Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կամաւորներու Օրուան Նշում

Դեկտեմբեր 5, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

gamavornerou-or-3_120316

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն:

gamavornerou-or-2_120316Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը կամաւորութեան, առանց որուն այս աշխարհը չէր կրնար գոյատեւել, մարդկութիւնը կը դադրէր վեհ սկզբունքներով առաջնորդուելէ, մարդը իր եղբօր նկատմամբ չէր կրնար վերաբերիլ խիղճով եւ բարի կամքով:

Շեշտը դնելով հայկական իրականութեան մէջ ԼՕԽ-ի դերակատարութեան վրայ` ան ըսաւ. «Կասկածէ վեր է, որ առանց ԼՕԽ-ական կամաւորներու նուիրուածութեան` լիբանանահայութիւնը յատկապէս պիտի չկարենար դիմագրաւել իր հարազատ հողէն տեղահանուածի մարտահրաւէրները, գաղթականի ցուպը ձեռքին, դաժան պայմաններու մէջ պիտի չկարենար գոյատեւել եւ վճռականօրէն յաղթել կեանքի մահ ու կենաց պայքարին, ռումբերու տարափին տակ ինկած վիրաւորները կրկին կեանք պիտի չառնէին, անտէր ընտանիքներ պիտի մոռցուէին, որբն ու այրին պիտի ձգուէին իրենց ճակատագիրին, օրուան հացն ու դեղը ապահովելու անկարող ծերունիները պիտի հիւծէին… տակաւին երկար է շարքը, սակայն մէկ ու հաստատ է իրականութիւնը, որ այս բոլորը կատարուեցան կամաւորաբար, կատարուեցան առանց ակնկալութեան, կատարուեցան սիրով, գուրգուրանքով, լայն սիրտով ու գիրկով»: Հուրի Փափազեան-Էմմիեան դիտել տուաւ, որ այդ կամաւոր ԼՕԽ-ականները մոռցան ամէն ինչ, իրենց եսն ու ընտանիքը, որովհետեւ կամաւոր աշխատանքի արդիւնքով լիացան ու գոհացան, ատով հարստացաւ անոնց էութիւնը, ամրապնդուեցաւ անոնց ներաշխարհը, որովհետեւ  անոնք գոհունակ զգացին մանուկի մը ժպիտով, վիրաւորի մը շնորհակալ նայուածքով, մամիկի մը օրհնութեան խօսքով, դժուար պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքի մը հրճուանքով:

Իր խօսքը եզրափակելով ան հաստատեց, որ այս իրականութեան պատճառով կ’արժէ ըլլալ հաւատարիմ մարդկային այս վեհ սկզբունքներուն եւ վսեմ նպատակներուն համար գործող միութեան կտակին:

gamavornerou-or-1_120316Օրուան պատգամը փոխանցեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հայ ազգին մէջ կամաւորութեան տարբեր տեսակի դրսեւորումները` 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն դէպի Երկիր զինամթերք փոխադրող հայ գիւղացին, Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ հսկող հայ երիտասարդը, իր ճակտի քրտինքով հայ ընտանիքին ապրուստը ապահովող, հայկական սրբութիւնները անբիծ պահող հայ ծնողքը, բանակում կազմակերպող սկաուտապետը, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Մովսէս Խորենացիի պատգամը նոր սերունդին հասցնող հայ ուսուցիչը, հաւատք, յոյս եւ սէր քարոզող հայ կղերականը, Արցախի սահմանին հսկող կտրիճ զինուորը… Այս բոլորին կողքին ան յատուկ կերպով շեշտը դրաւ ԼՕԽ-ի ծառայութեան վրայ, որուն լծուած է կամաւորներու հսկայ փաղանգ մը, որ իր նուաճումներով, իրագործումներով եւ ձեռքբերումներով միշտ զարմացուցած ու ապշեցուցած է իր շուրջինները եւ երբեմն ալ նոյնի՛նքն ԼՕԽ-ականները:

ԼՕԽ-ի մէջ` իբրեւ ԼՕԽ-ապատկան կալուածներու յանձնախումբի անդամ իր ունեցած փորձառութենէն մեկնելով` Րաֆֆի Կէօվօղլանեան ըսաւ. «Այս համեստ փորձառութենէն մեկնած կրնամ վկայել, թէ բոլոր վարչականներուն եւ գործակիցներուս մօտ ականատես եղած եմ հասարակ յայտարարի մը, ուր կը կարծեմ, թէ թաքնուած է ԼՕԽ-ի մեծութիւնը: Բոլո՛րն ալ իրենց տարած աշխատանքին հանդէպ ունին բծախնդիր մօտեցում, գուրգուրանք, պարտաճանաչութիւն, ճշդապահութիւն, կոկիկութիւն եւ մանաւանդ` անշահախնդրութիւն»:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ մերօրեայ կեանքին մէջ կարգ մը միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ զգալի է թուլացումը` կեանքի պայմաններու փոփոխութեան, երկրի տնտեսական անցուկ վիճակին եւ տարբեր պատճառներով: «Այս պատրուակներէն որեւէ մէկը ԼՕԽ-ի համար օր մը ի զօրու չէ եղած: Հոս կայ գաղտնիք մը: Կայ մղիչ ուժ մը, որ գործին հանդէպ ԼՕԽ-ականներուն ունեցած սէրն ու հաւատքն է, իրենք զիրենք մնայուն կերպով գերազանցելու ճիգն է, իրենց հայրենակիցները հանգիստ եւ ուրախ պայմաններու մէջ տեսնելու մարմաջն է», հաստատեց Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Ապա ան ըսաւ, որ այս բոլորին վարձատրութիւնը օգնութիւն, մխիթարութիւն եւ դարման ստացողին մօտ երեւցող գոհունակութիւնն է եւ գանձի համազօր երկու բառեր` «վարձքդ կատա՛ր»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Րաֆֆի Կէօվօղլանեան իր շնորհաւորութիւնները ուղղեց հայ ազգին եւ յատկապէս լիբանանահայութեան, որ  կը վայելէ ԼՕԽ-ականներուն բարիքները եւ նուիրուածութիւնը:

Ապա իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր ուրախութիւնը արտայայտեց գտնուելով կամաւորներու այն փաղանգին մէջ, որ իսկապէս մեր իրականութեան մէջ լծուած է նուիրեալ աշխատանքի: Կամաւորներու օրուան առիթով, դիտել տուաւ առաջնորդ սրբազանը, բոլորին հայեացքը կ՛ուղղուի դէպի մեր ազգային կեանքը, ուր կարիքները հետզհետէ կը բազմանան, որովհետեւ կամաւորներուն թիւը կը նուազի, որակն ալ կը պակսի, ուստի կը նայինք դէպի անցեալ, որպէսզի խրախուսուինք տարուած եւ տարուող նուիրեալ աշխատանքով` շեշտելով, որ այսօր կարիք ունինք այդ նուիրումին,  գիտակցութեան եւ հաւատքին` անդրադառնալու, որ մեր իրականութեան մէջ կայ բաւական ներուժ, որ կրնայ վերածուիլ ուղղութեան, որ կրնայ մեզ տանիլ հոն, ուր կը ձգտինք երթալ:

Շահէ եպս. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ կամաւորներու մասին խօսելով մեր հայեացքները կ՛ուղղուին դէպի մեր դպրոցները, վարժարանները, կառոյցները, որոնցմով կը փորձենք շարունակել ապրիլ համաձայն մեր ազգային ու հոգեւոր այն արժէքներուն, որոնցմով տոկացինք անցնող տասնամեակներուն սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, եւ որոնցմով նոր շունչ եւ եռանդ պիտի տանք մեր համայնական կեանքին, ուր մեր աշխատանքին եւ աջակցութեան կարիքը կը զգացուի:

Ան հաստատեց, որ մեր ազգային կեանքին մէջ իրենց սեփական աշխատանքով եւ կեցուածքով գիտակցութիւն եւ ամրութիւն պարգեւողներուն յիշատակը կը մնայ  անմեռ, եւ անոնք իբրեւ օրինակ պիտի ծառայեն այսօր եւ ապագային, որպէսզի մեր ունեցածը ընծայաբերենք մեր ժողովուրդի վերելքին ու բարօրութեան ի խնդիր: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ այս աշխարհին մէջ իւրաքանչիւրը տալիք ունի իր ստացածին փոխարէն, որպէսզի կեանքը աւելի մարդկային դառնայ:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց կամաւորաբար իրենց կեանքէն բաժին մը ազգային կեանքին նուիրաբերած անձերուն, որոնք յաջորդող սերունդներուն համար յիշատակ եւ պատգամ կը փոխանցեն իրենց գործով:

Աւարտին մթնոլորտը ճոխացուց Նժդեհ Պոտրումեան, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Նախորդը

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հիմնադիրներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգստեան Պաշտօն, Ապա Հանդիպում-Հաւաք` Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?