Կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Ս. պատարագի արարողութեան աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիրներուն` Միհրանի, Զապէլի, Լէյլայի եւ Հաուըրտի հոգիներուն համար:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք մայրավանքի վեհարանին մէջ, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում-հաւաք մը, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, «Գարակէօզեան» հաստատութեան պաշտօնեաներու, խորհրդատու մարմինի անդամներու, հայկական վարժարաններու տնօրէններու, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու:
Խօսք առաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի խորհրդատու մարմինի փոխատենապետ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Ան իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ բարերար Լէյլա Գարակէօզեանը, որ իր ունեցած հարստութենէն մաս մը տրամադրած է Ֆանարի շրջանին մէջ ժողովրդային բնակարաններու շինութեան, եւ մաս մըն ալ տրամադրած է իբրեւ ֆոնտ` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» բարեսիրական հաստատութեան գործունէութեան համար: Ան հաստատեց, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը Լիբանանի մէջ տարիներ շարունակ ծառայած է` իբրեւ բարեսիրական կեդրոն օգտակար դառնալով բոլորին անխտիր:
Դոկտ. Ժան Սալմանեան գոհունակութեամբ նշեց, թէ ինչպէ՛ս Արամ Ա. կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի հաստատութեան վերելքին ու յառաջդիմութեան, որովհետեւ զայն կը նկատէ լիբանանահայ համայնքի պատուաբեր հաստատութիւններէն մէկը: Ան յարգանքով յիշեց հաստատութեան տնօրէններէն վեր. Ռոպեր Սարգիսեանը, ապա` ներկայ տնօրէն Սերոբ Օհանեանը, որ կրցաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան ջահը վառ պահել եւ գործը ձեռնհասութեամբ շարունակել` շահելով շրջապատի վստահութիւնն ու գնահատանքը: Ան մեծապէս գնահատեց նաեւ պաշտօնէութեան ծառայական ոգին, որ կը ցոլացնէ «Գարակէօզեան»-ի առաքելութիւնը: Դոկտ. Ժան Սալմանեան ըսաւ, որ Սուրիոյ երկարամեայ պատերազմը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրած է հաստատութիւնը, որ Լիբանան հասած բազմահազար սուրիահայերու բժշկական եւ այլ օժանդակութիւններ տրամադրած է, ապա յայտնեց, թէ օտար միջազգային կազմակերպութիւններ տեսնելով հաստատութեան տարած բծախնդիր աշխատանքը` նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրած են ապաստանեալներու կարիքներուն գոհացում տալու համար: «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինին անունով ան շնորհաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը` մաղթելով առողջութիւն եւ աստուածահաճոյ ծառայութիւններով ու ծրագիրներով երկարամեայ գահակալութիւն:
Խօսք առաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան: Ան սուրիահայութեան անունով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան, որուն ծառայութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի զգալի է այսօր Սուրիոյ մէջ բնակող սուրիահայերուն կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, թէ երախտագիտութեան խօսքը մարդկային արժանիքներու, առաքինութեան եւ դաստիարակչական իմաստով բարոյական մեր կերպարին մաս կը կազմէ: «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր ծառայական կերպին, իր մարդասիրական եւ ազգասիրական առաքելութեան ծիրին մէջ, յատկապէս այս օրերուն, Սուրիոյ տարածքին մէջ իր ամբողջական, լուռ, բայց մարդասիրական հրաշալի ծառայութիւնը կը մատուցէ, որուն համար սուրիահայ գաղութին անունով, վեհափառ հայրապետին անձին ճամբով, Գարակէօզեանի յիշատակին, վաստակին եւ անոր մէջ իրենց ծառայութեան մարդասիրական ապրումները, մարդկայնական կեցուածքները, ազգասիրական ծառայութիւնը մեր ժողովուրդին հասցնողներուն մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք: Ուրախ ենք, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ Սուրիոյ մէջ կրկնապատկեց իր ծառայութիւնները», եզրափակեց Շահան արք. Սարգիսեան:
Ապա իր պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ կողմէ գնահատելի եւ բարձրագոյն աստիճանի յարգանքի արժանի կը դառնան այն անձերը, որոնք ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ մատուցած իրենց ծառայութեամբ հետք մը կը ձգեն, ինչպէս Գարակէօզեան ընտանիքը, որ իր բարերարութեամբ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անմոռանալի հետք ձգած է` Աստուծոյ տուած պարգեւէն, շնորհէն, նիւթական կարողութենէն բան մը տալով: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ Լէյլա Գարակէօզեանը համեստութեան մարմնացում եղած է, ապա հիմնուելով Քրիստոսի ուսուցումներուն վրայ հաստատեց, որ բարերարը ան է, որ իր միտքէն, հոգիէն, սիրտէն, կեանքէն, քսակէն բան մը կու տայ ուրիշին` առանց որեւէ ակնկալութեան եւ հեռու լուսարձակներէն:
Վեհափառ հայրապետը նաեւ նշեց, որ Լէյլա Գարակէօզեանի բարերարութիւնը եւ մարդասիրական ծառայութիւնը իր կեանքին օրինակով եղած է, համեստութեան ճամբով, եւ այդ ծառայութիւնը կը շարունակուի իր հաստատած բարեսիրական կառոյցներուն ճամբով:
Աւարտին վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը նուիրումով կը ծառայէ, առանց խտրութիւն դնելու հայուն թէ օտարին, քրիստոնեային թէ իսլամին միջեւ, թէ ինչպէ՛ս «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ նուիրումով կը ծառայէ` Լէյլա Գարակէօզեանի յիշատակը ծառայութեան ճամբով միշտ վառ պահելով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ապա օրհնեց յիշատակը Գարակէօզեան բարերար ընտանիքին, բարձր գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ բոլոր բարեսիրական միութիւններուն ծառայութիւնը, եւ ըսաւ. «Ով որ մեր ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին, ծառայութեան գանձանակին մէջ բան մը լեցնէ, մեզի համար սիրելի, գնահատելի եւ անմոռանալի է: Աստուած օրհնէ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, ազգին, հայրենիքին նուիրուած ծառայողներուն կեանքը եւ կատարած աշխատանքը»:
Վեհափառ հայրապետը պահպանիչով փակեց հանդիպում-հաւաքը: