Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան միացեալ ջանքերով, Ազգային առաջնորդարանը սկսած է արդէն փակել ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու, անձնակազմերու նկատմամբ ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ յետնեալ պարտքեր: Այս նախաձեռնութեամբ, ամբողջականօրէն գործադրութեան հունի մէջ կը մտնէ Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին որդեգրած որոշումը` Ազգային միացեալ վարժարանի 2017-2018 կրթական վերամուտէն առաջ փակելու նիւթական պարտաւորութիւնները` միաւորուած, ինչպէս նաեւ...

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին  Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 դեկտեմբերին պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է գրող, ազգային-պետական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով: Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ընթերցուած...

Միացեալ Յայտարարութեամբ Փակումը  Կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Եւ Իրանի Քրիստոնեայ-Իսլամ  Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Միացեալ Յայտարարութեամբ Փակումը Կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2016-ին իր լրումին հասաւ Թեհրանի մէջ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Իրան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը, որուն կը նախագահէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Համագումարին վերջին օրը քննարկման առարկայ դարձան «Կրօնի եւ բռնութեան զանազան եւ հասարակական ազդեցութիւնը», «Զիրար ընդունելու եւ ծայրայեղականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին մէջ կրօնաւոր պետերու դերը` խաղաղութիւն եւ փոխադարձ յարգանք տարածելու առումով» եւ «Յարգելով մարդու իրաւունքները`...

Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային  Երգչախումբին Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային Երգչախումբին Ելոյթը` Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» սենեկային երգչախումբին համերգը, խմբավարութեամբ` Գրիգոր Ալոզեանի: Համերգին ներկայ գտնուեցան գիւղին հոգեւոր հայրերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, քաղաքապետը, խնամակալութիւնը, թաղականութիւնը, միութեանց ներկայացուցիչները եւ հոծ բազմութիւն մը: Ներկայ բազմութեան հոգիները լեցուեցան Կոմիտասի եւ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Բացումը  Կը Կատարէ Քրիստոնեայ-Իսլամ  Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Բացումը Կը Կատարէ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին սկիզբ առաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Իրան կատարած այցելութեան առաջին օրը: Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իրանի Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ կազմակերպութեան նախագահ դոկտ....

Հաղորդագրութիւն.  «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի  Գործադիր Մարմինը 5000 Հազար Տոլար Կը Յատկացնէ  Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններուն

Հաղորդագրութիւն. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը 5000 Հազար Տոլար Կը Յատկացնէ Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններուն

Ինչպէս տեղեակ էք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի 7 դեկտեմբեր 2016-ին կազմակերպած ռատիոթոն-դրամահաւաքին համայն լիբանանահայութեան ջանքերով  հանգանակուած էր 85.000 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի աւերուած բնակավայրերու վերականգնման եւ վերակառուցման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բնակարաններու կառուցման ծրագիրին: Դրամահաւաքէն ետք, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը, բարձր գնահատելով լիբանանահայ գրաւոր եւ բանաւոր...

Գաղութէ – Գաղութ

Իրաք. Երկրորդ Կարգի Մրցանակի Յանձնում Իրաքահայ Թեմին

Պաղտատի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին մէջ դեկտեմբեր 8-ին մեծ շուքով տեղի ունեցաւ  սփիւռքի նախարարութեան եւ համաշխարհային հայկական քոնկրեսին կողմէ Իրաքահայ թեմին շնորհուած պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի կողքին ներկայ եղան Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեանը, Պաղտատի հոգեւոր հովիւներէն Նարեկ Ա. քհնյ. Իշխանեանը, ինչպէս նաեւ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները: Արարողութեան ընթացքին Իրաքի...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Թեհրան

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Թեհրան

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր շքախումբի անդամներով հասաւ Թեհրան: Վեհափառ հայրապետը Թեհրանի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ «Կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոն»-ի նախագահին, Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեանի, Մեծի Տանն...

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը  Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որուն կ՛ուղեկցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեան եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներ: Հանդիպումին ներկայ եղան արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ  եւ արժանապատիւ հայրեր, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեան եւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ընթացիկ տարուան 3, 4 եւ 5 դեկտեմբերին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը Պէյրութի իր գրասենեակին մէջ գումարեց 2014-2018  քառամեակի իր Գ. լիակազմ ժողովը: Նախ ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ ուրախութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ զգալիօրէն կ՛երիտասարդանայ. միաժամանակ անիկա կ՛ընդարձակուի, որուն փաստն է Քուէյթի նորահաստատ մեկուսի կազմը: Ժողովը նաեւ ընդգծեց Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, Արեւմտեան...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան  Այցելեց Համազգայինի  «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Երէկ` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելութիւն տուաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն եւ ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ձեռնարկին` «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններ եւ հիւրեր: Ողջոյնի խօսքով հանդէս...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբ.  Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Բազմավաստակ  Լիբանանահայ Դերասաններ Մարի Ռոզ Մանուկեանին  Եւ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ)

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Բազմավաստակ Լիբանանահայ Դերասաններ Մարի Ռոզ Մանուկեանին Եւ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ)

  Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած վաստակաշատ դերասաններ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանին: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նարէ Գալեմքերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն այն բեմին վրայ, ուր տարիներ շարունակ Մանուէլ Մարգարեան (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեան ներդրում ունեցած են...

