ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի, երէկ` ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2016-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետարանի պարտէզի ապակեայ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Գառնիկ Մկրտիչեան, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետ Ռեմոն Աթթիէ, Հիւսիսային Մեթնի գաւառապետ Մարլեն Հատտատ, ԼՕԽ-ի բազմաթիւ անդամներ եւ հիւրեր:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սօսէ Պոյաճեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ձեռարուեստի կեդրոնը 40 երկար տարիներ շնորհիւ կամաւոր հայուհիներու աշխատեցաւ Լիբանանի հանրութեան ներկայացնել բծախնդիր, մաքուր, ճաշակաւոր ու նրբակերտ հայկական նմուշներ եւ օտարներու հիացմունքին ու յարգանքին արժանացնել մեր դարաւոր հայկական ասեղնագործութիւնը:
Ս. Պոյաճեան հաստատեց, որ Ձեռարուեստի կեդրոնը 40 տարիներէ ի վեր կը գործէ` խլելով հայ կիներուն աչքերուն լոյսը, ծակծկելով անոնց մատները, ձգտելով լաւագոյնին` արդիականացման մեծ ճիգերով, բայց միշտ փորձելով կառչած մնալ պապենական աւանդական դրոշմին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին, արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին, Ժալ Էլ Տիպի քաղաքապետութեան, Ալեք Եւերեանին եւ «Վանլեան» հաստատութեան, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Հայեացքները սեւեռած դէպի 50-ամեակ` մեր մաղթանքը պիտի ըլլայ, որ այս կեդրոնը աւելի աճի, աւելի բարգաւաճի ու յառաջդիմէ նոր սերունդի ճիգերով: Ձեռք-ձեռքի տալով շարունակենք հարստացնել այս ազնուական բազմադարեան նրբակերտ ձեռարուեստը»:
Խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր գնահատանքը յայտնեց տարբեր եղանակներով ձեռարուեստի աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր հայուհիներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ կը պատուեն Ձեռարուեստի կեդրոնին 40-ամեակը: Սրբազան հայրը մատնանշելով կեդրոնին 40 տարի պատնէշի վրայ ըլլալու եւ հանրութեան նորութիւններով ներկայանալու հանգամանքը, որ կը նշանակէ մեծ վաստակ, ըսաւ. «Ժամանակը կ՛անցնի եւ ձեռարուեստը հանգրուան առ հանգրուան կը դառնայ աւելի հազուագիւտ, բայց աւելի թանկագին, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ այս արուեստը ծնունդ առած է մեր ժողովուրդի ծոցին մէջ եւ հակառակ մեր կեանքէն անցնող տեսակաւոր փոթորիկներուն` մեր ժողովուրդի կանացի դասակարգի մասնակցութեամբ ապրած, վերապրած եւ վերստին ծաղկած է մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մեր կեանքը անով առաւել հարստացած տեսնենք»: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը մաղթեց, որ ցուցահանդէսը ջերմութիւն բերէ բոլորին սրտերուն, ըլլայ արդիւնաշատ, որ գալիք տարիներուն համար կեդրոնը խանդավառութեամբ իր աշխատանքը շարունակէ կատարել:
Հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրերը միասնաբար հատեցին Ձեռարուեստը կեդրոնի 40-ամեակի կարկանդակը, որմէ ետք բոլոր ներկաները վայելեցին բծախնդրութեամբ ցուցադրուած հայկական ձեռագործի գեղեցկագոյն գոհարները` Մարաշի, Այնթապի, Սվազի, Ուրֆայի, Միլանի ներբերանգ ու թանկարժէք գործերու նմուշները եւ հիւսուածքները, ձեռակերտ նուէրներու եւ զարդերու ճոխ հաւաքածոներ: Հայկական ձեռարուեստի անդաստանին մէջ շրջագայելէն ետք կարելի է միայն եզրակացնել, որ ժողովուրդը իր կեանքն ու շունչը կու տայ իր արուեստին եւ փոխադարձաբար հոգեպէս կը սնուի անկէ:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016 եւ բաց պիտի մնայ ամէն օր ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 7:00: