Ուրբաթ, 11 նոյեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այցելութեան ընթացքին սրբազան հօր ներկայացուեցաւ նորընտիր Շրջանային վարչութեան յառաջիկայ երկամեակի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան գաղութին դիմագրաւած ընկերային թէ տնտեսական հարցերը եւ անոնց անմիջական լուծումներ գտնելու միտքեր:
Սրբազան հայրը գնահատեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին տարած բոլոր աշխատանքները: Ան նաեւ քաջալերեց կամաւոր ծառայելու ոգին, զոր կը տեսնէ խաչուհիներուն մօտ:
Հանդիպման աւարտին, իր օրհնութիւնը տալէ ետք, առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջանային վարչութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրավիգ կանգնելու ծրագրուած աշխատանքներուն:
ԼՕԽ-Ի
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