Գաղութային

Լէոնորայի Համերգը` Ի Նպաստ Սուրիահայերուն

Լէոնորայի Համերգը` Ի Նպաստ Սուրիահայերուն

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի վարչութեան, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան Լիբանանի վարչութեան, ՀԲԸՄ ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային միութեան, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ, կատարողութեամբ` սոփրանօ Լէոնորային` Արեւիկ Թանաշեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի` երգեհոնի վրայ նաեւ...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի  Բնակավայրը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածին, երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքին շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարինա Համամճեան, որ լուսարձակի  տակ առնելով Սպարտակ Ղարաբաղցեանի արժէքը` թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, ըսաւ. «Կարելի է իսկապէս...

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ.  Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու  Գերազանց Աշակերտներու  Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Տօնիկեան, որ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ այս հանդիսութեան կարեւորութեան, ինչ որ աւանդութիւն մը դարձած է տարիներէ ի վեր: Տօնիկեան իր խօսքին մէջ նշեց...

Կրէյս Լոճիկեանի «Տը Փարատոքսիքըլ»  Գիրքի Մակագրում

Կրէյս Լոճիկեանի «Տը Փարատոքսիքըլ» Գիրքի Մակագրում

Երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-8:00, «Վըրճըն մեկասթոր»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Կրէյս Լոճիկեանի անդրանիկ գիրքին` «Տը Փարատոքսիքըլ»-ին մակագրութիւնը: Այս առիթով ներկաներուն բարի գալուստի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Կրէյս Լոճիկեան, որ անդրադարձաւ գրականութենէն բաւական հեռու եղող իր մասնագիտութեան զուգահեռ գիրի ու ստեղծագործութեան հետ իր ունեցած արժէքաւոր կապին` դիտել տալով, որ լուսնի լոյսին տակ գրիչ մը, սպիտակ թուղթ մը եւ գաւաթ...

Քեթի Փիրի. «Թուրքիոյ Ճանաչումը  Հայոց Ցեղասպանութեան Պայման Մը Չէ  Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Համար.  Սակայն Անդամակցութեան  Տրամաբանական Հետեւանք Է»

Քեթի Փիրի. «Թուրքիոյ Ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան Պայման Մը Չէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Համար. Սակայն Անդամակցութեան Տրամաբանական Հետեւանք Է»

Չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին, Հոլանտայի հայ համայնքին մաս կազմող հայրենակիցներ այցելեցին Եւրոպական խորհրդարան, Պրիւքսէլ: Այցելութեան մասնակցեցան Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ»  երիտասարդական միութեան, «Անի» Մշակութային միութեան, Հոլանտայի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու` Ալմելոյի, Առնհեմի, եւ Ալքմարի անդամները: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ  Եւրոպական խորհրդարանի աշխատանքներուն, անոր դերակատարութեան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան բնակիչներուն ձայնը հասանելի դարձնող միջոց, եւ ազդեցութեան` Եւրոպայի ներքին եւ արտաքին...

Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ծննդեան  155-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Ֆրիտիոֆ Նանսենի Ծննդեան 155-Ամեակին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Նորվեկիոյ թագաւորութեան դեսպանութեան համագործակցութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած Ֆրիտիոֆ Նանսենի ծննդեան 155-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ թագաւորութեան դեսպան Լենի Լինտ, Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպի, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր: Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ...

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոն

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոն

Երէկ, յետմիջօրէին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան այցելեց ՀՄԸՄ-ի կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանի կողմէ: Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ՀՄԸՄ-ի կեդրոն իր անդրանիկ այցելութեամբ մօտէն ծանօթացաւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական կառոյցը գլխաւորող Կեդրոնական վարչութեան աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն: Այս առիթով, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան...

Հաղորդագրութիւն.  Լիբանանահայութեան Ջանքերով Արցախի Աւերուած  Բնակավայրերու Վերակառուցման Համար Հանգանակուեցաւ 85.000 Տոլար

Հաղորդագրութիւն. Լիբանանահայութեան Ջանքերով Արցախի Աւերուած Բնակավայրերու Վերակառուցման Համար Հանգանակուեցաւ 85.000 Տոլար

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը  ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցած ռատիոթոն-դրամահաւաքին ընթացքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով  հանգանակուեցաւ 85.000 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի աւերուած բնակավայրերու վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բնակարաններու կառուցման ծրագիրին: Լիբանանահայութիւնը  անգամ մը եւս փաստեց, որ հակառակ ամբողջ շրջանին եւ մասնաւորաբար...

Բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեան Ոչ Եւս Է

Բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեան Ոչ Եւս Է

Միութենական շուրջ երեք քառորդ դարու վաստակով մը բեռնաւորուած, երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2016-ին, կեանքէն հեռացաւ բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեան: Թորիկեան կը նկատուէր ՀՄԸՄ-ի սփիւռքեան գործունէութեան երկրորդ սերունդի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը, որուն վիճակուած էր, հաւատաւոր այլ ՀՄԸՄ-ականներու հետ, ՀՄԸՄ-ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածելու պատասխանատու աշխատանքը: Ան ծնած էր Հալէպ, 1932-ին եւ փոքր տարիքէն փոխադրուած էր Լիբանան: Թորիկեան ՀՄԸՄ-ին մաս կը կազմէ 1943-ին,...

Թրի Ուիքս Ին Երեւան» Ֆիլմի Բացումը

Թրի Ուիքս Ին Երեւան» Ֆիլմի Բացումը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ, 6 դեկտեմբեր 2016-ին, «Սինեմասիթի» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը «Թրի ուիքս ին Երեւան» ժապաւէնին: Նախքան ցուցադրութիւնը, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Վարդան Ազնաւուրեան, որ իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին, որ ներկայ էր այս նախաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ «Ամփիր» շարժապատկերի սրահի տնօրէնութեան, որ առաջին իսկ վայրկեանէն մեծ պատրաստակամութիւն յայտնեցին...

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման  Եւ Արցախի Հանրապետութեան  Հռչակման 25-Ամեակին Առիթով.  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Եւ Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման եւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին առիթով, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 10:00-ին, Ժիպէյլի «Պիպլոս փալաս» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` նախագահութեամբ Ալեքսան Սուսանիի: Պարահանդէսին ներկայ գտնուեցան աւելի քան 700 երիտասարդներ: Օրուան թամատաներն էին Սեւան Ադամեան եւ Նժդեհ Մկրտիչեան: Յարութ Լափաճեան Պարահանդէսին բացումը կատարեց Սեւան Ադամեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց...

Քեսապի Մէջ Հրթիռ Ինկած Է,  Վնասներ Չկան

Քեսապի Մէջ Հրթիռ Ինկած Է, Վնասներ Չկան

Քեսապի մեր աղբիւրներէն իմացանք, որ հակառակ ութամսեայ անմիջադէպ իրավիճակին, այսօր այդ կացութիւնը խախտուած է զինեալներու կողմէ, որոնք Քալազ գիւղակի մօտակայ շրջաններէն երկու հրթիռ արձակած են Քեսապի ուղղութեամբ: Հրթիռները ինկած են Էսկիւրանի Թուրքիոյ սահմանամերձ անտառային շրջանին մէջ (200 մեթր սահմանէն հեռու), եւ որեւէ նիւթական կամ մարդկային զոհեր չկան: Նշենք, որ Քեսապի մէջ ասոր նախորդող հրթիռարձակումը տեղի ունեցած էր փետրուար 2016-ին. հրթիռներ...

Վերանորոգուած Մարաշ Թաղի Հանդիսաւոր  Բացում Եւ Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Փառատօն

Վերանորոգուած Մարաշ Թաղի Հանդիսաւոր Բացում Եւ Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Փառատօն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը երէկ պաշտօնապէս եւ հանդիսաւորապէս բացումը կատարեց Մարաշ թաղին, որուն վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան: Մարաշ թաղի վերանորոգումի ծրագիրը օգտակար դարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ բնակող աւելի քան չորս հազար մարդու եւ ութսունութ վաճառատուներու: Մարաշ թաղի բացումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները

Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն պատկանող երկու աստուածաբաններ` դոկտ. Մարթին Հոյկըր եւ դոկտ. Օլիվիեր Ֆլուրի: Անոնք եկած էին 2033-ին համաքրիստոնէական տարողութեամբ Քրիստոսի յարութիւնը նշելու ծրագիրին մասին ունենալու վեհափառ հայրապետին տեսակէտը: Այս առնչութեամբ, անոնք անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած էին Ֆրանչիսկոս պապին հետ, եւ ստանալով անոր օրհնութիւնը ուզած էին ունենալ վեհափառ հայրապետին տեսակէտը:...

Կամաւորներու Օրուան Նշում

Կամաւորներու Օրուան Նշում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը կամաւորութեան, առանց որուն այս աշխարհը չէր կրնար գոյատեւել, մարդկութիւնը...

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հիմնադիրներու  Հոգիներուն Համար Հոգեհանգստեան Պաշտօն,  Ապա Հանդիպում-Հաւաք` Նախագահութեամբ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հիմնադիրներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգստեան Պաշտօն, Ապա Հանդիպում-Հաւաք` Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի

Կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. պատարագի արարողութեան աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիրներուն` Միհրանի, Զապէլի, Լէյլայի եւ Հաուըրտի հոգիներուն համար: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք մայրավանքի վեհարանին մէջ, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում-հաւաք մը,  ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ...

Քամի Խումբին Կազմակերպութեամբ  Ամանորի Ցուցահանդէս-Վաճառք

Քամի Խումբին Կազմակերպութեամբ Ամանորի Ցուցահանդէս-Վաճառք

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, նախագահութեամբ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, գործակցութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, կազմակերպութեամբ ՔԱՄԻ խումբին, Ամանորի ցուցահանդէս-վաճառքի բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի սրահին մէջ: ՔԱՄԻ խումբին անունով խօսք առաւ Յարութ Արթինեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ՔԱՄԻ խումբին նպատակը`...

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» Պարախումբի` Խաչատուր  Աւետիսեանի Յիշատակին  Նուիրուած «Հայոց Հովիկ» Ելոյթը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» Պարախումբի` Խաչատուր Աւետիսեանի Յիշատակին Նուիրուած «Հայոց Հովիկ» Ելոյթը

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ, 2 (աշակերտական), շաբաթ, 3 (կալա) եւ կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2016-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ «Արին» պարախումբը իր այս տարուան ելոյթը` «Հայոց հովիկ» խորագիրով, նուիրեց երաժիշտ, երգերու հեղինակ, յօրինող եւ մանկավարժ Խաչատուր Աւետիսեանի յիշատակին: Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան այս տարի եւս թէ՛ բեմ բարձրացուց հայկական մշակութային աւանդական պարերը եւ թէ՛ հայկական մշակոյթը նորարար...

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ.  Հայկական Ձեռագործներու  Ցուցահանդէսի Պաշտօնական Բացում

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ. Հայկական Ձեռագործներու Ցուցահանդէսի Պաշտօնական Բացում

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի, երէկ` ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահ.  Գեղանկարիչ Միսաք Թերզեանի  «Լռութեան Ձայներ»  Խորագրեալ Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Գեղանկարիչ Միսաք Թերզեանի «Լռութեան Ձայներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսի Բացում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Միսաք Թերզեանի գեղանկարներու «Լռութեան ձայնը» խորագրեալ ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցասրահին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Տէրտէրեան, որ յայտնեց, թէ Թերզեանի 127-րդը եղող այս ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած գեղանկարներուն մէջ յստակօրէն կը տեսնենք գոյատեւելու, վերապրելու եւ վերարտադրելու ոգին: «Իր գոյներուն մէջ կայ ուժականութիւն, շարժումներուն մէջ` բարձրաթռիչ սլացքներ, եւ...

Page 282 of 365 1 … 281 282 283 … 365

Արխիւներ