Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Տեղադրուած Է Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Կիսանդրին

Մայիս 1, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

30 ապրիլ 2017-ին  Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի Թաթուլ Կրպէեանի անուան զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցած է հերոսի կիսանդրիին բացման արարողութիւնը: Կիսանդրիին հեղինակները քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանն ու ճարտարապետ Գրիգոր Բաբաջանեանն են:

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավար կազմը, բարձրաստիճան զինուորականներ, ազատամարտիկներ եւ Թաթուլ Կրպէեանի հարազատները:

«Երկիր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին Լեւոն Թոքմաջեան նշած է, որ Կրպէեանի կիսանդրին ունենալը իր մտայղացումն ու նախաձեռնութիւնը եղած է. ան կը նշէ, որ երբ այգին Կրպէեանի անունով անուանակոչուած է, ինք անմիջապէս դիմած է թաղապետարան եւ քաղաքապետարան, որ Կրպէեանի կիսանդրին տեղադրուի այնտեղ:

«Քանդակին վրայ մէկ տարի աշխատած եմ, եւ ստացած եմ այն, ինչ որ ես կ՛ուզեմ: Թաթուլը  քաղաքին կը նայի` վերէն վար: Թաթուլի կերպարը ինչպէս Զեւսը ըլլայ` մօրուքը կը հասնէր մինչեւ ականջները: Ես կը նայէի ու կը մտածէի` այս ի՛նչ «քանդակելու մարդ» է` անկախ անկէ` հերո՞ս է, թէ՞ ոչ: Իսկ յետոյ, երբ խորամուխ եղայ գործին, կնոջը` Իրինային ըսի, թէ` քանդակին մէջ շատ նմանութիւն չփնտռես, ես էութիւնը պիտի քանդակեմ: Նման անձնաւորութիւն շատ դժուար է քանդակել, եւ այնպէս չէ, որ պէտք է լուսանկարին նայելով քանդակեմ, եւ լաւ է, որ վերջաւորութեան կինն ու աղջիկը` Ասպրամը, ըսին, որ զայն այսպէս ալ կը պատկերացնեն», ըսած է Թոքմաջեան:

Ան նշած է նաեւ, որ Կրպէեան, բացի հերոս ըլլալէն, նաեւ տաղանդաւոր մարդ էր` կ՛երգէր ու բանաստեղծութիւններ կը գրէր:

Ըստ քանդակագործին, Կրպէեանի կերպարով ուզած է ցոյց տալ այսօրուան հայը: «Թող թուրքը չմտածէ, որ զէնքով կրնայ հայը ծունկի բերել: Միշտ կ՛ըսեն, չէ՞, ի՞նչ ռազմամթերք ունէին ազրպէյճանցիները  ու մեր տղաքը ինչով կը կռուէին ու կը յաղթէին: Այն, որ յոյսը միայն ոգիի վրայ պէտք չէ դնել, ատիկա այլ հարց է, բայց մեր տղոց մարտական ոգին միշտ բարձր եղած է», ըսած է Թոքմաջեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ ըսած է, թէ այս նախաձեռնութիւնը շատ կարեւոր է բոլորին համար: Շարունակելով իր խօսքը` նախարարը ըսած է. «Կ՛ըսեն` այնքան կարեւոր չէ, թէ քանի օր կայ մարդու մը  կեանքին մէջ, որքան կարեւոր է, թէ ինչքան կեանք կայ մարդու մը ապրած իւրաքանչիւր օրուան մէջ: Թաթուլ Կրպէեանի անցած ուղին, իր համոզմունքը, իր կեանքով լի իւրաքանչիւր օրը վառ ապացոյցն է: Շատ կարեւոր է, որ մենք յարգանքի տուրք կը  մատուցենք մեր հերոսներուն եւ վառ կը պահենք անոնց յիշատակը:

Նախորդը

«Ֆինիքս-2». «Արմէն Գրիգորեան Չկրցաւ Յաղթել Իր Չին Մրցակիցին

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ` Ի Յիշատակ ԼՕԽ-ի Հանգուցեալներուն

RelatedPosts

Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մեր Զաւակները Մեր Դպրոցներուն Մէջ Պէտք Է Գտնեն Ազգային Ուղիղ Ճամբան

Սեպտեմբեր 25, 2023
Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան Այցելեց «Ազդակ»

Սեպտեմբեր 21, 2023
Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան
Գաղութային

Այնճարի Հողը Նուիրական Է, Հետեւաբար Այս Սրբազան Ժառանգութիւնը Պէտք Է Պահենք, Յորդորեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Սեպտեմբեր 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In