Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերանորոգուած Մարաշ Թաղի Հանդիսաւոր Բացում Եւ Նոր Տարուան Ու Ս. Ծննդեան Փառատօն

Դեկտեմբեր 5, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

img_4517

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը երէկ պաշտօնապէս եւ հանդիսաւորապէս բացումը կատարեց Մարաշ թաղին, որուն վերանորոգման աշխատանքները կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ֆինանսաւորումով, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան:

Մարաշ թաղի վերանորոգումի ծրագիրը օգտակար դարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ բնակող աւելի քան չորս հազար մարդու եւ ութսունութ վաճառատուներու:

Մարաշ թաղի բացումին ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի թեքնիք ծրագիրներու գործադրութեան խորհրդատու Մարինա Լուճոտիչէ, ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Սուհէյր Ղալի, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի Լեռնալիբանանի պատասխանատու Ապտալլա Մուհիէտտին, ընկերային հարցերու նախարարութեան Լեռնալիբանանի հարցերու ներկայացուցիչ Պահիա Սլէյման, Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատի  քաղաքապետ Անթուան ժպարա, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, թաղապետներ, տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանի բնակչութիւնը:

Պաշտօնական անձնաւորութիւնները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբով:

Շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի քայլերգին կատարումէն ետք հանդիսութիւնը սկսաւ Մարաշ թաղին սկիզբը զետեղուած ցուցանակին բացումով:

Ցուցանակին վրայ արձանագրուած էին Մարաշ թաղին վերանորոգման ծրագիրին գործադրութեան թուականը եւ այդ ծրագիրը հովանաւորած ու զայն գործադրած կողմերուն անունները:

Ապա Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

img_4521]

Բացման խօսքը արտասանեց Պուրճ Համուտի ընկերային ծառայութիւններու կեդրոնի ներկայացուցիչ Նաժիպէ Սարուֆիմ, որ հակիրճօրէն ներկայացուց ծրագիրը եւ վարեց յայտագիրը:

img_4534

Մարաշի առեւտրականներու խորհուրդին անունով խօսք առաւ Նազարէթ Ապունայեան, որ ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնեցին Մարաշ թաղի վերանորոգումին եւ իրականացուցին զայն:

Ապունայեան ընդգծեց, որ Մարաշի առեւտրականներու խորհուրդը յանձնառու կը մնայ բոլորին հետ գործակցելու, որպէսզի Մարաշի վաճառատուներն ու հոն բնակող ընտանիքները պահպանեն այդ թաղին գեղեցիկ պատկերը:

Ապունայեան յայտնեց, որ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով կազմակերպուած այս փառատօնը Մարաշի առաջին փառատօնն է` աւելցնելով, որ ամբողջ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով զանազան փառատօներ պիտի կազմակերպուին:

img_4520

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի խօսքը ուղղեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ անդրադարձաւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու տագնապին` նշելով, որ հազիւ իր քաղաքացիներուն եւ շրջաններուն հասնող լիբանանեան պետութիւնն ու անոր կառոյցները սպառած են` նկատի ունենալով ամէն տեսակի ծառայութիւններու հսկայ կարիքը:

«Ինչպէս բոլոր շրջաններուն պարագային, Պուրճ Համուտ իր քաղաքապետարանին միջոցով կազմ ու պատրաստ մնաց դիմագրաւելու այդ տագնապը եւ ամէն ճիգ ի գործ դրաւ հոգալու համար շրջանին ու գաղթականներուն կարիքները: Այս շրջագիծին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շնորհակալութեամբ ստացած է ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան առաջադրած դրական նախաձեռնութիւնները, որոնք ֆինանսաւորուեցան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ: Այդ ծրագիրներէն են` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերուն կից գտնուող հանրային պարտէզի բացումը, երկու դարմանատուներու վերանորոգումը, քաղաքապետարանին տրամադրուած յատուկ սարքեր` կոյուղիներու մաքրութեան եւ այլ աշխատանքներու իրագործման, ինչպէս նաեւ Մարաշ թաղի վերանորոգումը», ըսաւ ան:

