Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի վարչութեան, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան Լիբանանի վարչութեան, ՀԲԸՄ ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային միութեան, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ, կատարողութեամբ` սոփրանօ Լէոնորային` Արեւիկ Թանաշեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի` երգեհոնի վրայ նաեւ թմբկահար Գէորգ Քէօշկերեանի:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք լիբանանահայ մշակութային չորս միութիւններուն անունով խօսք առաւ Անի Եփրեմեան, որ նկատել տուաւ, թէ ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը ճգնաժամային եւ օրհասական պահերուն հաւաքական ուժով միասնակամ կերպով դէմ կը կանգնի մարտահրաւէրներուն, որոնք կը սպառնան հայութեան եւ հայրենիքի գոյութեան: «Մենք այսօր մեր կարգին մեր համեստ նպաստը կ՛ուզենք բերել հալէպահայերուն, որոնք այս օրերուն կը դիմագրաւեն ընկերային, տնտեսական եւ մանաւանդ ապահովական ծանր պայմաններ», հաստատեց Անի Եփրեմեան:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Լէոնորա, որ մէկ ժամ տեւողութեամբ գրաւեց հանդիսատեսը, որ ըմբոշխնեց իրեն ծանօթ եւ իր սրտին մօտիկ հայկական ժողովրդային երգերու փունջ մը, ինչպէս` «Հայաստան», «Անցայ գնացի», «Մշոյ աղջիկ», «Ամպից կորաւ», «Զեփիւռի նման», «Կռունկ բարով գնաս», «Մարաթուկ», «Հա նիննա», «Բարի արագիլ», «Հայաստանի կարմիր գինին», «Իմ Անի», «Ազգ փառապանծ», «Հայորդիք», «Մարտիկի երգը», «Իմ հայրենիք Վան», «Գետաշէն»:
Համերգի աւարտին ելոյթ ունեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան նկատել տուաւ, որ սուրիահայութիւնը ծանր օրեր ապրեցաւ եւ տակաւին կ՛ապրի` աւելցնելով, թէ այդ դժուարին պայմաններու մէջ հայրենիքը սրտբաց ընդունեց զիրենք եւ 22 հազար սուրիահայեր հաստատուեցան Հայաստան: Նախարարը ըսաւ, որ իրենք ջանք չեն խնայեր, որպէսզի այդ սուրիահայերը հաստատուն կանգնին իրենց սեփական հողին վրայ եւ յայտնեց, որ պետութիւնը նաեւ նիւթապէս օգտակար կը հանդիսանայ անոնց: Անդրադառնալով Արեւիկ Թանաշեանի համերգին, ան ըսաւ, որ երգչուհին ուզած է օգտակար հանդիսանալ սուրիահայերուն այս համերգի միջոցով, ուստի նախարարը բարձր գնահատեց անոր նախաձեռնութիւնը: Հրանուշ Յակոբեան ըսաւ, որ Արեւիկ Թանաշեան Հայաստանի երկրաշարժէն փրկուողներէն է եւ իր երաժշտական խմորումին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ ԳՈՀԱՐ համոյթը, յանձինս Գոհար Խաչատուրեանի, որուն օժանդակութեամբ Գիւմրիի մէջ հարիւրաւոր երաժիշտներ, արուեստագէտներ, երգիչներ ներկայիս մշակութային գործերով կը զբաղին: Նախարարը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Գոհար Խաչատուրեանի, որ ներկայ էր համերգին, հայրենիքին օգնելու, հայկական մշակոյթը տարածելու, հայ արուեստը աշխարհին ներկայացնելու համար: Իր խօսքը ուղղելով լիբանանահայութեան` նախարարը ըսաւ. «Կ՛ուզեմ, որ դուք հպարտ զգաք, որ անցնող 25 տարիներուն ընթացքին մենք ստեղծեցինք 2 հայկական պետութիւն` ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ մեր սիրելի Արցախը»: Եզրափակելով իր խօսքը Նոր տարուան սեմին մաղթեց բոլորին երազներու իրականացում` յուսալով, որ Ս. Ծնունդը նշուի հայավայել եւ քրիստոնէավայել կերպով` համախմբուած եկեղեցւոյ շուրջ: