Գաղութային

Հոգեհանգիստ` Ի Յիշատակ ԼՕԽ-ի Հանգուցեալներուն

Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ԼՕԽ-ի հանգուցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգւոյն տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որմէ առաջ` առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի, ապա Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուներուն մէջ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ: Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ ՀՅԴ պանթէոնին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ԼՕԽ-ի հիմնադիր Վահան Փափազեանի (Կոմս), կազմակերպութեան հիմնադրութեան առաջին տասնամեակի ընթացքին մեծ դեր ունեցած...

Երեւանի Մէջ Տեղադրուած Է Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Կիսանդրին

Երեւանի Մէջ Տեղադրուած Է Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Կիսանդրին

Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի 30 ապրիլ 2017-ին  Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի Թաթուլ Կրպէեանի անուան զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցած է հերոսի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը: Կիսանդրիին հեղինակները քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանն ու ճարտարապետ Գրիգոր Բաբաջանեանն են: Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Նոր Նորք...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան.  Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Աշոտ Ճենտերէճեանի Մահուան Քառասունքին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Աշոտ Ճենտերէճեանի Մահուան Քառասունքին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նախկին տնօրէն Աշոտ Ճենտերէճեանի մահուան քառասունքին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աշոտ Ճենտերէճեանի մշակութային, յատկապէս...

«Իրենց Ճամբով» Խորագիրը Կրող Ձեռնարկով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» Մասնաճիւղը Կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

«Իրենց Ճամբով» Խորագիրը Կրող Ձեռնարկով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» Մասնաճիւղը Կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: «Իրենց ճամբով» խորագիրը կրող սոյն ձեռնարկին  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Գուրգէն Փափազեան:  Ան ըսաւ, որ 102 տարի անցած է, սակայն հարցը միայն անցնող տարիներու թիւը չէ, այլեւ` այդ տարիներուն...

ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Աշակերտական Նախաձեռնութիւնը Կը Պսակուի Յաջողութեամբ

ԼՕԽ-ի Հանգանակութեան Աշակերտական Նախաձեռնութիւնը Կը Պսակուի Յաջողութեամբ

ԼՕԽ-ի տարեկան հանգանակութեան առիթով եւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գործակցութեամբ, երէկ, կէսօրին, Պուրճ Համուտի, Զալքայի, Անթիլիասի եւ Տըպպայէի մէջ հաստատուեցան յատուկ անցարգելներ, ուր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին հանգանակութեան աշխատանքին: ԼՕԽ-ի դրօշներով եւ միութեան նշանակը կրող շապիկներով ու գլխարկներով հանգանակութիւն կատարող աշակերտներուն մօտ ակներեւ էր անոնց խանդավառութիւնը հանգանակութեան դրամահաւաքով: Հանգանակութեան մասնակիցներուն անոնք  կը բաժնէին ԼՕԽ-ի յատուկ պիտակներ` հայկական կանացի մեր միութիւնը ծանօթացնելով...

«Երբ Իմ Կարողութիւններս Կը Ներեն, Կարելի Չէր Հօրս Յիշատակին Նախաձեռնութիւն Մը Կեանքի Չկոչել Եւ Զայն Ազգին Չնուիրել» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ալեքքօ Պեզիքեան

Հաղորդագրութիւն

Աշխատաւորներու տօնին` մայիս 1-ի առիթով, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը անվճար կ՛ընդունի բոլոր այցելուները, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Մամլոյ 127-րդ Լսարան.  Շնորհահանդէս Եւ Ներկայացում «Մեծ Եղեռնի  Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» Հատորին

Մամլոյ 127-րդ Լսարան. Շնորհահանդէս Եւ Ներկայացում «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» Հատորին

Երէկ` հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ թիւ 127 լսարանը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը.  Շաւարշ Միսաքեան» հատորը (Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչատան հիմնադրամի հրատարակութիւն - թիւ 9): Խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի  Հայկական Աւանդներու Ակումբ.  Դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու Կ՛անդրադառնայ  Ցեղասպանութենէն Անմիջապէս Ետք  Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Պարզած Իրավիճակին

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Աւանդներու Ակումբ. Դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու Կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութենէն Անմիջապէս Ետք Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Պարզած Իրավիճակին

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին համալսարանի «Իսամ Ֆարես»-ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական երեկոյ մը, որոնց ընթացքին զեկուցեց «Մեսեչուսեց ինսթիթիութ օֆ թեքնոլոճի»-ի («Էմ. Այ. Թի.») Մըք Միլըն-Սթիուըրթի պատմութեան օժանդակ դասախօս դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Վանայ Գասարճեան,...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ.  Ապրիլեան Ուղիով Ազգային- Հայրենասիրական Երգերու Երեկոյ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ. Ապրիլեան Ուղիով Ազգային- Հայրենասիրական Երգերու Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ուղիով ազգային երգերու երեկոյ կատարողութեամբ արցախցիներ` «Էքս Ֆեքթըր»-ի մրցումի աւարտական փուլին հասած Եուրի Ադամեանի եւ Նարեկ Վահանեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Հրայր Պարսումեան: Ան յայտնեց,...

Հայաստանեան Համալսարաններու Պատասխանատուներ  Արեւելումի Հանդիպում Ունեցան Լիբանանահայ  Վարժարաններու Բարձրագոյն Կարգերու Աշակերտներու Հետ

Հայաստանեան Համալսարաններու Պատասխանատուներ Արեւելումի Հանդիպում Ունեցան Լիբանանահայ Վարժարաններու Բարձրագոյն Կարգերու Աշակերտներու Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արեւելումի ներկայացում: Ներկայ էին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճներու, Սահակեան, ՀԲԸՄ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարաններու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները: Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա...

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Զօրակցութեամբ Եւ 102 Տարուան Պահանջատիրական Երթը Շարունակելու Վճռակամութեամբ` Բազմահազար Լիբանանահայեր Հաստատեցին Իրենց Կառչածութիւնը Հայութեան Արդար Իրաւունքներուն

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Զօրակցութեամբ Եւ 102 Տարուան Պահանջատիրական Երթը Շարունակելու Վճռակամութեամբ` Բազմահազար Լիբանանահայեր Հաստատեցին Իրենց Կառչածութիւնը Հայութեան Արդար Իրաւունքներուն

24 ապրիլին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը անգամ մը եւս ժամադրավայրն էր բազմահազար լիբանանահայերուն, որոնք այդ վայրին մէջ իրենց սուրբ նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու, անոնց կտակին նկատմամբ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու, Հայ դատի լուծման ի խնդիր տարուող ամէն տեսակ պայքարի զօրակցութիւն յայտնելու զուգահեռ, եկած էին համայն աշխարհին յայտարարելու, որ հայը ներկայ է եւ համախմբուած, հայը զօրեղ է եւ մեծաթիւ, հայը կրնայ երեսին գոռալ թուրքին, որ...

«Կը Սպասենք, Որ Եւրոպան Քաջ Կեցուածք Ունենայ Զինք Պախարակող Թուրքիոյ Նկատմամբ»   Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Կը Սպասենք, Որ Եւրոպան Քաջ Կեցուածք Ունենայ Զինք Պախարակող Թուրքիոյ Նկատմամբ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ բազմութեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Այս առիթով Սուրբ պատարագ մատուցեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի  Ապրիլեան Սուրբ նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած աշխարհի առաջին յուշակոթողին դիմաց` բարձրացնելու հայու պահանջատէր ձայնը: Հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտական Ապրիլեան Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտական Ապրիլեան Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 25 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցչակազմերուն: Ներկայ էին Ազգային Քառասնից Մանկանց, Ռուբինեան, Աքսոր Գասարճեան, Աբգարեան, Սուրէն Խանամիրեան, Եղիշէ Մանուկեան, Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարաններու, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Թորոսեան, Շամլեան Թաթիկեան վարժարաններու եւ...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Եւ «Դրօշակ» Մասնաճիւղեր.  Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում` Քաղաքապետարանի Ժողովրդային Բնակարաններուն Կից Կառատան Մէջ

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Եւ «Դրօշակ» Մասնաճիւղեր. Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում` Քաղաքապետարանի Ժողովրդային Բնակարաններուն Կից Կառատան Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» եւ «Դրօշակ» մասնաճիւղերուն երէկ` երեքշաբթի, 25 ապրիլին նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Արդարեւ, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ եւ ջահերթ` Ամանոսի հրապարակէն մինչեւ քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարաններուն կից գտնուող կառատունը, ուր գործադրուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը: Կառատան մուտքին ցուցադրուած էին նկարներ, որոնք կ՛արտացոլէին Ցեղասպանութեան արհաւիրքը: «Աննահանջ պայքար դէպի միացեալ Հայաստան» խորագիրը կրող ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ...

Ապրիլեան Եղեռնի 102-ամեակի Հսկում Այնճարի Մէջ

Ապրիլեան Եղեռնի 102-ամեակի Հսկում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան եղեռնի 102-ամեակի հսկում: Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով. ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց Կարէն Անտոնեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն: Կարէն...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտները, Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հովանաւորութեամբ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակին: Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը ներկայացնող երէց-պարմանուհիները, խմբապետական կազմերը, մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Շրջանային խմբապետական կազմը, շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաքուեցան Պիքֆայայի...

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն.  Միացեալ Պաշտամունք` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն. Միացեալ Պաշտամունք` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի Հայ աւետարանական հովուական ժողովի երկուշաբթի, 24 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին կատարուեցաւ միացեալ պաշտամունք` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն,  Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Պաշտամունքը կը վարէին  վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, վեր. Հրայր Չոլաքեան եւ պատ. Սեւակ Թրաշեան: Պաշտամունքի պատգամաբերն էր պատ. Սեւակ Թրաշեան:...

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ Ապրիլեան Նահատակներուն

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ի Յիշատակ Ապրիլեան Նահատակներուն

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, 24 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի բակէն ընթացք առած հանդիսաւոր թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին, մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր դասին, սկաուտներուն, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ ճեմարանի բակը, ուր Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան Ս. պատարագ մատուցեց Ապրիլեան...

Քայլարշաւ` «Ազատամարտ» Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ` «Ազատամարտ» Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Երկուշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հովանաւորութեամբ, «Ազատամարտ» ակումբէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան: ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը եւ շրջանէն հայորդիներ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ հասան պատրիարքարան, ուր գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին շուրջ զետեղեցին ծաղկեպսակներ` «Քրիստափոր» կոմիտէին, ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ: Հայ կաթողիկէ...

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2017 թուականի  ապրիլի 12-ի թիւ 329-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողների Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումները մերժուել են. 16984, 17199, 16904, 17134, 16830, 16967, 16841, 17110, 17021 (Շարունակելի)

Page 266 of 365 1 … 265 266 267 … 365

Արխիւներ