Ճ. Գրիգորեան նշեց, որ Մարաշը որեւէ փողոց չէ, այլ` տնտեսական աշխուժ կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ տարբեր ծագում, քաղաքացիութիւն եւ կրօն ունեցող բնակիչներու խճանկար մը: «Մարաշի մէջ վաճառատուներ ունին լիբանանեան տարբեր շրջաններէ եկող եւ յարանուանութիւններու պատկանող առեւտրականներ: Այդ թաղին մէջ գտնուող վաճառատուներուն մէկ կարեւոր բաժինին սեփականատէրերը իգական սեռի կը պատկանին, այն աստիճան, որ անոնք կը գերազանցեն կիներու քաղաքական ներկայացուցչութեան առումով պահանջուած մասնաբաժինը: Հետեւաբար մենք վերանորոգուած սովորական թաղի մը բացումը չէ, որ կը կատարենք, այլ` ընկերային եւ ապահովական բարելաւուած վիճակ ներկայացնող, լարուածութիւնները մեղմացնող եւ համերաշխութիւնն ու համակեցութիւնը ամրապնդող թաղի մը», ըսաւ ան:

Ճ. Գրիգորեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերային հարցերու նախարարութեան, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն եւ ամերիկեան կառավարութեան` մաղթելով, որ անոնք շարունակեն զօրակցիլ քաղաքապետարանին, շրջանին եւ անոր բնակչութեան` քաղաքապետարանին հետ գործակցելով բարգաւաճման այլ ծրագիրներու շուրջ:

Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը շրջանի այլ փողոցները վերանորոգելու եւ բարեզարդելու նպատակով այլ ծրագիրներ եւս մշակած է եւ զանոնք գործադրելու նպատակով գործակցութեան կոչ կ՛ուղղէ բոլորին:

img_4516

Ապա ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի թեքնիք ծրագիրներու գործադրութեան պատասխանատու Մարինա Լուճոտիչէ յայտնեց, որ ամբողջ շրջանը դժուար փուլ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ Լիբանան կը տառապի Սուրիոյ տագնապին հսկայական հետեւանքներէն:

«Քաղաքապետարանները շրջաններուն  ծառայութեան, ենթակառոյցի բարելաւման եւ տեղական տնտեսութեան զարգացման առաքելութեան մէջ առաջին գիծին վրայ կը գտնուին: Աղքատութիւնը եւ անգործութիւնը հասած են արտակարգ մակարդակներու, իսկ անոնցմէ ամէնէն աւելի տուժողները երիտասարդներն են ու փոքր առեւտուր ունեցող գործարարները: Այս ծիրին մէջ, Պուրճ Համուտ ինքզինք գտաւ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալելու պատասխանատուութեան դիմաց, ինչ որ պատճառ դարձաւ անոր ենթակառոյցին սպառումին», ըսաւ ան:

Լուճոտիչէ աւելցուց, որ Մարաշի շուկայի վերանորոգումը կը նպատակադրէ շրջանի բնակչութեան տնտեսական գործունէութեան վերաշխուժացումը` պահպանելով այդ թաղին պատմական եւ մշակութային իւրայատկութիւնները:

img_4540

Ընկերային հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչ Սուհէյր Ղալի նշեց, որ Մարաշի վերանորոգումը փաստ մըն է, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին հետ կը գործակցի տարբեր շրջաններու վարչութիւններուն եւ ընկերութիւններուն զօրակցելու նպատակով:

Ղալի հաստատեց, որ գործակցութիւնը շատ աւելի աշխուժ է այն շրջաններուն հետ, որոնք սուրիացի գաղթականներ կը հիւրընկալեն` մինչեւ Սուրիոյ տագնապին լուծումն ու անոնց ապահով տունդարձը:

Ղալի ընկերային հարցերու նախարարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան` անոր մնայուն գործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Մարաշի առեւտրականներու խորհուրդին` Մարաշին դիմագիծը գեղեցիկ եւ առեւտուրը աշխուժ պահելու անոր ջանքերուն համար:

img_4535

Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ իրենք նախանձախնդիր կը մնան զօրակցելու այն ընկերութիւններուն, որոնք ամէնէն աւելի տուժեցին սուրիացի գաղթականներու տագնապէն: Ան նշեց, որ Մարաշ թաղի վերանորոգումը պիտի օժանդակէ այդ շուկային տնտեսական եւ ապրուստի բարելաւման, պիտի ամրապնդէ քաղաքապետարանի ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի վերաշխուժացնէ Պուրճ Համուտի պատմական շուկային առեւտուրը:

Ռիչըրտ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ Պուրճ Համուտի եւ ուրիշ շրջաններու մէջ կը ֆինանսաւորեն այլ ծրագիրներ եւս, որոնց նպատակն է ընկերութիւններու կեդրոններուն բարգաւաճումը, յատկապէս դարմանատուներուն վերանորոգումը եւ  դպրոցներուն բարեզարդումը:

«Միացեալ Նահանգներ հպարտ են, որ կը զօրակցին Պուրճ Համուտի նման ընկերութիւններուն եւ կ՛օժանդակեն անոնց, որպէսզի կարենան տոկալ սուրիացի գաղթականներու հսկայական թիւերուն», ընդգծեց ան:

img_4524

Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը իր ելոյթով հմայեց ներկաները:

img_4529
img_4528img_4530Ձեռնարկին աւարտին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Նազարէթ Ապունայեան յուշանուէրներ յանձնեցին դեսպան Ռիչըրտի, Մարինա Լուճոտիչէի եւ Սուհէյր Ղալիի:

img_4537

Ապա պատասխանատուները ստացան խմբային լուսանկար մը եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Նշենք, որ Մարաշ թաղի բացումին առընթեր, նոյն թաղին մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ փառատօն մը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

img_4541

Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մարաշի բոլոր վաճառատուները, ինչպէս նաեւ զետեղուեցան յատուկ տաղաւարներ, որոնց շարքին էին Մարաշի ձեռագործի եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցադրութեան տաղաւարները, գծագրիչ Երուանդ Հաւարեանի յատուկ տաղաւարը, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ու անոր ընդգրկած հիւրընկալ ընկերութիւններուն յատուկ տաղաւարը, Պուրճ Համուտի եւ Նապաայի մէջ ընկերային ծառայութիւններու կեդրոնին յատուկ տաղաւարը, դէմքերու գունաւորումի յատուկ տաղաւար մը, «Մայ Կիֆթլենտ» հաստատութեան կողմէ Կաղանդ պապային հետ լուսանկարուելու յատուկ տաղաւար մը, ինչպէս նաեւ ուտելիքներու եւ անուշեղէններու տաղաւարներ:

img_4542

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը, խմբավարութեամբ` Մկրտիչ Միքայէլեանի եւ տհոլահարներու համոյթը, գլխաւորութեամբ` Գէորգ Քէօշկերեանի:

Անհատական մասնակցութեամբ Սիմոն Կոստանդինեան ձեռնադաշնակով հայկական նուագներ հնչեցուց փառատօնին ընթացքին:

Առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 Մարաշ թաղին մէջ զեղչ վաճառք եւ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ: Իսկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի արծուիկները եղան առաջինները, որոնք սկաուտական երգերով եւ կանչերով շրջեցան Մարաշի մէջ եւ ճոխացուցին մթնոլորտը:

Պաշտօնական ձեռնարկէն ետք ներկաները շրջեցան Մարաշ թաղին մէջ, ծանօթացան վաճառատուներուն եւ փառատօնին մասնակցող տաղաւարներուն, անոնք բացատրութիւններ ստացան Մարաշի պատմութեան մասին, վկայեցին Մարաշի մէջ տակաւին կանգուն մնացած հին բնակարաններուն եւ բնակիչներէն լսեցին երախտագիտութեան ու շնորհակալական խօսքեր:

Ե. Հաւարեան դեսպան Ռիչըրտի կը նուիրէ անոր դիմանկարը
Ե. Հաւարեան դեսպան Ռիչըրտի կը նուիրէ անոր դիմանկարը
Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Ճիպութիի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կ՛ողջունէ Իր Երկրին Մէջ Սէուտական Ռազմակայանի Ստեղծումը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?