդը, ի մասնաւորի Մուսա Լերան զաւակները , նոր հիմադրուած Այնճար հայաւանը:

Շատ գեղեցիկ երեւոյթ է ասիկա, ամբողջ շաբաթ մը կիներ, օրիորդներ, մեծ խանդավառութեամբ կը թակեն գիւղի բոլոր դռները անխտիր. կը հաւաքեն այն, ինչ որ կը տրուի իրենց գոհունակ ժպիտ մը, նիւթական օժանդակութիւն. մամիկի մը լուման եւ արտերուն ու պարտէզներուն բարիքներէն ու բերքերէն` գեղջուկին տքնաջան աշխատանքի արդիւնքէն, որուն մէջ դրած էր հողագործը իր արտերուն յոյզը, բոլոր յոյսերը, բազկին ուժը եւ գոյատեւելու սրբազան հաւատքը: Բաժին կը հանէ ծերին եւ անկարին: Այս հաւաքուած հունձքը եւ բերքը կը տրամադրուի հայ ծերանոցի, ուր մեր պապիկներն ու տատիկները իրենց կեանքի վերջալոյսը ապահով ձեռքերու մէջ կ՛անցնեն. անպայման մեր տարեցներուն օրհնութիւնը ու աղօթքը անձրեւի պէս պիտի թափի մեր արտերուն վրայ:

Հոկտեմբերի առաջին կիրակին Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցին կ՛ունենայ տօնական եւ հանդիսաւոր տեսք: Գիւղի բոլոր բնակչութիւնը, առանց դաւանանքի խտրութեան, հոն ներկայ է, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: Բեմը զարդարուած է դաշտերու բերքերու երփներանգ գոյներով, կանաչեղէնով, հաւատքով եւ յոյսով, ցորենի որայով, խաչբուռով, ներկայութեամբ  հայ ծերանոցի պատսպարեալներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օրուան պաշտամունքին` երգերով, նուագով, ասմունքով, իսկ մեծ մասը լուռ ու մունջ, աղօթքի եւ օրհնութեան պատառիկ մը իրենց շրթներուն ծայրը, արտասուաթոր աչքերով կը հետեւի պաշտամունքին:

hountsk3-2016_100216

Այս տարի եւս Կիրակի, 2 հոկտեմբերին մեր պապիկները եւ տատիկները հիւրընկալուեցան Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ` իրենց հոգածուներուն եւ տնօրէնութեան հետ:Օրուան գոհաբանական պաշտամունքին, եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի կողքին, մասնակցեցաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն ` պատուելի Սեպուհ Թերզեան, ծանօթացնելով հաստատութեան ներքին կեանքը ու իրենց ունեցած ծրագիրները` ծերունիներուն բարօրութեան համար կատարուած ու կատարուող աշխատանքներուն վերաբերող:

Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան օրուան պատշաճ  պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին` ծանրանալով հունձքին եւ մշակին վրայ, բնաբան ունենալով Մատթ. 9.37-38 «Հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ»:

Եկեղեցւոյ մթնոլորտը յուզիչ եւ խորհրդաւոր էր: Մտքովդ կը փոխադրուիս պահ մը հայոց հեթանոս տաճարներն ու մեհեանները, ուր հայոց աւագանիին, թագաւորին ու թագուհիին ներկայութեան, հայ գեղջուկը իր հունձքին նախընծան ու երախայրիքը երկիւղածութեամբ կը նուիրէ իր շատ սիրելի Անահիտ ու Աստղիկ դիցուհիներուն, այն ակնկալութեամբ, որ հայոց չաստուածները ընտանիքը եւ բերքը պահեն բնութեան տարերքէն: Աւանդութիւն մը, որ հասած է մեզի հեթանոս դարերէն ու պատգամ մը Աստուածաշունչէն, ուր որոշուած է երախայրիքներու տօնը (Ելից 2:22):

Ահաւասիկ 21-րդ դարու, հոս, արտերկրի մէջ, Լիբանանի մէկ անկիւնը` Այնճարի հայաւանին մէջ տակաւին ի զօրու է տալու եւ ծառայելու այս տօնը: Տալ սիրայօժար` բերքին լաւագոյնը, ոչ թէ հեթանոս դիցերուն եւ դիցուհիներուն, այլ մեր մամիկներուն ու պապիկներուն, հայ ծերանոցին, որպէսզի անոնք ապահով զգան իրենց կեանքի վերջալոյսի սեմին:

Այս տարի եւս պաշտամունքէն ետք , կէսօրին ունեցանք մեր տարեցներուն հետ միասնական ճաշ, սիրոյ սեղան, պատրաստուած եկեղեցւոյ կիներուն կողմէ: Վարձքը կատար բոլորին. մեր մաղթանքն է, որ յարատեւէ այս գեղեցիկ սովորութիւնը եւ օրինակ դառնայ այլոց ալ:

Հոկտեմբեր 2016

Նախորդը

Համահայկական Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Սրբոց Թարգմանչաց Տօն

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?