Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն պատկանող երկու աստուածաբաններ` դոկտ. Մարթին Հոյկըր եւ դոկտ. Օլիվիեր Ֆլուրի:
Անոնք եկած էին 2033-ին համաքրիստոնէական տարողութեամբ Քրիստոսի յարութիւնը նշելու ծրագիրին մասին ունենալու վեհափառ հայրապետին տեսակէտը: Այս առնչութեամբ, անոնք անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած էին Ֆրանչիսկոս պապին հետ, եւ ստանալով անոր օրհնութիւնը ուզած էին ունենալ վեհափառ հայրապետին տեսակէտը:
Ողջունելով նման ծրագիրի մը իրագործումը` վեհափառ հայրապետը անոնց պարզեց իր տեսակէտները եւ առաջարկները, յատկապէս թելադրելով նախ ունենալ բոլոր պետերուն օրհնութիւնը, ապա մասնագէտներէ բաղկացած ներկայացուցչական յանձնախումբ մը նշանակել: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց նման նախաձեռնութիւն մը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ծիրին մէջ իրագործելու հրամայականը: