Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեան Ոչ Եւս Է

Դեկտեմբեր 8, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

puzant-torikian_120716Միութենական շուրջ երեք քառորդ դարու վաստակով մը բեռնաւորուած, երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2016-ին, կեանքէն հեռացաւ բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական Բիւզանդ Թորիկեան:

Թորիկեան կը նկատուէր ՀՄԸՄ-ի սփիւռքեան գործունէութեան երկրորդ սերունդի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը, որուն վիճակուած էր, հաւատաւոր այլ ՀՄԸՄ-ականներու հետ, ՀՄԸՄ-ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածելու պատասխանատու աշխատանքը: Ան ծնած էր Հալէպ, 1932-ին եւ փոքր տարիքէն փոխադրուած էր Լիբանան:

Թորիկեան ՀՄԸՄ-ին մաս կը կազմէ 1943-ին, Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանի աշակերտութեան օրերուն, հանրածանօթ ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Աբգարեանի շնորհիւ: Այնուհետեւ, ընտանեօք ան կը փոխադրուի Ժունիէ, ուր 1951-ին կը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն: Մինչեւ 1957 մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի մասնաճիւղի յաջորդական վարչութիւններուն, ապա Պէյրութ հաստատուելով` վարչական գործունէութիւնը կը շարունակէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ, 1958-1968 ստանձնելով մասնաճիւղին վարչութեան ատենադպրութեան պաշտօնը:

Բիւզանդ Թորիկեան 1958-ին կը պսակուի Տիգի Չպուքճեանի հետ եւ կը բախտաւորուի չորս զաւակով: Ան յանձնառու մասնակցութիւն կ՛ունենայ լիբանանահայ ազգային կեանքին` բազմիցս մաս կազմելով Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին եւ Ազունիէի խնամակալութեան:

Բիւզանդ Թորիկեանի նախասիրութիւնը եղած է աթլեթիզմը: Ան տիրացած է աթլեթիզմի միջազգային իրաւարարի տիտղոսին: Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, 1965-ին եղած է լիբանանեան աթլեթիզմի ֆետերասիոնի հիմնադիր անդամներէն մէկը, նաեւ` գլխաւոր հիմնադիրներէն ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն:

1969-ին, Բիւզանդ Թորիկեան ընտրուած է անդամ ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան, որ օրին կը նկատուէր միութեան գերագոյն մարմինը, տրուած ըլլալով, որ ան կը ղեկավարէր ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի մասնաճիւղերը: 1969-1974 Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան մաս կազմելէ ետք, 1974-ին, ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական առաջին ընդհանուր ժողովին, Բիւզանդ Թորիկեան կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի անդրանիկ Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Հետագային, ան կը վերընտրուի 1979-ին եւ 1983-ին: Այսպէս, ան ՀՄԸՄ-ի համագաղութային բարձրագոյն մարմիններուն մաս կը կազմէ 1969-1987` 18 տարի անընդմիջաբար: 1999-ին, չորս տարուան համար, ան դարձեալ կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ կը վարէ միութեան ատենապետի պաշտօնը:

1990-ականներու սկիզբը, Բիւզանդ Թորիկեան կը լծուի ՀՄԸՄ-ի հայանուէր գործունէութեան պատմագրութեան աշխատանքին եւ չորս հատորով կը հրատարակէ միութեան պատմութիւնը` նախահիմնադրութեան հանգրուանէն մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը: «Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան պատմութիւն» խորագրեալ իր ստուար աշխատասիրութիւնները լոյս կը տեսնեն 1995-ին, 1999-ին, 2003-ին եւ 2007-ին:

Վերջին տարիներուն, Բիւզանդ Թորիկեան կը ձեռնարկէ ՀՄԸՄ-ի թանգարանի յուշամատեան-ալպոմի պատրաստութեան: Աշխատանքը գրեթէ հասած է աւարտին եւ հրատարակութեան կը ներկայանայ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով:

Համագաղութային իր պատասխանատուութիւններուն բերումով, Բիւզանդ Թորիկեան այցելած է սփիւռքեան գրեթէ բոլոր գաղութները եւ ամէնուրեք ունեցած է ՀՄԸՄ-ի գաղափարախօսութեան եւ ազգային-բարոյական արժէքներուն մասին ելոյթներ: Ան ներկայ գտնուած է ՀՄԸՄ-ի բոլոր Ընդհանուր ժողովներուն, բացի վերջինէն (2015): Յաճախ հանդէս եկած է բանախօսութիւններով եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին աշխատակցութիւններով: Երկար տարիներ մաս կազմած է «Մարզիկ»-ի խմբագրական եւ վարչական կազմերուն: 2004-ին, ան արժանացած է ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանին:

Բիւզանդ Թորիկեանի մահով ՀՄԸՄ-ը կը կորսնցնէ բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական մը, որուն բովանդակ կեանքը հայ մարմնակրթական շարժումին ճամբով բոլորանուէր ծառայութիւն մը եղաւ հայութեան եւ Հայաստանին:

 

Նախորդը

«Եթէ Եւրոպական Սկզբունքներով Թուրքիա Մը Գոյութիւն Պիտի Ունենայ Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնալով` Թէ՛ Հայաստանին Եւ Թէ՛ Մեր Ժողովուրդին Համար Ընդհանրապէս Նպաստաւոր Կ՛ըլլայ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գասպար Կարապետեան

Յաջորդը

Միլզ. «Թրամփի Ընտրութիւնը Պիտի Չազդէ Ամերիկայի Հետ Հայաստանի Յարաբերութեանց Վրայ»

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?