Հալէպ Քաղաքի Ազատագրումով Վերջ Գտաւ  Մեր Բոլորին Ապահովական Մղձաւանջը

Հալէպ Քաղաքի Ազատագրումով Վերջ Գտաւ Մեր Բոլորին Ապահովական Մղձաւանջը

«Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ անդրադարձած է Հալէպի մէջ տեղի ունեցած նախորդ օրերու իրադարձութիւններուն, յատկապէս սուրիական բանակին կողմէ քաղաքին վրայ վերահսկողութեան հաստատման: Զարմիկ Պողիկեան գրած է. «Խանդավառուելով հանդերձ իրատես պէտք է ըլլանք` մարդոց շփոթի չմատնելու համար: Ազատագրուած է Հալէպ քաղաքը եւ ոչ նահանգը, որ կ՛ընդգրկէ գիւղեր եւ աւաններ: Հալէպ քաղաքի ազատագրումով խանդավառուելով հանդերձ պարտաւոր ենք ըլլալ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Դէմ Ուղղուած Ահաբեկչական Արարքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Դէմ Ուղղուած Ահաբեկչական Արարքը

Ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս պատրիարքին ուղղուած նամակով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խիստ կերպով դատապարտեց կիրակի առաւօտ Գահիրէի ղպտի եկեղեցւոյ դէմ իրագործուած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացին աւելի քան 30 ղպտի քրիստոնեայ հաւատացեալներ: Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ահաբեկչութիւնը, որուն դէմ որ ուղղուած ըլլայ անիկա, դատապարտելի է, եւ ո՛չ մէկ կրօնի համար ընդունելի են նման ոճիրներ: Նման դէպքերը Աստուծոյ առջեւ...

Նախարար Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական  Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Նախարար Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Երէկ` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած լուսանկարներու ցուցահանդէս`  նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-րդ տարեդարձին: Այս առիթով ալ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ յանձնուեցան սփիւռքի նախարարութեան պարգեւներ, մետալներ եւ 2015-ի Համահայկական մրցանակաբաշխութեան մրցանակներ: Ձեռնարկին ներկայ էր  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, լիբանանահայ ազգային, կրթական հաստատութիւններու եւ լրատուական կառոյցներու...

Ներկայութեամբ Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի.  «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ Հանդիպում-Զրոյց`  Հայաստանի 25-Ամեայ Անկախութեան  Իրագործումներուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին

Ներկայութեամբ Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի. «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ Հանդիպում-Զրոյց` Հայաստանի 25-Ամեայ Անկախութեան Իրագործումներուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, ներկայութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, երէկ` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց` Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներուն մասին: Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի մասնակցութեամբ կայացած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Թեհրան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Պաշտօնական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Թեհրան

Երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան, Իրան: Շուրջ շաբաթ մը վեհափառ հայրապետը պիտի մնայ Թեհրան, ուր պիտի նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի պետութեան միջկրօնական ու Մշակութային միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքին հետ տեղի ունենալիք կրօնական երկխօսութեան` «Բռնութիւն եւ կրօն» նիւթին շուրջ, հանդիպումներ պիտի ունենայ համայնքային ու պետական պատասխանատուներուն հետ եւ պիտի նախագահէ թեմական ու համայնքային,...

Գերմանացի Պատմաբան Դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտի  Հանդիպումը` Հայկական Մամուլի  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Գերմանացի Պատմաբան Դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտի Հանդիպումը` Հայկական Մամուլի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:45-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ կարճատեւ հանդիպում-զրոյց տեղի ունեցաւ պատմաբան դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆելտի եւ հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն միջեւ: Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ ՀԲԸՄ-ի կազմակերպած սեմինարին յաջորդ օրը: Սեմինարի գլխաւոր նիւթն էր` «Ոճրագործութիւնը Ընդդէմ Ցեղասպանութեան եւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանները. Քաղուած դասեր կանխարգիլելու եւ պաշտպանուելու համար»: Սոյն սեմինարը տեղի...

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութեան Եւ 50-Ամեակի Նշում

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Եւ 50-Ամեակի Նշում

Անցնող շաբաթավերջին արժանավայել կերպով նշուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, նաեւ` եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեակը: Արդարեւ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց աւանդական մատաղի պատրաստութիւն, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: Կիրակի, 11 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ թափօրը...

Ամանորի Ցուցահանդէս-Վաճառք`  «Շուշի» Խումբին Կազմակերպութեամբ

Ամանորի Ցուցահանդէս-Վաճառք` «Շուշի» Խումբին Կազմակերպութեամբ

Հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին մեթր Սերժ Չուխատարեանի եւ կազմակերպութեամբ «Շուշի» խումբին շաբաթ, 10 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի ցուցահանդէս-վաճառքին: Լիբանանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Արամ Գարատաղլեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «Շուշի» խումբին կազմակերպած ցուցահանդէս-վաճառքը դարձած...

Page 281 of 365 1 … 280 281 282 … 365

Արխիւներ