Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» Պարախումբի` Խաչատուր Աւետիսեանի Յիշատակին Նուիրուած «Հայոց Հովիկ» Ելոյթը

December 5, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

arine-3_120416

Հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ, 2 (աշակերտական), շաբաթ, 3 (կալա) եւ կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2016-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ «Արին» պարախումբը իր այս տարուան ելոյթը` «Հայոց հովիկ» խորագիրով, նուիրեց երաժիշտ, երգերու հեղինակ, յօրինող եւ մանկավարժ Խաչատուր Աւետիսեանի յիշատակին: Գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայեանէ Մածունեան այս տարի եւս թէ՛ բեմ բարձրացուց հայկական մշակութային աւանդական պարերը եւ թէ՛ հայկական մշակոյթը նորարար եւ ժամանակակից բեմադրութեամբ պարուրեց:

Շաբաթ օրուան կալա ելոյթին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, պետական, մշակութային, մարզական եւ կուսակցական ներկայացուցիչներ:

Ելոյթին բացման արաբերէնով հանդէս եկաւ Արազ Չերչեան, իսկ հայերէնով` պարախումբի վարչութեան ատենապետ Անի Պոտրումեան: Անոնք ողջունելէ ետք հիւրերն ու ներկաները նշեցին, թէ բեմ կը բարձրանան տարբեր տարիքային խմբաւորումներու պատկանող 150 պարողներ, որոնք թէեւ արհեստավարժներ չեն, սակայն շնորհիւ շարունակական աշխատանքի կը ներկայացնեն բարձր որակի պարարուեստ, որուն հիման վրայ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տիրացած են զանազան մրցանակներու: Անոնք աւելցուցին, որ այս տարի ելոյթը նուիրուած ըլլալով երաժիշտ Խաչատուր Աւետիսեանի յիշատակին, հանդիսատեսին կը ներկայացուին փունջ մը ազգագրական, հայրենասիրական, ժողովրդական, ինչպէս նաեւ նորարար բեմադրական պարեր, որոնք կ՛ամբողջանան տարազներու հինին ու նորին խառնուրդով: Իրենց ելոյթներուն մէջ անոնք նշեցին, որ հայ մշակոյթը կը մնայ հայ ժողովուրդին բարգաւաճման գլխաւոր կռուաններէն մէկը, իսկ «Արին» պարախումբը կը յաջողի իր ելոյթներով հոգեկան հաղորդակցութիւն մը ստեղծել հանդիսատեսին եւ հայ մշակոյթին ու արուեստին միջեւ:

«Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայեանէ Մածունեան իր խօսքին մէջ գրած է, որ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութիւնը իր եւ իր սերունդի պարողներուն, ըլլան անոնք Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, սրտերուն մէջ կը ներկայանայ իբրեւ հարազատ հնչող երաժշտութիւն` իր պարզունակութեան եւ կանխատեսելի ըլլալուն մէջ: Այս իմաստով Մածունեան, պատրաստուելով այս ելոյթին, հարկ զգացած է քանդել իր բոլոր նախապաշարումները եւ վերստին ծանօթանալ Աւետիսեանի երաժշտութեան: Մածունեան խօսքը եզրափակած է գրելով. «Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեան այսքան մօտէն առնչուելով, կը լսենք վերադարձի կոչ մը դէպի այն տաքուկ եւ ապահով տունը, ուրկէ կ՛արձագանգեն մեր մանկութեան անդարձ ձայներն ու պայծառ երազանքներուն վերյուշերը, ուրկէ կը փչէ «Հայոց հովիկ»-ը, որ իրեն հետ կը բերէ բոյրեր, գոյներ, յոյսեր®»:

Ելոյթը, որ բաղկացած էր երկու արարէ, կ՛ընդգրկէր 18 բեմադրութիւններ, որոնք մերթ ազգագրական եւ հայրենասիրական տիպի պարերով հանդիսատեսը ուղղակի կը տանէին հայկական մշակոյթին խորքը, ինչպէս` «Տօնական Հայաստան», «Կախարդուած ծաղիկներ», «Ուրմեցիներու պար» ներկայացումներով, եւ մերթ հինը նորին խառնելով կը հրամցնէին աւանդութիւնը այժմէականացուցած ներկայացումներ, ինչպէս, Արթիւր Իսպիրեանի կատարողութեամբ «Ասում են թէ», Ֆորշի «Մախմուր աղջիկ» ներկայացումները, ուր հայուհին բեմ կը բարձրանայ ո՛չ միայն իր աւանդական խպնոտ կերպարով, այլ այդ բոլորին մէջ կ՛արտացոլայ 21-րդ դարու հայուհին` անկաշկանդ, վճռական ու հասուն: Յատկանշական էին նաեւ կատակ-պարերը, ինչպէս`  «Հովիւներու պար»-ը, երբ հովիւները «մրցումի» կ՛անցնին այս դարուս երիտասարդութեան հետ ու դէմ առ դէմ իւրաքանչիւր կողմ ցոյց կու տայ իր պարի տաղանդը, եւ Գէորգի Մինասեանի կատարողութեամբ «Սեւ աչերով աղջիկ»-ը, ուր երիտասարդներ կը մրցին աղջկայ մը սրտին տիրապետելու համար:

Հարկ է նշել, որ տարազները, մանաւանդ պարուհիներուն թագերը եւ հայկական բներգով զարդարուած բեմը իրենց յատուկ դերը ունեցան հանդիսատեսը կլանելու:

Ելոյթը աւարտին հասաւ «Զարթօնք» պարով, ուր բեմ բարձրացաւ պարուսոյցը եւ իր ճկունութեամբ` կարծես երաժշտապետ մը, գեղարուեստական բեմադրութեամբ բեմ հրաւիրեց «Արին» պարախումբի անդամները, եւ միասնաբար հրաժեշտի պարով ոգեւորեցին սրահը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մասին Վատիկանեան Ընթացագիծը Եւ Ռայի Պատրիարքին Կողմէ Պապին Յանձնուած Տեղեկագիրը

Յաջորդը

Քամի Խումբին Կազմակերպութեամբ Ամանորի Ցուցահանդէս-Վաճառք

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.